Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան 150-րդ տարեդարձին առիթով մեծ հայդուկապետին յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով 25 փետրուարին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն այցելեցին` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Երկրապահ կամաւորներու միութեան վարչութեան նախագահ Մանուէլ Գրիգորեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, բարձրաստիճան զինուորականներ, քաղաքացիական յատուկ ծառայողներ եւ այլ պաշտօնեաներ:
Ներկաները ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմին, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անհետ կորսուածներու յիշատակը յաւերժացնող եւ «Բերդապար» յուշակոթողներուն առջեւ:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր սպասաւորները Եռաբլուրի պանթէոնին մէջ կատարեցին հոգեհանգիստի կարգ` միասնաբար աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած` զօրավար Անդրանիկի եւ հայ ազգային ազատագրական պայքարի բոլոր նուիրեալ նահատակներու հոգիներու հանգստութեան համար: