Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսի Մէջ Ձեռնարկ` 1988-1990 Ազրպէյճանի Մէջ Տեղի Ունեցած Հայոց Ջարդերուն Նուիրուած

March 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_tser-13-3-15_tser-2Փետրուար 11-ին ամերիկահայ գործիչներ, ներառեալ` Պաքուի ջարդերէն վերապրողներ, մասնակցեցան Քոնկրեսի մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մը, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ եւ նուիրուած էր 1988-1990-ին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած հայոց ջարդերուն, ինչպէս նաեւ` Արցախի առջեւ ծառացած ընկերային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար ամերիկեան օժանդակութեանց ապահովման: Նոյն նպատակով Հայ դատի գործիչներ երկու օրերու ընթացքին շարք մը հանդիպումներ ունեցան քոնկրեսականներու հետ:

«Լեռնային Ղարաբաղ. Հակահայ ջարդերուն յաջորդած սերունդը, խաղաղութեան հաստատման մարտահրաւէրն ու ժողովրդավարութեան զարգացումը» խորագիրը կրող ձեռնարկին  ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Պաքուի սպանդէն վերապրած Աննա Աստուածատուրեան-թըրքոթ, որ անդրադարձաւ Պաքուի ջարդերուն ու հայ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի իրականացուցած ոճրագործութիւններուն: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ դոկտ. Ալինա Դուրեան, որ անդրադարձաւ Արցախին տրամադրուող ամերիկեան օգնութեան ու ԼՂՀ առողջապահութեան համակարգին վերաբերող շարք մը հարցերու: Կարճ ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ խումբ մը հայ վերապրողներ` Վիթալի Դադալեան, Ճուլիա Փափիեան եւ Մարաթ Խուտապախշիեւ:

Ապա խօսք առաւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ` քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն, որ դատապարտեց հայ բնակչութեան ջարդերը, ընդգծեց ԼՂՀ անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախին ամերիկեան օգնութեան շարունակական տրամադրման կարեւորութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

ձեռնարկին ներկայ էին Ուաշինկթընի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Հայաստանի դեսպանութեան դիւանագէտներ, Հայ դատի ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ Ամերիկայի հայ համայնքի անդամներ:

Ձեռնարկի աւարտին Աւետիսեան երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն` ընդգծելով այս յանցագործութեան դատապարտման անհրաժեշտութիւնն ու Արցախի զարգացման կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ ձեռնարկը իրականացած էր Արամեան ընտանիքին կատարած նուիրատուութեամբ` ի յիշատակ հանգուցեալ Մարթա Արամեանի:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութենէն Փրկուած Գիւտարար Հայորդիներ

Յաջորդը

«Շնորհաւոր Ըլլայ Մեր Հայրենիքը Հայերէ Մաքրագործելու Հարիւրամեակը»

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.