Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Աւարայրը` Զրա՞հ, Թէ՞ Խանդավառող Հեքիաթ (Վարդանանց – 451 Թ.)

Փետրուար 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Խորագիրը ոչ մէկ միտում կը պարփակէ,  նսեմացնելու Հայոց պատմութեան մէջ իր եզակի տեղը ունեցող դիպաշարի մը, որ թէեւ դարերու հնութիւն ունի, բայց եւ այնպէս ամրօրէն կառչած է ազգային մեր պարունակին, արժանապատուութեան, գիտակցութեան եւ հաւատամքին:

Զարմանալիօրէն, հայոց հաւաքական մտածողութիւնն ու յիշողութիւնը կրցած է պաշտպանել եւ նոյնիսկ արդարացնել ինքզինք, երբ հարցը առնչուած է Վարդան Մամիկոնեանին, անոր մղած հերոսամարտին եւ թէկուզ պարտութեան:

Յաճախ կը լսենք հաւաքական մեր զրոյցներու ընթացքին` Վարդանի քաջ թոռնիկները ըլլալու հանգամանքը, աւելի՛ն. ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ Աւարայրի հերոսամարտը բարոյական յաղթանակէ մը շատ աւելին է, որովհետեւ անիկա մղուած է յանուն կրօնքի, արժանապատուութեան, տեսակի եւ ինքնութեան:

Միւս կողմէ գոյութիւն ունեցած է ու տակաւին կը յամենայ մտայնութիւն մը, որ կը վերաբերի Վարդանանց պատերազմին, սապէս անոր հեքիաթային պատումին, թէ ան սովորական ճակատամարտի մը բնոյթ ունեցած է, իսկ զայն փառաբանողը հանդիսացած են հայ եկեղեցին ու ժամանակակից պատմիչներ ըստ ամենայնի:

Հարեւանցի կ՛արձանագրենք նաեւ այդ օրերուն հայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող պառակտումին` յանձին Վասակ Սիւնիի, որ հակամէտ է եղած հարցի, այսպէս ըսած, դիւանագիտական ու քաղաքական լուծումին եւ այլն:

Արդ, 1574 տարի առաջ էր, երբ հայոց այրուձին, հրամանատարութեամբ Վարդան Մամիկոնեանին, օրուան աւագանիին եւ հոգեւոր դասուն, վճռական որոշումի մը դէմ յանդիման կը գտնուէր`պատերազմիլ Սասանեան Պարսկաստանի դէմ, որ կ՛ուզէր ծունկի բերել հայութիւնը, գերեվարել, զրադաշտական կրօնքը պարտադրել եւ ձեւով մը սեփական ինքնութենէ պարպել հայութիւնը:

Հակառակ անոր որ Հայաստան 301-ին արդէն պետականօրէն ընդունած էր քրիստոնէութիւնը, իսկ աւելի ուշ` 406-ին, ունեցած սեփական այբուբենը, որոնք մղիչ ուժ հանդիսացած էին ստեղծելու հայոց Ոսկեդարը, այդուհանդերձ, թշնամի ուժեր` Պարսկաստան եւ Բիւզանդիոն, յաջողած էին հայոց աշխարհը 387-ին երկուքի բաժնել ու մեծապետական նկրտումներ հետապնդել:

Մէկ կողմէ Բիւզանդական կայսրութեան ճնշումները եւ միւս կողմէ` պարսիկ արքայազուն` Յազկերտ Բ.-ի քաղաքական եւ կրօնական սադրանքները, աքցանի մէջ առած էին հայութիւնը, որ կը դիմագրաւէր դժուարին կացութիւն եւ մարտահրաւէր:

Փաստօրէն, յազկերտեան որոգայթ մըն էր` Տիզպոն հրաւիրել հայոց աւագանին եւ ուղղակի ճնշում բանեցնելով` բարոյազրկել հայութիւնը, պարտադրելով հաւատքի ուրացում եւ զրադաշտական կրօնի ընդունում:

Ճիշդ է, որ հայոց աւագանին առերես ընդունած էր կրօնափոխութիւնը, սակայն Հայաստան վերադարձով`անոնք դրժած էին յազկերտեան սադրանքը եւ հայութիւնը մղած պատրաստուելու ճակատամարտի:

Հարիւրաւոր պարսիկ մոգերու Հայաստան մուտքը կը միտէր զրադաշտական կրօնի տարածումն ու մեհեաններու կառուցումը: Հայութիւնը Անգղ գիւղին մէջ կը զգետնէր զանոնք` ազդանշանը տալով պատերազմի պատրաստութեան:

Ի դէպ, Արտաշատի մէջ գումարուած ժողովը, որ տեղի ունեցած էր Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ, արդէն մերժած էր կրօնափոխութիւնը:

Վասակ Սիւնիին դիւանագիտական փորձերը ի դերեւ ելած էին` խուսափելու պատերազմէ եւ ան անցած էր թշնամիին կողմը:

Պարսկական բանակը` Մուշկան Նիւսալաւուրտ զօրավարին գլխաւորութեամբ, կը շարժի դէպի Հայաստան: Վասպուրական աշխարհի Հեր եւ Զարեւանդ գաւառին մօտ, Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ, 451-ին տեղի կ՛ունենայ ուժեղ ճակատամարտը: Պարսկական հզօր բանակին դէմ կ՛ելլէ հայոց բանակը, որ առաջին ուժգին հարուածը տալէ ետք իր դէմ կը գտնէ առաւել զրահաւորուած պարսկական գունդեր: Բուռն ճակատամարտի ընթացքին կը նահատակուին զօրավար Վարդան Մամիկոնեան ու 1036 քաջեր: Հայոց այրուձին ցոյց տուած էր անասելի քաջութիւն:

Ճակատամարտի աւարտով` ձեւով մը կը տրուէր նոր փուլի ազդանշան մը, երբ հայութիւնը` շնորհիւ Վահանեանց հրոսակային մարտերուն, կը յաջողէր ձեռք ձգել Նուարսակի դաշնագիրը 484-ին` թշնամի Պարսկաստանին պարտադրելով նորովի քաղաքական պայմաններ: Յայտնապէս կը վերանային հայութիւնը բնաջնջելու կամ կրօնափոխ դարձնելու սպառնալիքները եւ Հայաստան կը ստանար որոշակի ազատութիւն` կրօնաբարոյական եւ ինքնակառավարման առումով:

Այդուհանդերձ, յաճախ կը տարուինք մենք մեզի հարցադրելու, թէ ինչո՞ւ դարեր շարունակ հայութիւնը յիշատակած է Վարդանանց պատերազմը` բարձր պահելով Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր զինակիցներուն նահատակութիւնը:

Միթէ հայութիւնը հազարամեայ իր պատմութեան ընթացքին տարբեր տիպի ճակատամարտեր չէ՞ մղած, յաղթած կամ պարտուած:

Աւելի՛ն. այս պարագային, նկատելին կը մնայ այն, որ տարբեր սերունդի աւագ թէ կրտսեր սերունդի ներկայացուցիչներ` գեղանկարիչ, քանդակագործ, պատմաբան ու մտաւորականութիւն, միշտ ալ բարձր տրամադրութեամբ եւ յանձնառութեամբ անդրադարձած են Վարդանանց պատերազմին, անոր մէջ տեսնելով հաւաքական մեր կամքին ուժականութիւնը` ընդդիմանալու թշնամիին եւ, ի հարկին պատերազմ մղելու բոլոր անոնց դէմ,  որոնք ուզած են, կ՛ուզեն, հայ ժողովուրդի բնաջնջումը:

Ջնջել հայութենէն ազգային արժանապատուութիւնն ու ինքնուրոյնութիւնը, միասնականութիւնն ու պայքարելու ոգին, գաղափարայնութիւնն ու մանաւանդ` դիմադրելու հաւատամքը, արդէն ոչինչ մնացած կ՛ըլլայ հայուն առանձնայատկութենէն:

Այս օրերուն փորձ կը կատարուի հայութեան պարունակէն վերացնել վերոնշեալ ազգային արժէքները ու հարուած հասցնել հաւաքական յիշողութեան:

Այս առումով եւ անտարակոյս, Աւարայրի ճակատամարտը հոգեմտային զրահ է, աւելի՛ն. ան գոյութենական պայքարի ու մարտունակութեան հրեղէն ապացոյց է, որով պէտք է սնուցել ներկայ ու ապագայ սերունդներ:

 

 

Նախորդը

Վասակեան «Իրապաշտութի՞ւն» Թէ՞ Վարդանեան «Գաղափարապաշտութիւն» (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

Յաջորդը

Վարդանանցով Արմատաւորուած Հայու Մարտնչող Ու Չյանձնուող Նկարագիրը Վերականգնելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?