Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշեր Զարեհ Որբունիի Հետ

March 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

«Ազդակ»-ի 24 փետրուարի թիւին մէջ հաճոյքով կարդացի Լեւոն Շառոյեանի «Ո՛վ կը յիշէ կամ կը կարդայ Զարեհ Որբունին» գրութիւնը եւ յիշեցի Որբունիին հետ ունեցած հանդիպումներս Փարիզի մէջ, ուսանողական տարիներուս, 1956-1966:

Զարեհ Որբունիին ծանօթացեր էի Բիւզանդ Թոփալեանին մօտ: Նոյնպէս ծանօթացեր էի Ճիզմեճեանին, Հրանդ Բալուեանին, Ա. Գմբէթեանին եւ այլոց:

Զարեհ Որբունի շատ պարզ ու ընկերական էր. երբ իմացաւ հայ գրականութեան նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութեանս մասին, հասցէս առնելէ ետք ղրկեց իր մէկ գիրքը` «Վարձու սենեակը», մակագրուած: Գրած էր նաեւ հետեւեալ կարճ բացիկը. «Սիրելի՛ Թորոսեան, կարդալէ ետք գիրքը, կը խնդրեմ տպաւորութիւնդ գրես ինծի»:

Կարդալէ ետք` տպաւորութիւններս, սկսայ գրի առնել: Սակայն գրութիւնս աւարտելէ առաջ բախտը ունեցայ զինք տեսնելու ու բոլորովին պատահականօրէն, մեթրօ Սեն Ժերմեն տէ Փրէի մօտ: Հին ծանօթներու պէս շրջեցանք Պուլվար Սեն Ժերմէնի շրջանին մէջ` խօսելով զանազան գրական եւ այլ նիւթերու շուրջ:

– Կարդացի՞ր, Թորոսեան, գիրքս:

– Անշո՛ւշտ,- պատասխանեցի ու առանց սպասելու, որ հարցնէր կրած տպաւորութեանս մասին, ըսի,- չեմ խօսիր վէպին լեզուական եւ այլ արժէքներու մասին, քանի մեծ հաճոյքով եւ գրեթէ մէկ շունչով աւարտեցի ընթերցումը: Միակ նկատողութիւնս այն է, որ վէպին առաջին մասը շատ սահուն ընթացք ունէր, բաղդատած երկրորդ մասին, որ կը թուէր նուազ համոզիչ.

– Ապրի՛ս, Թորոսեա՛ն,- բացագանչեց Որբունի,- երկրորդ մասը ինծի ալ նոյն գոհունակութիւնը չէր տուած, որքան` առաջին մասը:

Շատ կուռ եւ տպաւորիչ պատմուածք մը, աւելի ճիշդ` յուշագրութեան նմանող գրութիւն մը կարդացեր էի «Անդաստան»-ի մէջ, որուն մասին խօսեր էի իրեն մեր ծանօթացման օրը, եւ ինք նոյնպէս շատ տպաւորուած էր այդ գրութեան նիւթով, որ հետեւեալն է, գերմանացիք, արդէն սպառած ու պարտութեան նախօրեակին, կը սկսին զինուորագրել պատանիներ` 15-18 տարեկան, որոնք լեցուած հայրենասիրական զգացումներով` կը հետեւին զինավարժութիւններու չտեսնուած խանդավառութեամբ ու արժանապատուութեամբ: Որբունի այնպիսի՛ զգայացունց ձեւով ներկայացուցած է այդ պատանիներուն հոգեբանութիւնը, այնպիսի՛ գրական մակարդակով մը, որ կարդացողը կը տարուի մտածելու թէ գրական գոհարի մը հետ գործ ունի:

Երբ կրկին յիշեցի գերման պատանիներուն նուիրուած իր գրութիւնը. ըսաւ.

– Մե՛ղք, որ մեր լեզուն սահմանափակ է. ըսել կ՛ուզեմ` հայերը միայն կրնան կարդալ: Ես նոյնքա՛ն յաջող ու խորունկ գրութիւններ ունիմ որքան Տոսթոյեւսկին, սակայն եկուր տես, որ հայերէն զատ ուրիշներ չեն կրնար կարդալ…:

Երբ առինք (Rue tes reines) «Թագուհիներու փողոցը» արդէն ժամը 9:00-ը կը հնչէր եւ բոլոր խանութները փակ էին: Սրճարաններու առջեւ, թերասներու վրայ միայն կային բազմութիւններ:

Կեցանք գրավաճառի ցուցափեղկին առջեւ, ուր ցուցադրուած էին գիրքեր` զանազան հեղինակներէ: Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց Մարսել Փրուստին մէկ լուսանկարը իր գիրքերէն մէկուն կողքին. Որբունի յարեց.

– Տե՛ս, Թորոսեան, Դանիէլ Վարուժանն ալ լուսանկար մը ունի նոյնանման, սիւնի մը մօտ, գլուխը հակած, մատները կզակին: Այդ շրջանին շատ մը գրողներ նկարուած են այս դիրքով:

Զարեհ Որբունի կը բնակէր Պուլվար Սեն Ժերմեն տէ Փրէէն մեկնող նեղ փողոցներէն մէկուն վրայ: Իսկ ես ամէն օր կ՛իջնէի մեթրօ Սեն Ժերմեն տէ Փրէ Գեղարուեստից բարձրագոյն դպրոց երթալու համար, որ կը գտնուի Պոնափարթ փողոցի վրայ… գալով Սիթէ Իւնիվերսիթերէն:

Լաւ մարդ էր, լաւ գրող էր: Ինչպէս Լեւոն Շառոյեան կ՛ըսէ. «Շահնուրի բախտը չունեցաւ Զարեհ Որբունի», բայց յետ Ցեղասպանութեան ֆրանսահայ գրողներու լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մին է: Շնորհիւ Շառոյեանին` յիշեցի զինք քաղցրութեամբ…

Պուրճ Համուտ, 24/2/2015

Նախորդը

«Նեմեսիս Գործողութիւնը»` Հայերէնով

Յաջորդը

Աթոռի Վրայ Ամրացուած Խօսափող Չունի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.