ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Յետադարձ ակնարկով քաղաքական խնդրայարոյց պահերու արժեւորումը, առնուազն ըսած, սովորութիւն չէ հայ քաղաքական կեանքի մէջ: Դժբախտաբար, սեփական թէ հաւաքական թերութիւններ ու բացթողումներ սրբագրելու, հետեւաբար եւ զարգանալու ու յառաջդիմելու այս պարզ ձեւաչափը հեռու կը մնայ հայրենի քաղաքական դաշտէն, հիմնական այն պատճառով, որ սոյն գործընթացը յղի է պատասխանատւութիւններու բացայայտումով: Պատասխանատուութիւններ, որոնց բեռը կրելու յանձնառութեամբ չեն յատկանշուիր այդ դաշտի մշակները:
Հայաստանի վերջին նախագահական ընտրութիւնը հանդիսացաւ այդ խնդրայարոյց պահերէն մէկը, որ հակառակ իր վրայ շռայլօրէն հոսեցուցած մելանին` լուրջ գնահատման չարժանացաւ հայրենի քաղաքական կեանքով զբաղող ուժերուն կողմէ, եւ դարձեալ սահմանափակուեցաւ տղայական վիճաբանութեան ու ցեխարձակումի
սովորական ծիրերուն մէջ: Այնուամենայնիւ, մինչ հայաստանեան ներքաղաքական կեանքը, իրերայաջորդ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին, վերստին կը գտնուի ալեկոծ ջուրերու մէջ, տակաւին կ՛արժէ անդրադառնալ 2013-ի փորձառութեան, իր պարփակած դասական ու այլընտրանքային երեւոյթներով, եւ անսալ անոր ընձեռած խորհուրդներուն:
Արդարեւ, դասական երեւոյթներու բաժնով, վերջին նախագահական ընտրութիւնները իրարու դէմ կը հանէին իշխանական եւ ոչ իշխանական թեկնածուներ, որոնցմէ առաջինները անվարան իրենց ընտրամեքենային կը կցէին պետութեան ու սեփական-ստուերային ցանցերու բոլոր լծակները, իսկ վերջինները իրենց ընտրարշաւը կ՛ընձիւղէին իշխանութիւններու անհատնում թերութիւններու շեփորմամբ: Ըստ սովորականին, ընտրութիւններուն անմիջական հետեւանքը կ՛ըլլար պարտուած կամ «պարտուած» կողմի պոռթկումն ու հերքումը քուէարկութեան պաշտօնական արդիւնքներուն եւ անոր հետեւող բողոքի դրսեւորումը` ժողովրդային հերթական ցոյցերով ու հանրահաւաքներով:
Վաղածանօթ այս երեւոյթներու կողքին, որոշակի յատկութիւններով ուշագրաւ կը դառնար Րաֆֆի Յովհաննէսեանի գլխաւորած ընտրարշաւը`«Բարեւի յեղափոխութիւն»-ը, ինչպէս պիտի կոչուէր հետագային, որ հայաստանեան քաղաքական բեմահարթակը կը ծանօթացնէր նախագահ դառնալու յաւակնութիւն ունեցող անհատի մը այն տիպարին, որ խոտոր կը համեմատէր այլապէս հասարակութեան կողմէ ծանօթ «շեֆ»-երու մշակոյթին: Անոր խօսած լեզուն, հագած հագուստը, ճառագայթած համեստութիւնն ու մարդամօտութիւնը կ՛ուրուագծէին այնպիսի կերպար մը, որուն հանդէպ զգուշաւոր համակրութիւն մը օրըստօրէ աճ կ՛արձանագրէր: Միաժամանակ, օգտագործելով արդի հաղորդակցութեան միջոցներն ու ընտրարշաւի մէջ ներգրաւելով ժամանակակից հանրածանօթ արուեստագետները, Րաֆֆին կը հասնէր հայաստանաբնակ թէ սփիւռքահայ երիտասարդութեան լայն խաւի մը, որ թերեւս ամէն ժամանակէ աւելի ինքզինք առնչուած սկսած էր զգալ նախագահական ընտրութիւններու օրակարգին: Այդուհանդերձ, օրերու թաւալքին հետ ու հաճելի ճառախօսութիւններու մակերեսին ընդմէջէն, աստիճանաբար ի յայտ պիտի գար «Բարեւի յեղափոխութեան» քաղաքական ընդյատակեայ դատարկութիւնը, որ թէական յայտարարութիւններով, անիրականանալի խոստումներով, անհեռանկար միջոցառումներով ու մանաւանդ որոշ ու յստակ ծրագիրի բացակայութեամբ, ակներեւ կը դառնար բովանդակ հանրութեան, եւ շարժումը կ՛առաջնորդէր դէպի անխուսափելի շիջում:
Այսպէս, վերոնշեալ զոյգ առանցքներուն մէջ թաւալող նախագահական ընտրութիւնները ձախողեցան ընձիւղելու դրական նոր վիճակներ եւ եզրափակուեցան միեւնոյն իշխանութիւններու վերարտադրումով. այնուամենայնիւ, անոնք շրջանառութեան մէջ դրին կարգ մը հետեւութիւններ, որոնց ամրագրումը ներհայկական կեանքի յիշողութեան մէջ անհրաժեշտ է առաւել ձեռնհասութեամբ դիմակայելու համար քաղաքական յառաջիկայ մարտահրաւէրները:
Արդարեւ`
– Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններ անգամ մը եւս փաստեցին, որ սեփական ժողովրդին հանդէպ իրենց պատասխանատուութեան ու հաշուետուութեան զգացումը գրեթէ անգոյ է: Ուրեմն սոսկ ժողովրդային ցոյցերով ու բողոքի կանչերով անոնցմէ փոփոխութիւններու ակնկալութիւնը անիրապաշտ ձգտում է:
– Ընտրարշաւի ամբողջ ընթացքին, նախագահական բոլոր թեկնածուներու մօտ, լուրջ ու համապարփակ ծրագիրներու բացակայութիւնը եկաւ բացայայտելու տիրող քաղաքական-պետական մտածողութեան տհասութիւնը, որ հասարակ յայտարար է թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմութեան մօտ:
– Նկատելի դարձաւ հայաստանաբնակ երիտասարդութեան նոր խաւի մը աճը, որ իր վարք ու բարքով, յարաբերելու արժեհամակարգով աւելի հոգեհարազատ է Րաֆֆի Յովհաննէսեանի դրսեւորած տիպարին, քան` «շէֆ»-երու յատուկ պահուածքին:
– Պարզուեցաւ, որ միանձնեայ ղեկավարութեամբ կարելի չէ քաղաքական երկարաշունչ ու շրջահայեաց գործընթացներ ծաւալել:
– Վերահաստատուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ, առանց ներքին եւ արտաքին քաղաքական կլիմաներու պատշաճեցման, անհնար է դասական կարծրատիպեր ու համակարգեր յեղաշրջել:
Պարզ դիտարկումներու այս ցանկին վրայ քաղաքական ժամանակակից հանգրուանի ընդգրկուն գնահատականը պիտի գայ աւելցնելու խորազնին վերլուծումներու իր շահեկան բաժինը` անցեալի փորձառութիւնը վերածելով իմացական դրամագլուխի: Իմացական դրամագլուխ մը, որ անպայման շահարկուելու է աւելի բարենպաստ ներկայ մը կերտելու աշխատանքին մէջ: Այս գծով, մինչ բազմաթիւ օրակարգեր կը շարունակուին դիզուիլ ազգային ղեկավարութեան ընդառաջ, հարկ է գէթ քաղաքական գործունէութեան մէջ սովորութիւն դարձնել անոնցմէ իւրաքանչիւրին հետագայ արժեւորումն ու համապատասխան «դասերու» սերտողութիւնը: Այլապէս, անփոյթ ու պատեհապաշտ վերաբերման այսօրեան եղանակով, իրերայաջորդ հանգրուաններ կը դիմագրաւենք միեւնոյն սահմանափակ կարողականութեամբ եւ անոր հետեւող հերթական հիասթափութեամբ: