Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Համեմատութիւններ` Մշակութային Ցեղասպանութիւններու

Մարտ 3, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_JughaԱշխարհը անզօր դիրքերէ դիտեց Մուսուլի մէջ միջագետքի հազարամեայ քաղաքակրթութեան հետքերը բնաջնջելու կրօնական ծայրայեղականութեան բարբարոսութիւնը: Բնականաբար, ինչպէս գազանային վայրագութիւններու ամէնէն վառ օրինակներու ցուցադրականութիւնը, այս բարբարոսութիւնը եւս պատահականօրէն չկատարուեցաւ տեսախցիկներու առջեւ: Նպատակը այդ բոլորին հրապարակայնացումն էր, օրը ցերեկով անարգել ոչնչացնել ու քանդելն էր ի ցոյց աշխարհին` թէ՛ համոզելու եւ թէ՛ տարհամոզելու բոլորը, որ կրօնական ծայրայեղականութեան զբաղեցուցած տարածքներէն պէտք է ջնջել կրօնի, մշակոյթի, քաղաքակրթութեան, արուեստի ու մշակոյթի ամէն հետք, որ ծայրայեղական արժեհամակարգին հետ կապ չունի: Այնպէս ինչպէս պէտք է ջարդել, տեղահանել եւ աւերել ամէն տեսակի ազգաբնակչութիւն, դաւանանք եւ կրօն, որ նոյն համակարգին հետ որեւէ աղերս չունի:

Քաղաքակրթութեան այս սպանդը հարուած է մարդկութեան պատմութեան մէկ կարեւոր ժամանակաշրջանի ձգած ժառանգութեան: Եւ իբրեւ համամարդկային արժէքներու հասցուած հարուած` այսօր համարժէք դատապարտանքի, նման գործողութիւններու շարունակութեան արգելակման հակազդեցութիւններու չ՛արժանանար:

Այլապէս համամարդկային արժէքներէ ճառող ուժերը վստահ կը գիտակցէին, երբ անպատիժ կը ձգէին եւ այդպիսով լուռ համաձայնութիւն կը յայտնէին նման տարրերու կողմէ խնդրոյ առարկայ տարածքներու գրաւման եւ վերահսկման: Կրօնական ծայրայեղականութեան այս գործիքը միեւնոյն պետութիւններուն կողմէ կ՛օգտագործուի ի գին համամարդկային արժէքներու փոշիացման, ի գին մարդկութեան պատմութեան կարեւոր ժամանակաշրջաններու ժառանգութեան ոչնչացման:

Քաղաքակրթական սպանդի  այս գործողութիւնը կրնայ յիշեցնել Աֆղանիստանի մէջ Թալեպան շարժումին կողմէ ձեռնարկուած պուտտայական հաւատքին վերաբերող արձաններու քանդումի արարքները: Միջազգային հանրութիւնը ցաւ ու ափսոսանք յայտնելէ բացի, հիմնական որեւէ քայլ չառաւ նման կործանարարութիւններու ուղղութեամբ, ինչ որ ենթադրել տուաւ նմանատիպ հետագայ աւերումներու անպատժելիութիւնն ու անոնց իրականացման անուղղակի քաջալերանքը:

Ոչ միայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի անզօրութեան, այլ նաեւ միջազգային տարբեր կառոյցներու կրաւորականութեան, եւ ատով իսկ համատարած ամենաթողութեան ընդհանուր իրավիճակին մէջ  կարելի է մտածել, որ նման գործողութիւնները պիտի շարունակուին անարգել:

Ոչ շատ հեռու անցեալին, ցեղասպան պետութիւնը Արեւմտահայաստանի տարածքին կ՛ականահարէր հայկական եկեղեցիներն ու կոթողները, գրաւուած տարածքներուն վրայէն ջնջելու համար հայկական հետքերը: Մշակութային շարունակուող ցեղասպանութեան դիմաց որեւէ արդիւնքի չյանգեցաւ կամ չուզեց յանգիլ միջազգային համապատասխան բաժանմունքը:

Թուրքիոյ պարագային, ինչպէս պայթեցումը, այնպէս ալ վերանորոգումը յստակօրէն կը կատարուին զուտ քաղաքական նպատակով: Այստեղ ո՛չ մշակութային ժառանգութիւն փրկելու խնդիր կայ, ո՛չ ալ ազգային փոքրամասնութեան մը իրաւունքները յարգած ըլլալու մղում: Ժխտումի քաղաքականութեան նորովի մարտավարութիւնը Անատոլուն կը նկատէ բոլորին հասարակաց բնօրրանը, ուր համագոյակցած են թուրքերուն հետ ազգային միւս փոքրամասնութիւնները եւ ուր ծաղկած է ընդհանուր մշակոյթը: Այս մօտեցումն է, որուն վրայ կառուցուած է այսօր մշակութային դիւանագիտութիւն բանաձեւով արտայայտուող քաղաքական տեսութիւնը, որ ժխտողականութեան նորագոյն մարտավարական հայեցակարգին մաս կը կազմէ:

Անգարան սակայն կը շարունակէ մշակութային ցեղասպանութիւնը կիրարկել այլոց ձեռքով: Հին Ջուղայի հայկական գերեզմաններու եւ կոթողներու քանդումի գործողութիւնը ըստ էութեան չի տարբերիր այսօրուան ծայրայեղականութեան հրամցուցած պատկերներէն: Հետքերու բնաջնջումի այս մղումը ի տարբերութիւն չէր նկարահանուած իրականացնողին կողմէ: Հայկական կողմն էր, որ հասցուցած էր նկարահանել բարբարոսութիւնը եւ հրապարակայնացնել զայն` արդար ակնկալութիւնը ունենալով միջազգային համապատասխան վերաբերումի:

Առանց մէկ առ մէկ նշելու տարածաշրջանի հայկական եկեղեցիներուն եւ կեդրոններուն կրած վնասները, կեդրոնանանք դարձեալ Տէր Զօրի յուշահամալիրի պայթեցման արարքին վրայ, վերստին համոզուելու պատուէրի առկայութեան, պատուիրատուի դիմագիծին ու ձեռագիրին եւ այլոց ձեռքով մշակութային ջարդարարութիւնը շարունակելու ակներեւ փաստին:

Արեւմտահայաստանի ականահարուած եկեղեցիներէն, անցնելով Նախիջեւանի գերեզմանաքարերու քանդումը, հասնելու համար Տէր Զօրի յուշահամալիրի պայթեցում, Անգարան նաեւ հատուցում ունի տալիք` շարունակականութիւն ունեցող մշակութային ցեղասպանութիւն իրականացուցած ըլլալու իր հանգամանքով:

Այս բաժինը եւս իր իւրայատուկ տեղը պիտի ունենայ 100-ամեակի առիթով պատրաստման ընթացքի մէջ եղող հատուցման իրաւական թղթածրարին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա Երկխօսութեան Է. Նիստ

RelatedPosts

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ  Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու  Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը  Ամրապնդելու Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Քուէյթ Մուտքը, Իսկ Քուէյթցիներուն Լիբանան Վերադարձը Դիւրացնելու Եւ Տարբեր Ոլորտներու Մէջ Համագործակցութիւնը Ամրապնդելու Համաձայնութիւն

Մայիս 13, 2025
Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի  Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել,  Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը  Զինադադարի Չհամաձայնի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոռնելիուս. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Սկսի Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Պատրաստել, Եթէ Մոսկուան Մինչեւ Օրուան Վերջը Զինադադարի Չհամաձայնի»

Մայիս 13, 2025
Խօսելով Լաւրովի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին`  Ռուպիօ. «Մեր Նպատակն Է Ստուգել, Թէ Ռուսիան  Ուքրանիոյ Պատերազմին Վերջ Տալուն Նկատմամբ Լուրջ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն. «Ռուպիոյի Առաջնահերթութիւնը Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Կռիւին Վերջ Տալն ու Հնդկաստանի Եւ Փաքիստանի Միջեւ Կայունութեան Ամրապնդումն Է»

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?