Յօդուածներ

Նարնջագոյն Յեղափոխութիւնը` Լիբանանի Մարզադաշտերուն Մէջ

Նարնջագոյն Յեղափոխութիւնը` Լիբանանի Մարզադաշտերուն Մէջ

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ Վերջին երկու-երեք տարեշրջաններուն ՀՄԸՄ-ը իր ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի տղոց ներկայացուցչական խումբերով զարթօնք կ՛ապրի: Պասքեթպոլի պարագային, մօտ տասը տարի երկրորդ դասակարգի մէջ լուսարձակներէ հեռու մնալէ ետք, խումբը առաջին դասակարգ բարձրացաւ, իսկ ֆութպոլի պարագային 6 տարի երրորդ դասակարգի մէջ խաղալէ ետք,նախանցեալ տարի խումբը երկրորդ դասակարգ բարձրացաւ եւ այժմ երկրորդ դասակարգի պարագլուխի դիրքին համար կը պայքարի` առաջին դասակարգ բարձրանալու ձգտումով: Հարկաւ,...

«Իբրեւ Հայեր Մեզի Համար Առաջնահերթ Է Ազգային-Հայրենասիրական Երգը, Պարն Ու Տարազը»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռուբէն Սասունցի

«Իբրեւ Հայեր Մեզի Համար Առաջնահերթ Է Ազգային-Հայրենասիրական Երգը, Պարն Ու Տարազը» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Ռուբէն Սասունցի

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութեան քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Լիբանան ժամանած ազգագրական-հայրենասիրական երգերու մեկնաբան Ռուբէն Սասունցի երէկ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ իր երգարուեստի ասպարէզին: Ռուբէն Սասունցի յայտնեց, որ ինք ծնած ու մեծցած է սասունցիներուն նման, որովհետեւ իր հայրը եղած է Սասունէն, իսկ մայրը` Մուշէն: «Սասունցի ընտանիքի մը մէջ ծնող երեխան անպայման որ կը սիրէ ազգային-հայրենասիրական երգն...

Իրաւ Մեծերը Չենք Լսեր Եւ Կը Ճահճանանք

Իրաւ Մեծերը Չենք Լսեր Եւ Կը Ճահճանանք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Եւ երբ գրողներին կը հարցնենք, նրանք ձեզ կ’ասեն, որ իրենք գրականութեամբ չեն պարապում: Խօսքս գեղեցիկ գրականութեան վրայ է յատկապէս եւ ասում եմ, ու նրանք, հայոց բանաստեղծներն ու վիպասանները գրականութեամբ չեն պարապում, եւ պարապելիս էլ պարապում են ի միջի այլոց, պատահաբար: ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Երէկ բանաստեղծութեան գեղակազմ հատոր մը նուէր ստացայ: Հեղինակը ինք բերաւ: Ուրիշներ ալ պիտի ստանան, քանի որ...

Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Է  armeniangenocide100.org Կայքը

Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Է armeniangenocide100.org Կայքը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի որոշմամբ ստեղծուած armeniangenocide100.org կայքը արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ: «Փանորամա»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս օրերուն Թուրքիա գտնուող տեղեկատուական արհեստագիտութեան անվտանգութեան ոլորտի մասնագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան եւս հաստատած է Թուրքիոյ մէջ կայքին արգիլուած ըլլալը: Մասնագէտը փորձած է այնտեղէն մտնել կայք, սակայն` ապարդիւն: Աւելի՛ն. Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է նաեւ իր անձնական պլոկի հասանելիութիւնը:...

Եգիպտական Փաստաթուղթեր` Թուրքերու Կողմէ Հայերուն Դէմ Կատարուած Ջարդերուն Մասին

Եգիպտական Փաստաթուղթեր` Թուրքերու Կողմէ Հայերուն Դէմ Կատարուած Ջարդերուն Մասին

Եգիպտացի նշանաւոր  լրագրող Մոհամետ Լէյթի Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյց մը կատարած է Գահիրէի համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Մոհամետ Ռիֆաթի հետ: Ըստ «Հայերն այսօր»-ի, Ռիֆաթ կը բացայայտէ եգիպտական օրաթերթերուն մէջ տպագրուած եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրները, սկսած 19-րդ դարու վերջերէն, մինչեւ 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը: Ան կը նշէ, որ կան Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու կողմէ իրենց...

Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը` Նռան Հիւթով Յարձակումի Թիրախ

Ֆրանսայի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը` Նռան Հիւթով Յարձակումի Թիրախ

Փարիզի Տեքարթի անուան իրաւագիտական համալսարանին մէջ ցուցարար մը իւրայատուկ ոճով իր բողոքը յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլի դէմ` անոր ելոյթին ընթացքին դէպի ամպիոն վազելով եւ Հայաստանի խորհրդանիշը համարուող նռան հիւթ թափելով անոր վրայ: Աքիլ անմիջապէս յայտարարած է, որ հայերը նմանօրինակ յարձակումներ անցեալին եւս կատարած են: Ոստիկանութիւնը ցուցարարը ձերբակալելով` հեռացուցած է սրահէն: Արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ՀՅԴ «Նոր...

Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ Հազար Հայորդիներ Յիշատակի Քայլարշաւ Կատարեցին

Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ Հազար Հայորդիներ Յիշատակի Քայլարշաւ Կատարեցին

Շուրջ հազար հայորդիներ շաբաթ, 28 փետրուարին, մասնակցեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչական քայլարշաւին: Քաղաքի յայտնի Կոլտըն Կէյթ կամուրջին երկայնքով կատարուած քայլարշաւը կազմակերպուած էր «Վարդանի ասպետներ» կազմակերպութեան Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին կողմէ` համագործակցաբար գաղութին մէջ ապրիլեան ձեռնարկները համակարգող Հարիւրամեակի միացեալ մարմինին: «Սան Ֆրանսիսքօ Էքզամինըր» թերթը, անդրադառնալով քայլարշաւին, մէջբերած է մասնակիցներէն Ալեքս Պաստեանի հետեւեալ խօսքը. «Մենք այս երթը կը կատարենք ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան,...

ՀԵԴ-ի Ցոյցը «Սթէյփըլզ» Կեդրոնին Առջեւ

ՀԵԴ-ի Ցոյցը «Սթէյփըլզ» Կեդրոնին Առջեւ

Մարտ 1-ին աւելի քան 60 ցուցարարներ մասնակցած են ՀԵԴ-ի կազմակերպած ցոյցին` «Սթէյփըլզ» կեդրոնին առջեւ. ցոյցին նպատակն էր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը լուսարձակի տակ առնել: Անիկա մաս կը կազմէր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ՀԵԴ-ի նախաձեռնած հարիւրօրեայ ցոյցերու շարքին` «100 Days of Action»-ին: Հակառակ տեղացող անձրեւին, ցուցարարները գետին պառկած են` մահացած ձեւանալով, մինչ «Լէյքըրզ»-ի հազարաւոր համակիրներ «Սթէյփըլզ» կեդրոնէն դուրս կու գային: Անոնք հագած...

Քանատահայ Երիտասարդները Կռնակ Կը Դարձնեն Ուրացող Թրքամէտ  Դասախօսներուն

Քանատահայ Երիտասարդները Կռնակ Կը Դարձնեն Ուրացող Թրքամէտ Դասախօսներուն

Ուր­բաթ, 27 փետր­ուա­րին, ցու­ցադ­րա­կան, բայց լուռ բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­ցին Թո­րոն­թո­յի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ դա­սա­խօ­սե­լու հրա­ւիր­ուած, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը ու­րա­ցող դա­սա­խօս­ներ Թաս­թին Մը­քարթի­ին եւ Պրուս Ֆէյ­նին: Եր­կու ու­րա­ցող դա­սա­խօս­նե­րուն լսա­րա­նին մեծ մա­սը` 70-է աւե­լի երի­տա­սարդ­ներ, ոտ­քի ելան եւ իրենց կռնա­կը դար­ձու­ցին զոյգ խօ­սող­նե­րուն: Այս լուռ բո­ղո­քը կազ­մա­կեր­պող­ներն էին ՀՅԴ Քա­նա­տա­յի Հայ երի­տա­սար­դաց դաշ­նակ­ցու­թիւնը, ՀՅԴ Ար­մէն Գա­րօ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւնը եւ Հայ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւնը:...

Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող «Յարդէ Պուպրիկներ» Ժապաւէնը

Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող «Յարդէ Պուպրիկներ» Ժապաւէնը

Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Յարդէ պուպրիկներ» ժապաւէնը պատրաստ է. «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է ժապաւէնի հայազգի դերասան Մարքօ Խանլեան, որ Հոլիվուտի մէջ ծանօթ է Մարքօ Խան անունով: Ծագումով իտալացի ու յոյն բեմադրիչ Ճան Միլանոն յանձն առած է պատմել իր ընկերներու նախնիներուն պատմութիւնը: Երիտասարդ բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ իբրեւ ի՛րը կ՛ընդունի հայկական մշակոյթը: Երկու տարի տեւած ժապաւէնի...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ Հայրենի Ժողովրդական Նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահը Կը Հիւրընկալէ Հայրենի Ժողովրդական Նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանը

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը 12 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի, պիտի հիւրընկալէ հայրենի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանը: Գրիգորեան ծնած է 1941-ին, Լենինական: 1977-87 վարած է Հայաստանի նկարիչներու միութեան վարչութեան քարտուղարի պաշտօնը: 1982-ին ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչի տիտղոսը: Մինչեւ այսօր կը պաշտօնավարէ Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիայի մէջ: 2004-ին ստացած է փրոֆեսէօրի գիտական...

Հայ Օգնութեան Միութեան Հերթական Այցն Առաջնագիծ

Հայ Օգնութեան Միութեան Հերթական Այցն Առաջնագիծ

Գ. ԳԱԼՍՏԵԱՆ Հայրենեաց պաշտպանի օրուայ առիթով Հայ օգնութեան միութիւնը հերթական անգամ այցելել էր դիրքեր` շնորհաւորելու առաջին գծում մեր երկրի սահմանը պաշտպանող եւ մեր բոլորի անդորրն ապահովող խիզախ տղաներին: Կազմակերպութիւնը, որ հայ կանանց ու աղջիկների կառոյց է, լինելով մեր հասարակութեան մի մասնիկը` անտարբեր չէ եւ ոչ մի խնդրի հանդէպ, որ կայ մեր կեանքում` մեր հայրենիքի հետ կապուած կամ ընդհանրապէս: ՀՕՄ-ի կանայք...

Փեսայ Ճա՛ն

Փեսայ Ճա՛ն

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Արտասահմանէն մայր հայրենիք արձակուրդէն տուն վերադարձին, զարմիկներուն «Զուարթնոց» օդակայան ճամբու դրաւ ու կը պատրաստուէր տուն երթալ: Յուզուած էր, քանի որ ինք ծնած ու հասակ նետած էր Երեւանի մէջ եւ զարմիկներուն անձամբ ծանօթանալէն երկու շաբաթ ետք եկած էր ճամբու դնելու զանոնք: Այդ կարճ ժամանակամիջոցին այնքա՜ն մտերմացած էին իրարու հետ: Արցունքի քանի մը կաթիլներ տակաւին այտերուն վրայ էին, երբ գեղադէմ...

Յուշատետր.  Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (587).  Թռչուններու Մասին

Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (587). Թռչուններու Մասին

Ռ. Հ. Այո՛, բաւական պիտի զարմանանք, եթէ անդրադառնանք, որ մենք մեր լեզուին մէջ անհամար դարձուածքներ շինած ենք` օգտուելով անասուններէն: Բայց անասուններու անուններով շինուած այս դարձուածքներուն մեծ մասը անասունը կ՛ընդունի որպէս ժխտական արարած: Կեանքի մէջ ամենալայն չափով օգտուելով հանդերձ անասուններէն, անասունները ցած մակարդակի վրայ տեսնելու մեր այս տրամադրութիւնը անշուշտ ծնունդ կ՛առնէ մարդուն ինքնահաւանութենէն: Եթէ գործ ունինք մէկու մը հետ, որ տխմար,...

Նոր Հայու Տեսակ` Ֆէյսպուքահայ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կարծես տրամադրութիւն ըսուածը, սանկ, տեսակ մը «բան» մըն է, որ շատ բարակ թելէ մը կախուած կ՛ըլլայ, եւ որ անախորժ լուրով եւ կամ վիճաբանութիւնէ մը ծնունդ առած ցնցումով մը կրնայ շուտով փրթիլ ու իյնալ եւ պատճառ դառնալ, որ դուն ըլլաս անտրամադիր, մտահոգ, անխօս, լուռ եւ` շրջապատէդ կամաւոր ձեւով անջատուած: Ես ալ նման իրավիճակի մէջ էի այդ առաւօտ: Չեմ գիտեր`...

Բարի Լոյս 2.  Անբացատրելի Բացակայութիւններ

Բարի Լոյս 2. Անբացատրելի Բացակայութիւններ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Ուրբաթ, 27 փետրուարի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդութիւնը ի՞նչ կ՛ակնկալէ Ազգային միացեալ վարժարանէն» խորագիրով մտերմիկ զրոյց մը` կազմակերպութեամբ առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին: Կլոր սեղանի մասնակից երիտասարդուհիները իրենց ջամբած ուսման եւ ձեռք բերած փորձառութեան ընդմէջէն, սահմանեցին իրենց սպասելիքները եւ ակնկալութիւնները այս նոր կառուցուելիք կրթական հաստատութենէն` հիմնուելով ժամանակակից պահանջներուն եւ անհրաժեշտութիւններուն վրայ: Հետաքրքրական էր նաեւ այս...

Անդրադարձ.  Նեթանիահուի Ճառը

Անդրադարձ. Նեթանիահուի Ճառը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Կարելի չէ այպանել այն դիտողները, որոնք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին առջեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի արտասանած խօսքի ուղղակի սփռումին հետեւելու ընթացքին իւրաքանչիւր նախադասութենէ ետք քոնկրեսականներուն յոտնկայս ծափահարութիւնները տեսնելով պահ մը կարծեցին, որ խօսքը կ՛արտասանուի Քնեսեթին առջեւ: Անոնք վստահաբար անոր ետին կախուած ամերիկեան դրօշը տեսնելէն առաջ իսկ գիտակցեցան, որ այդ «թատերաբեմը» չի կրնար Քնեսեթը ըլլալ, որովհետեւ Նեթանիահուն, մանաւանդ ներկայ նախընտրական...

Եաշար Քեմալ Մահացաւ

Եաշար Քեմալի Մահուան Առթիւ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Եաշար Քեմալ Խոր ծերութեան մէջ իր մահկանացուն կնքած է Թուրքիոյ յետպատերազմեան արձակի վարպետը` Եաշար Քեմալ: Ազգութեամբ քիւրտ այս պատկառելի արձակագիրը իր ստեղծագործական քանքարը նուիրաբերեց թրքական ներքնաշխարհի բացայայտման գործին: Իր վէպերը կը խօսին հոգեբանական դաժան հակասութիւններու մէջ բռնուած այն պարզ մարդոց մասին, որոնք հալածուած են իրենց ճակատագիրէն եւ չարչարագին ճիգերով կը փնտռեն ելքը... Իր հերոսները ժառանգած են այն գիւղաշխարհը,...

«Կեանքիս Ամէնէն Երջանիկ Պահերէն Մէկը Կ՛ապրիմ» Յայտարարեց Ժագ Ս. Յակոբեան

«Կեանքիս Ամէնէն Երջանիկ Պահերէն Մէկը Կ՛ապրիմ» Յայտարարեց Ժագ Ս. Յակոբեան

Այսպէս վկայեց 98-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդական աւիւնով առլցուն ու մի՛շտ խանդավառ, սփիւռքահայ գրականութեան նահապետ, գրեթէ ամբողջ ութ տասնամեակ անդուլ ծառայած ու ստեղծագործած Ժագ Ս. Յակոբեան, երբ իրեն առիթ տրուեցաւ խօսք առնելու իր մեծարման առթիւ: Շաբաթ, փետրուար 7-ին, Համազգայինի թատերական երկրորդ փառատօնի կալայի գիշերը,«Շխոնց Միհրան»-ի ներկայացումէն առաջ, Կեդրոնական վարչութեան կողմէ, Համազգայինի բարձրագոյն պատուոյ շքանշանի տուչութիւն կատարուեցաւ հայ գրականութեան անդաստանէն ներս այնքան...

Կեռասն Ու Խնձորը Գիրութեան Դէմ

Կեռասն Ու Խնձորը Գիրութեան Դէմ

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ Ո՞վ ըսաւ, որ բոլոր աղանդերները պատճառ կը դառնան գիրութեան: Ան, ով որ այս հաստատումը կ՛ընէ, նկատի չէ առած կարմիր գոյնի պտուղի տեսակները, ի մասնաւորի` խնձորն ու կեռասը: Ըստ վերջին գիտական ուսումնասիրութիւններուն, խնձորն ու կեռասը ոչ միայն գիրութիւն չեն պատճառեր, այլեւ կը պաշտպանեն մարմինը գիրութենէն, կամ կը կանխեն գիրութիւնը, որ ծանօթ է «Ախտանշանային փոխարկութիւն» (Metabolic Syndrome) անունով: Օրական Մէկ...

Page 1086 of 1110 1 … 1,085 1,086 1,087 … 1,110

Արխիւներ