Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնը Եւ «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի»-ն

Փետրուար 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հայ եկեղեցւոյ շարժական տօներու ծիրին մէջ այսօր, ինչպէս ամէն տարի, կը նշենք Աւարայրի ճակատամարտին հերոսապատումը, հայոց բանակի սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանի եւ անոր զինակից զօրականներուն նահատակութիւնը հայոց հայրենիքի եւ հաւատքի ազատութեան համար, եւ` լիցքաւորուած դարերու խորքէն եկող պատգամով, կը վերակենդանացնենք ազգովին վերստին հզօրանալու մեր վճռականութիւնը:

Վարդանանց ճակատամարտն ու սխրանքը պէտք չէ դիտարկել իբրեւ սոսկական դէպք մը Հայոց պատմութեան իրադարձութիւններու շղթային մէջ: Այդ ճակատամարտը մեզի` հայոց համար զինուորական պարտութիւն, բայց «բարոյական յաղթանակ» մը չէ: 451 թուականին տեղի ունեցած այս իրադարձութիւնը ընդամէնը մէկ օղակն է դէպքերու այն շղթային, որ դժբախտաբար սկսաւ 428 թուականին Արշակունեաց թագաւորութեան անկումով, անցաւ Վարդանանց սխրանքին ճամբան բացող Ատոմեան զօրավարներու նահատակութենէն եւ յանգեցաւ Նուարսակի դաշնագիրով հայութեան ապահոված զինուորական ու քաղաքական յաղթանակին, որ երաշխաւորեց Պարսկաստանին ենթակայ Հայոց աշխարհի բաժինին ինքնավարութիւնը եւ հայ ազգի խղճի ազատութիւնը: Վահանեանց յաղթանակը ձեռք ձգուեցաւ Վարդանանցէն ետք նախաձեռնուած երկար ու յամառ պայքարէն ետք: Անոր համար ալ Աւարայրի ճակատամարտին երբեք պէտք չէ մօտենալ «բարոյական յաղթանակ»-ի դիտանկիւնէն, այլ այն դիտանկիւնէն, որ այդ հերոսապատումին ստեղծած ոգին վառելանիւթ հանդիսացաւ հետագայ պայքարին եւ ձեռքբերումին համար:

Այսօր եւս անժամանցելի կը մնայ Վարդանանց պատգամը նորօրեայ սերունդներուն համար: Այդ պատգամը կը շարունակէ հայ մարդոց սրտերուն մէջ բոցավառ պահել հայրենասիրութեան եւ հաւատքի սրբազան հուրը: Եւ կը մղէ քաջ գիտակցելու, որ զինուորական պարտութիւնները ժամանակաւոր են, պէտք չէ երբեք յուսալքումի ենթարկուիլ, եւ որ ամէնէն կարեւորն է` երկարատեւ եւ յամառ պայքարի շնորհիւ մենք` իբրեւ ազգ եւ հայրենիք, կրնանք վերատիրանալ մեր խլուած իրաւունքներուն, ճիշդ ինչպէս Վահանեանք ըրին` իրենց մէջ Վարդաններուն ձգած հուրը բորբ պահելով: Հայկականացած քրիստոնէութեան իւրայատուկ մտածողութիւն մը կայ Վարդանանց հերոսապատումին մէջ. պարտութիւնը վերջնական չէ եւ անոր անպայման պիտի յաջորդէ սպասուած յաղթանակը, եթէ պատրաստ ըլլանք անոր: Ինչպէս որ մեռելներու յարութիւն կայ, եթէ հաւատացած ըլլանք ատոր…

Եթէ հաւատացած ըլլանք…Վարդանանք հաւատացած էին, հաւատացած էին քրիստոնէութեան իւրաքանչիւր սկզբունքի, հաւատացած էին հայրենիքի հողի սրբութեան, հաւատացած էին հայ ազգի ազատութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան, եւ անոնց համար Յազկերտի սպառնալիքները ոչ մէկ նշանակութիւն ունէին: Անոնք ըսին` այս հաւատքէն մեզ ոչինչ կրնայ շեղել: Հրամմէ՛, մենք պատրաստ ենք դիմադրելու: Այսօր սակայն մէկ Յազկերտ չկայ: Կան Հայաստանի եւ հայութեան դիմաց մարտահրաւէր կարդացող, սպառնալիքներ ուղղող մէկէ աւելի յազկերտներ: Վարդանանց պատգամն է այսօր մեզի, որ չընկրկինք: Ո՛չ Արցախի հայաթափումին, ո՛չ Հայաստանի դէմ ուղղուող ամէնօրեայ սպառնալիքներուն եւ ո՛չ ալ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ շարունակուող ուծացումին եւ ձուլման պատճառով: 21-րդ դարու միջոցները օգտագործելով հայը պէտք է կարենայ վերականգնել Վահանեանց յաղթական աւանդը:

Ներկայ անմխիթար պայմաններուն մէջ, երբ հայութիւնը եւ Հայոց աշխարհը կը գտնուին աշխարհաքաղաքական շատ բարդ կացութեան մէջ, կարեւոր է ձգտիլը ազգային հրաշքին, որ մեր պատմութեան մէջ մարմնաւորուած է Վարդանանց-Վահանեանց յաղթական վերջնարդիւնքով: Սփիւռքեան այս գաղութին մէջ` Լիբանանի հայ գաղութին մէջ, թերեւս ալ Միջին Արեւելքի պատմական հայկական բոլոր գաղութներուն մէջ հինէն ձեւաւորուած են աւանդութիւններ, որոնք յատուկ են Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւններուն: Այդ օր մարդիկ կը դադրեցնեն իրենց առօրեայ աշխատանքները, կը փակեն իրենց խանութները եւ հաստատութիւնները, ներկայ կը գտնուին եկեղեցական արարողութիւններուն, պաշտամունքներուն եւ հանդիսութիւններուն` հաղորդակից դառնալու համար դարերէն եկող պայքարի, հաւատքի եւ ազատութեան պատգամին: Այս տարի ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»: Իցի՛ւ թէ հայութիւնը, պահպանելով Վարդանանց տօնակատարութիւններուն առիթով ձեւաւորուած այդ աւանդութիւնները, դարձեալ ականջալուր ըլլայ ոգեշունչ կանչին:

Հայութիւնը այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կարիքը ունի ոգեշնչուելու հայրենասիրութեան եւ հաւատքի պահպանման Վարդանանց կամքով: Կարիքը ունի ազգային հրաշքին, որուն իրագործումը նաեւ կախեալ է հինէն մնացած աւանդութիւններու պահպանումէն եւ նոր օրերու ոգիով վերակենսաւորումէն:

 

Նախորդը

Վարդանանցով Արմատաւորուած Հայու Մարտնչող Ու Չյանձնուող Նկարագիրը Վերականգնելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Պարտութեան Մատնեց Իր Նախկին Խումբը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?