Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստամոքսի Խոց Peptic Ulcer

Մարտ 5, 2015
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ստամոքսի խոց (ulcer) ըսելով` կը հասկնանք ստամոքսի կամ տասներկումատնեայ աղիքի (duodenum) մակերեսի քերթուածութիւնը, որ կը յառաջանայ ընդհանրապէս Helicobacter Pylori (HP) մանրէի ախտահարումով: Կրնան ըլլալ մէկ կամ մէկէ աւելի խոցեր, որոնք սկզբնաւորութեան կը յայտնուին որպէս մակերեսային վէրքեր, իսկ չդարմանուած խոցերը կրնան խորանալ եւ ընդգրկել ստամոքսի մկանային եւ ենթամկանային խաւերը: Այս խոցերը կրնան յառաջանալ նաեւ որոշ դեղերու գործածութեամբ, օրինակ` ասփրօ, ասփիրին եւ կարգ մը ցաւաբեկ դեղեր: Ծխախոտը նկատուած է վտանգաւոր  ազդակ խոցերու յառաջացման մէջ, իսկ խոցերու յայտնաբերումէն ետք ծխախոտը  պատճառ կը դառնայ անոնց ուշ սպիացումին եւ նոր խոցերու յայտնուելուն: Ալքոլը եւ հոգեկան ծանր ճնշուածութիւնը դարձեալ վտանգաւոր ազդակներ են: Գէր անհատներ եւ անոնք, որոնք վիրաբուժական մեծ գործողութիւններու ենթարկուած են, ոսկրային մեծ կոտրուածքներ եւ արեան ճնշումի նուազում ունեցած են, աւելի հակամէտ կ՛ըլլան ունենալու ստամոքսի խոց: Ծինաբաններ հաստատած են, որ գոյութիւն ունի նաեւ ծինաբանական հակամէտութիւն:

Խոցերը կրնան ըլլալ պզտիկ կամ մեծ, այսինքն` քանի մը միլլիմեթրէն քանի մը սանթիմեթր: Անոնք կը պատահին որեւէ մէկ տարիքի, բայց առաւելաբար` միջին տարիքի անձերու:

Յառաջացած-զարգացած  երկիրներու բնակչութեան 30-40 տոկոսը կը տառապի այս հիւանդութենէն, իսկ զարգացող երկիրներու մէջ` 70 տոկոսը:

Ստամոքսի խոցի ախտանշաններու զօրութիւնը կախեալ է խոցի չափէն, վայրէն, խորութենէն եւ հիւանդին տարիքէն: Տարեցներ մեղմ ախտանշաններ կ՛ունենան:

Պարզ եւ մակերեսային խոցերը կը յայտնաբերուին հետեւեալ ախտանշաններով.

  1. Փորի այրուածքային եւ կրծող ցաւ, որ կեդրոնացած կ՛ըլլայ վերորովայնի շրջանը ((epigastrium): Անիկա կ՛ունենայ մնայուն կամ կրկնովի ընթացք:

Տասներկումատնեայ աղիքի խոցերու պարագային ցաւը կը մեղմանայ կամ  կ՛անհետանայ կերակուր ուտելով` հակառակ ստամոքսի խոցերուն, որոնց ցաւը փոփոխութիւն չի կրեր կերակուր ուտելով:

  1. Անօթութեան զգացում,
  2. Նողկանք, փսխունք եւ փքուածութիւն (bloating):

Տասներկումատնեայ աղիքի խոցի ցաւը կը սկսի կէսօրուան ժամերուն եւ կ՛անհետանայ ուտելէ ետք: Անիկա կը կրկնուի 2-3 ժամ ետք: Յաճախ հիւանդը քնացած միջոցին խոցի ցաւէն կ՛արթննայ: Իսկ ստամոքսի խոցի ցաւը կը պատահի անմիջապէս կերակուր ուտելէ ետք:

Ստամոքսի բոլոր տեսակի խոցերու ախտաճանաչումը կը կատարուի ստամոքսադիտումով (gastroscopy) եւ HP մանրէի փաստարկումով ստամոքսին մէջ:

Պարզ մակերեսային խոցի դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով.

  1. Յատուկ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ,
  2. Հակաթթու դեղերու գործածութեամբ` նուազեցնելու համար ստամոքսի թթուն
  3. Ծխախոտ եւ ոգելից խմիչքներ չգործածելով.

Պարզ եւ մակերեսային խոցերուն 95 տոկոսը կը դարմանուին վերջնականապէս վերոյիշեալ դարմանամիջոցներով:

Յառաջացած եւ մեծ խոցերը հասնելէ ետք ստամոքսի մկանային եւ ենթամկանային խաւերը կրնան պատճառ դառնալ հետեւեալ բարդութիւններիւներուն.

  1. Ստամոքսի ծակումին եւ արիւնահոսութեան: Հիւանդը կ՛ունենայ կարմիր արիւնախառն փսխունք (hematemesis) եւ երբեմն սրճագոյն-սեւ արիւնախառն կղկղանք (tarry stool): Արիւնահոսութեան պատճառով ան կ՛ունենայ նաեւ սակաւարիւնութիւն, մարմնական ընդհանուր տկարութիւն, գլխապտոյտ, յոգնածութիւն, նուաղում, առատ քրտինք, արեան ճնշումի նուազում:

Այս տեսակ խոցերու դարմանումը կը կատարուի վիրաբուժական վիրահատումով եւ վերը յիշուած միջոցառումներով:

  1. Ստամոքսի ծակումով եւ արիւնահոսութեամբ կրնայ յառաջանալ խոցի շրջապատին մէջ տեղայնական եւ կամ որովայնամէզային (peritoneum) արիւնակոյտ (hematoma), ինչպէս նաեւ որովայնամէզի բորբոքում (peritonitis ), որոնց ախտաճանաչումը կը կատարուի համակարգչային շերտագրական (CT Scan) եւ մագնիսարձագանգային նկարահանումներով (MRI): Որովայնամէզի բորբոքումով եւ արիւնակոյտով կը յառաջանան հետեւեալ ախտանշանները` որովայնային սուր ցաւ, բարձր ջերմ, արեան ճնշումի նուազում եւ մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանք (shock): Այս պարագային կը կատարուի շտապ վիրաբուժական գործողութիւն, առաւել` վերը յիշուած բոլոր դարմանամիջոցները:
  2. Ստամոքսի ելքի սպիացում (scarring) եւ մասնակի կամ ամբողջական խցում,որ կը յայտնուի հետեւեալ ախտանշաններով` ուտելէ ետք անմիջական մեծածաւալ փսխունք, փքուածութիւն, նողկանք, ախորժակի նուազում, մարմնական ընդհանուր տկարութիւն, ջրանուազում եւ կշիռքի կորուստ: Ամբողջական խցումի պարագային կը կատարուի վիրաբուժական գործողութիւն` բանալու համար ստամոքսի ելքը: Իսկ մասնակի խցումի պարագային կը կատարուի ստամոքսի պարունակութեան պարպումը քթաստամոքսային խողովակով մը եւ մասնակի խցումին դարմանումը` լայնացուցիչ խողովակներով կամ փուչիկներով:
  3. Ստամոքսի խլիրդի զարգացում:

HP-ով վարակուած անձը աւելի հակամէտ է ունենալու ստամոքսի խլիրդ, քան` առողջ անձ մը:

Հոս տեղին է յիշել, որ կաթը ոչ մէկ օգտակարութիւն ունի խոցի դարմանումին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնից Մինչեւ Աուշվից

Յաջորդը

Կեռասն Ու Խնձորը Գիրութեան Դէմ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 28, 2023
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 21, 2023
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Փետրուար 14, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In