Ստամոքսի Խոց Peptic Ulcer
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ստամոքսի խոց (ulcer) ըսելով` կը հասկնանք ստամոքսի կամ տասներկումատնեայ աղիքի (duodenum) մակերեսի քերթուածութիւնը, որ կը յառաջանայ ընդհանրապէս Helicobacter Pylori (HP) մանրէի ախտահարումով: Կրնան ըլլալ մէկ կամ մէկէ աւելի խոցեր, որոնք սկզբնաւորութեան կը յայտնուին որպէս մակերեսային վէրքեր, իսկ չդարմանուած խոցերը կրնան խորանալ եւ ընդգրկել ստամոքսի մկանային եւ ենթամկանային խաւերը: Այս խոցերը կրնան յառաջանալ նաեւ որոշ դեղերու գործածութեամբ, օրինակ`...


















