Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Մարտ 4, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Այբ»-ի Սաներուն Ֆութպոլ Խաղացող
Մարդամեքենաները` Աշխարհի Ողիմպիականին

0226ralph«Այբ» դպրոցի աշակերտներուն ստեղծած ֆութպոլ խաղացող մարդամեքենաները 2014 թուականին յաջողութեամբ ներկայացուած են Սոչիի մէջ կայացած մարդամեքենաներու աշխարհի ողիմպիականին:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են. «Մարդամեքենաներու աշխատանոցին մէջ ներկայացուած են այս եւ միւս` գիծին հետեւող եւ հրշէջ մարդամեքենաները, անօդաչու թռչող սարքերն ու ներկայ դրութեամբ «Այբ»-ի աշակերտներուն ուշադրութեան եւ աշխատանքին առանցքը հանդիսացող միւս նախագիծերը»:

«Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ոլորտներու արագ զարգացման դիմաց խոչընդոտ են անհրաժեշտ գիտելիքի, փորձառութեան եւ ենթակառուցուածքի բացակայութիւնը: Մարդամեքենայի կազմութեան ոլորտը, սակայն, կը գտնուի բուռն զարգացման այնպիսի շրջանի մէջ, երբ սիրողական խումբերը յաճախ կը հասնին աւելի հետաքրքրական արդիւնքներու, քան` փորձառու գիտական հաստատութիւնները», յայտնած է «Այբ» դպրոցի տնօրէն Արամ Փախչանեանը:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կարեւոր կը նկատէ երիտասարդներու ստեղծագործ ներուժի բացայայտումն ու անոր հետագայ զարգացումը: Մենք ներկայ ենք հոն, ուր կայ կարելիութիւն:  Հաճելի է տեսնել, որ մարդամեքենաներու շինութեամբ զբաղող երիտասարդներու ջանքերը յաջողութեամբ կը պսակուին», ընդգծած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Հայաստանի Մէջ Հաւատարմագրուած Դիւանագէտներուն
Կիները Այցելեցին Կոմիտասի Թանգարան-Հիմնարկ

0225gomidas2Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած քանի մը տասնեակ դեսպաններու կիներ` «Բարի գալուստ Հայաստան» միութեան նախաձեռնութեամբ, 24 փետրուարին այցելած են Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկ:

Անոնք խոստովանած են, որ Կոմիտասի միջոցով աւելի խոր կերպով բացայայտած են Հայաստանն ու հայ մշակոյթը: Անոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով կը լսէին Կոմիտասի կեանքին ու ստեղծագործութիւններուն մասին եւ շուրջ մէկ ժամ նորաբաց թանգարան-հիմնարկին մէջ շրջագայելէ ետք հաստատած են, որ ան համաշխարհային մեծութիւն է:

«Բարի գալուստ Հայաստան»-ի նախագահ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի կինը` Նատալիա Նալբանդեանն է, որ շեշտած է, թէ այսպիսով կ՛ուզէ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներու կիներուն ներկայացնել հայկական մշակոյթն ու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ պատմել Կոմիտասի մասին:

«Կոմիտասը համամարդկային, համաշխարհային մեծութիւն է: Այս այցելութեամբ կ՛ուզեմ, որ մեր դիւանագէտներուն կիները աւելի լաւատեղեակ ըլլան Կոմիտասի մասին», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Ն. Նալբանդեան:

Թանգարան այցելութենէն առաջ դիւանագէտներուն կիները ծաղիկներ զետեղած են Կոմիտասի շիրմին վրայ:

Հայաստանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Փէօթր Միքիսքան որոշած է ընկերակցիլ կնոջ: Ան նշած է, որ հետաքրքրական է այն իրողութիւնը, որ պէտք է աւելի մօտէն հաղորդակցիլ Հայաստանի մշակութային մեծագոյն անձնաւորութիւններէն մէկուն կեանքին ու ստեղծագործութիւններուն հետ: «Իւրաքանչիւր դիւանագէտ, որ առաջին անգամ կու գայ Հայաստան, պէտք է այցելէ Կոմիտասի թանգարան: Այդպիսով ան շատ բան կը գիտնայ ո՛չ միայն Կոմիտասի, այլ` նաեւ Հայաստանի, հայ արուեստի մասին: Ուրախ եմ, որ այսօր թանգարան այցելեց նաեւ որդիս: Ան յօրինող է, անոր համար հետաքրքրական է այստեղ ներկայացուած իւրաքանչիւր ցուցանմուշ», յայտնած է դեսպանը:

Մասնագիտութեամբ երաժիշտ Ելենա Քուխտան խոստովանած է, որ հիացած եւ տպաւորուած է: Ան յատկապէս հաւնած է Կոմիտասի դաշնակն ու գորգը: «Կը հպարտանամ հայ ազգով: Ստեղծած են հիանալի թանգարան: Կոմիտասը արժանի էր ասոր: Կոմիտասը գրած է հիանալի երաժշտութիւն` ներկայացելով հայկական ազգային մշակոյթը: Տպաւորուած եմ ամէն ինչով: Ամէն ինչ հիանալի է»:

Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանի խորհրդական Լօ Շիսիւանի համաձայն,  թանգարան այցելութեամբ այդ օրը իրեն համար եզակի դարձած է: «Շատ տեղեկութիւններ ունեցայ Կոմիտասի կեանքին, ստեղծագործական գործունէութեան մասին: Ան մեծ անհատականութիւն է, հայ ազգի հպարտութիւնը, ոսկին: Գիտցայ անոր կեանքին առնչուող պատմութիւններ: Ինչպէ՜ս ան սիրած է իր հայրենիքը, ինչպէ՜ս տառապած է իր հայրենիքին համար», նշած է ան:

Նախաձեռնութեան աւարտին ներկաները ունկնդրած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները «Գեղարդ» երգչախումբին կատարողութեամբ: Նատալիա Նալբանդեան բարձրաստիճան հիւրերուն նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկ պատկերող կրծքանշանը:

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը Քննարկած Է Ապրիլին
Նախատեսուած Սրբադասման Արարողութեան Առնչուած Հարցեր

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, 24-26 փետրուարին գումարուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով ժողով:

Ժողովը սկսած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքով:

Նիստերուն ատենապետներն էին Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ  Արամ արք. Աթէշեանը, Միացեալ Նահանգներու  Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք.Պարսամեանը, Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեանը:

Ժողովին ընթացքին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամները անդրադարձած են 22-24 ապրիլին Էջմիածինի մէջ կազմակերպուելիք սրբադասման արարողութեան եւ ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն: Քննարկուած են 22 ապրիլի հսկումի արարողութեան, 23 ապրիլի Ս. պատարագի եւ սրբադասման արարողութեան առնչուած կազմակերպչական հարցեր, տեղեկութիւն փոխանցուած է սրբապատկերի եւ մասնատուփի պատրաստութեան, շարականի կանոնի բազմաձայնման գործընթացին մասին:

Ժողովին փոխանցուած է, որ Մայր Աթոռի հրաւէրին ընդառաջելով, 22-24 ապրիլի արարողութիւններուն պիտի մասնակցին 38 եկեղեցիներու, միջեկեղեցական եւ էքիւմենիք կառոյցներու միջկրօնական կազմակերպութիւններու շուրջ 70 ներկայացուցիչներ, որոնց կարգին` դաւանակից չորս եկեղեցիներու եւ երեք ուղղափառ եկեղեցիներու պետեր, էքիւմենիք կառոյցներու ութ նախագահներ եւ գլխաւոր քարտուղարներ, ուղղափառ, կաթողիկէ, անկլիքան եւ աւետարանական եկեղեցիներու պատուիրակութիւններ, եկեղեցականներ` Ռուանտայէն եւ Տարֆուրէն: Արարողութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ ներկայացուցիչներ աշխարհասփիւռ բոլոր հայոց թեմերէն:

Խաժակ արք.Պարսամեանն ու Յովակիմ եպս. Մանուկեանը զեկուցումներ ներկայացուցած են քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր կեդրոններուն մէջ եւ սփիւռքի հայաշատ գաղութներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած նախաձեռնութիւնները:

Արշակ եպս. Խաչատրեան ներկայացուցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի գործունէութեան 2014-ի հաշուետուութիւնը: Փոխանցուած է, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եկեղեցականներուն թիւը 737 է, որոնցմէ 56-ը` արքեպիսկոպոս եւ եպիսկոպոս, 43-ը` ծայրագոյն վարդապետ-վարդապետ, 50-ը` աբեղայ, 446-ը` քահանայ, 142-ը` սարկաւագ:

Մայր Աթոռի կառոյցներուն մէջ աշխատած է 982 անձ: 2014-ին Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններուն մէջ ընդհանուր թիւով ուսանած է 230 սան:

Վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ,  2014-ի յունուարին հիմնադրուած Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութեան կեդրոնը իր կարելի բոլոր միջոցներով աջակցած է ազգաբնակչութեան առաւել կարիքաւոր խումբերուն: Դրամական աջակցութիւն ցուցաբերուած է 25,000 հոգիի:

Հայաստանի եւ սփիւռքի թեմերուն մէջ 2014-ին օծուած է 18 նոր եկեղեցի, կառուցման եւ վերանորոգման ընթացքի մէջ են 98 եկեղեցիներ: Թեմերուն մէջ գործած են 896 ծուխ եւ 241 կիրակնօրեայ դպրոց:

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Խորհրդանիշ`
Խաչի Բացման Հանդիսութիւն

artik-0145Շիրակի մարզի Արթիկի շրջանի Սպենդարեան գիւղի սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ խաչի բացման հանդիսութիւնը` հովանաւորութեամբ Արթիկի թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանի, որ կատարեց խաչին օծումը: Ներկայ էին խաչի նուիրատու, նոյն գիւղի զաւակ` Ակսէլ Ստեփանեան եւ գիւղի ամբողջ ժողովուրդը:

Գեղարուեստական բաժնի իրենց մասնակցութիւնը բերին գիւղի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները ազգային եւ հայրենաշունչ երգերով եւ արտասանութիւններով, պատմութեան ուսուցիչի` Արմէն Սարգսեանի ղեկավարութեամբ:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները երկինքէն կը բարեխօսեն մեզի համար: Այսօր զիրենք յիշելով եւ փառաբանելով զօրութիւն կը ստանանք, որպէսզի աւելիով հզօր եւ պահանջատէր դառնանք:

 Կ՛ակնկալուի Միացեալ Նահանգներու Բարձր Մակարդակի Մասնակցութիւն 100-Ամեակի Նախաձեռնութիւններուն

0227hranoushՀայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան տեսակցութիւն ունեցած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հետ:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ ներկայիս բարձր մակարդակի վրայ գտնուող հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները անոր պաշտօնավարման ժամանակ աւելի պիտի զարգանան:

Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ հայ-ամերիկեան տնտեսական կապերու աշխուժացումը, ողջունած է դեսպան Միլզի որդեգրած` Հայաստանի մէջ ամերիկեան ներդրումները խրախուսելու քաղաքականութիւնը: Այս պարունակին մէջ երկուստեք ընդգծուած է ամերիկահայ գաղութին դերը հայ-ամերիկեան առեւտրատնտեսական կապերու աշխուժացման իմաստով:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` դեսպան Ռիչըրտ Միլզ կարեւոր նկատած է տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ համագործակցութեան ամրապնդումը:

Դեսպանին խնդրանքով նախարարը հանգամանօրէն ներկայացուցած է գերատեսչութեան գործունէութիւնը, գործառոյթները, տարեկան ծրագիրները, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման միտումները, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի հրապարակած Համահայկական հռչակագիրի քաղաքական, ազգային, բարոյական տուեալները:

Նախարարը շեշտած է, որ կ՛ակնկալուի Միացեալ Նահանգներէն բարձր մակարդակի պատուիրակութեան ժամանումը` «Մարդկութիւնն ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային ֆորումին մասնակցելու եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առանցքային նախաձեռնութիւններուն ներկայ ըլլալու համար:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայերու, իրաքահայերու, ուքրանահայերու հիմնախնդիրներու լուծման նպատակով Հայաստանի իշխանութիւններուն իրականացուցած ծրագիրները: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուած է կրթական, առողջապահական, գործարարութեան ոլորտներուն մէջ Հայաստանի կատարած փոփոխութիւններուն, ինչպէս նաեւ` աշխատանքով եւ կացարաններով ապահովման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն:

Պիտի Փոխհատուցուի Սուրիահայերուն Տրամադրուած
Հայաստանի Անձնագիրներու Պետական Տուրքը

Հայաստանի կառավարութիւնը սուրիահայերուն տրամադրուած Հայաստանի անձնագիրներու պետական տուրքը փոխհատուցելու նպատակով պիտի յատկացնէ 16 միլիոն 465 հազար դրամ: Այս առնչութեամբ նախագիծը ընդգրկուած է Հայաստանի կառավարութեան 26 փետրուարի նիստի օրակարգին մէջ:

2014-ի 4-րդ եռամսեակին սուրիահայերուն տրամադրուած է Հայաստանի 277 անձնագիր, սակայն պետական տուրք չէ գանձուած: Այդ անձնագիրները տրամադրուած են Սուրիոյ (209 գործ) եւ Լիբանանի մէջ (68 գործ) գտնուող Հայաստանի դեսպանատուներուն մէջ:

«Հայաստանի կառավարութիւնն ամէն կերպ փորձում է աջակցել ազգութեամբ հայ այն օտարերկրեայ քաղաքացիներին եւ Հայաստանի քաղաքացիներին, որոնց մշտական բնակութեան օտարերկրեայ պետութիւնում ստեղծուել է այնպիսի արտակարգ իրավիճակ, որը սպառնում է քաղաքացիների կեանքին կամ առողջութեանը», նշուած է նախագիծի հիմնաւորման մէջ:

«Հայաստան Կը Գտնուին 12 Հազարէ Աւելի Սուրիահայեր».
Հրանուշ Յակոբեան

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր ղեկավարած նախարարութեան 2014-ի արդիւնքները ներկայացնելու ընթացքին հաստատած է, որ Հայաստանի մէջ կան աւելի քան 12 հազար սուրիահայեր, որոնք կը ստանան անհրաժեշտ օժանդակութիւն` կացարանի, կրթութեան, առողջապահական եւ այլ հարցերու վերաբերող:

Կառավարութեան աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Հրանուշ Յակոբեան փոխանցած է, որ այժմ աշխատանքներ տարուած են նաեւ Ուքրանիոյ տարածաշրջաններէն եւ Իրաքէն սփիւռքահայերու հայրենիք վերադարձը կազմակերպելու եւ անոնց ընկերային տարբեր ծրագիրներու մէջ ներգրաւելու ուղղութեամբ:

Սփիւռքի նախարարը նաեւ նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակիի առնչութեամբ աշխարհի 50-է աւելի երկիրներու մէջ գործող 61 յանձնախումբերը պիտի շարունակեն միջազգային մակարդակի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման ուղղուած համակողմանի աշխատանքները` կազմակերպելով տարբեր համաժողովներ, կլոր-սեղան քննարկումներ, տեղւոյն հասարակական, քաղաքական շրջանակներու հետ հանդիպումներ, յիշատակի արարողութիւններ եւ այլն:

Վարչապետը բարձր գնահատած է նախարարութեան դերը հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման իմաստով` շեշտելով, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հայապահպանման վերաբերող աշխատանքները:

 

 

Իրաքէն Երեւան Առաջին Թռիչքով Եկած Է
Իրաքի Փոխադրամիջոցներու Նախարարը

 

0228iraqՓետրուար 27-ին տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան ընդունած է Իրաքի փոխադրամիջոցներու նախարար Պաքիր Ժապըր Զուրայիտիին գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Կարէն Ճշմարիտեան շնորհաւորած է հիւրերը «Իրաքեան օդուղիներ»-ուն Հայաստան կատարած առաջին թռիչքին առիթով եւ համոզում յայտնած է այն մասին, որ օդանաւորդութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան յաջող փորձը հիմք պիտի հանդիսանայ երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան:

Պաքիր Ժապըր Զուրայիտի շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու գործարար համայնքներու ներկայացուցիչներու հանդիպումը` առեւտրաշրջանառութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Այդ պարունակին մէջ նախարար Կարէն Ճշմարիտեան իրաքցի գործարարները հրաւիրած է Հայաստան` 26-28 ապրիլին Երեւանի մէջ կայանալիք «Արտադրուած է Հայաստանում Էքսպօ 2015» («Made in Armenia Expo 2015») ցուցահանդէսին մասնակցելու, տեղւոյն վրայ գործարար կապեր հաստատելու եւ հետագային միասին աշխատելու նպատակով: Ան նաեւ մանրամասնօրէն ներկայացուցած է Հայաստանի գործարար միջավայրը եւ արտածման տեսանկիւնէ նպաստաւոր ուղղութիւնները:

Հանդիպման աւարտին համաձայնութիւն կնքուած է Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանին միջոցով Իրաքի գործարար համայնքին փոխանցելու Հայաստանի ներդրումային փաթեթը եւ այլ անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն` ներդրումային եւ գործարար միջավայրերու վերաբերեալ:

 

ԶԵԴ-ի Հակաճգնաժամային Հիմադրամը 150 Միլիոն Տոլար Պիտի Յատկացնէ Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիի Կառուցման

 

Զարգացման եւրասիական դրամատան Հակաճգնաժամային հիմնադրամը ներդրումային վարկ պիտի տրամադրէ Հայաստանին` 150 միլիոն տոլար յատկացնելով Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման համար: Այս մասին յայտնած է հիմնադրամի վարչութեան նախագահ Տմիթրի Փանքին` առցանց մամլոյ ասուլին ընթացքին, ըստ ԱՌԿԱ գործակալութեան:

Ըստ Փանքինի, վարկի տրամադրումը արդէն հաւանութեան արժանացած է եւ միջոցները շուտով պիտի փոխանցուին:

«Ատիկա լուրջ մայրուղի է մօտ 560 քմ. երկարութեամբ, որ պիտի անցնի ամբողջ Հայաստանի տարածքով` կապելով Իրանը, Հայաստանը, Վրաստանն ու Ռուսիան», յայտնած է Փանքին:

Ան նշած է, որ ասիկա վեց ներդրումային նախագիծերէն մէկն է, որ համաձայնութեան արժանացած է եւ կը պատրաստուի իրագործման Հակաճգնաժամային հիմնադրամին կողմէն:

Այժմ Հայաստանի հետ կը քննարկուին վերջնական համաձայնագիրի թեքնիք բաժինները, որմէ ետք փաստաթուղթը պիտի ներկայացուի վաւերացման: Կը նախատեսուի գումարը փոխանցել այս տարուան ընթացքին:

Այս կարեւոր ծրագիրի իրականացման համար համաձայնագիրներ կնքուած են Ասիական զարգացման եւ Եւրոպական ներդրումային դրամատուներուն հետ, որոնց համաձայն, ծրագիրի աւարտի թիրախային ժամկէտներ սահմանուած են համապատասխանաբար 2017 եւ 2019 թուականները: Ծրագիրի իրականացման համար Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան միջեւ 15 սեպտեմբեր 2009-ին կնքուած է համաձայնագիր, որով կը նախատեսուի 962 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում:

 

Համայնքային Կեդրոն Մուշակապատի Մէջ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ֆինանսաւորմամբ Մուշկապատ գիւղին մէջ (Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունիի շրջան) կը կառուցուի համայնքային կեդրոն: Ծրագիրը կը համաֆինանսաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:

«2010-ին մոխրացաւ այն շէնքը, ուր կը գործէին մեր գիւղապետարանը, բուժկէտն ու ակումբը, բայց, շնորհիւ մեր ֆրանսահայ բարեկամներուն, այսօր նոյն վայրին մէջ կառուցուած է գեղեցիկ շէնք մը, որ ամիսներ ետք կարելիութիւն պիտի տայ մեզի նոյն ատեն քանի մը խնդիր լուծել գիւղին մէջ», յայտնած է Մուշկապատ համայնքի ղեկավար Հրազդան Ասրիբաբայեանը:

Եռայարկ կեդրոնին մէջ պիտի գործեն` գիւղապետարանը, բուժկէտը, գրադարանը, հանդիսասրահը եւ համակարգչային սրահը, որոնք պիտի սպասարկեն գիւղի շուրջ 380 բնակիչներուն:  Ընթացքի մէջ են կեդրոնի դռներու, լուսամուտներու տեղադրման եւ ներքին յարդարման աշխատանքները: «Այս համալիր կառոյցները շատ լաւ կերպով կը լուծեն տարբեր հարցեր եւ կը սպասարկեն Արցախի փոքր գիւղական համայնքներուն», նշած  է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Հիմնադրամը ցարդ Արցախի մէջ կառուցած է ինը համայնքային կեդրոններ, տասներորդն ալ շուտով պիտի սկսի:

Նախորդը

Սասնոյ Քէօմեք Գիւղի Հայերը

Յաջորդը

Եռաբլուրի Մէջ Յարգուեցաւ Զօրավար Անդրանիկի Յիշատակը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 22, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 15, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 8, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In