Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շնորհաւոր Ըլլայ Մեր Հայրենիքը Հայերէ Մաքրագործելու Հարիւրամեակը»

Մարտ 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-3-15_afich«Տեմոքրաթ Հապեր» լրատու կայքէջը արձագանգ կը հանդիսանայ վերջին օրերուն ընթացքին Գատըգիւղի մէջ եւ մեր Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մօտ ծայրայեղական գրգռիչներու կողմէ Խոճալուի դէպքերու պատրուակով կատարուած ցոյցերու, որոնց ընթացքին դարձեալ պարզուեցան հայերու դէմ ատելութիւն սերմանող վերտառութիւններ եւս: Նմանօրինակ ատելավառ վերտառութիւններ պարզուեցան նաեւ Մուղլայի, Մանիսայի եւ Օրտուի նման քաղաքներու մէջ: Դիտել կը տրուի, որ «Կենչ աթսըզլար» անուն կազմակերպութիւն մը պարզեց այնպիսի ատելավառ վերտառութիւններ, որոնք ապագային կրնան Թուրքիոյ դէմ գործածուիլ որպէս Հայոց ցեղասպանութեան փաստ: Այդ վերտառութիւններու մէջ կը կարդացուէին հետեւեալ չափազանց մտահոգիչ նախադասութիւնները: «Շնորհաւոր ըլլայ մեր հայրենիքը հայերէ մաքրագործելու 100-րդ տարեդարձը: Մենք հպարտ ենք մեր անմահանուն նախնիներով»: Այս վերտառութիւնները երկար ժամանակ մնացին իրենց կախուած տեղերը ու ժողովուրդը զարմացաւ, որ ժողովուրդը գրգռելու կոչուած այս վերտառութիւններու կապակցութեամբ պետական մարմիններ միջամտութիւն չըրին, զանոնք անմիջապէս վերցնելու ու զանոնք կախողները հարցաքննելու ուղղութեամբ: Դիտել տրուեցաւ նաեւ, որ Մուղլայի մէջ կախուած վերտառութիւնը անմիջապէս դիմացն էր երիտասարդական ու մարզական նահանգային տնօրէնութեան շէնքին:

Խոճալուի դէպքերու պատրուակով կազմակերպուած ցոյցերէն մէկն ալ Կալաթասարայի մէջ էր, ուր Հրանդ Տինքը սպաննող Օկիւն Սամասթի ի նպաստ լոզունգներ արձակուեցան: Մարդու իրաւունքներու միութիւնը լսելով, որ Գատըգիւղի մէջ հայերու ու քիւրտերու դէմ ցոյցեր պիտի կատարուին, Պոլսոյ կուսակալութեան դիմած էր, որպէսզի ապահովութեան միջոցներ ձեռք առնուին Գատըգիւղի մէջ, ուր խանութպաններն ալ կը հրաւիրուին մասնակցելու հայերու դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն: Կուսակցութիւնը պատասխանեց, որ նմանօրինակ ցոյցի համար արտօնութեան դիմում չէ կատարուած: Բայց այս առիթով  Սէօղիւթլիւչեշմէի քաղաքապետարանին շուրջ ու «Մարմարա» համալսարանի համալիրէն ներս ծայրայեղ խմբակներու կողմէ Խոճալուի կապակցութեամբ հայերու դէմ  վերտառութիւններ պարզուեցան: Հաղորդուեցաւ, որ Պոլուէն ու Գոճաէլիէն ու Պոլսոյ մերձակայ քաղաքներու կուսակալութեան շէնքերէն մեկնող հանրաշարժերով Գատըգիւղ փոխադրուեցան ցուցարարներ: Ասոնք մէկ կողմէ քիւրտերու դէմ կը պոռային, մէկ կողմէ ալ հայերու դէմ վերտառութիւններ կը պարզէին:

Հետաքրքրական է, որ «Կենչ աթսըզլար» կազմակերպութեան կողմէ պարզուած վերոյիշեալ վերտառութիւններու առիթով այսօր մամուլը կը գրէ, որ այս վերտառութիւնները ապագային կրնան գործածուիլ որպէս փաստ այն մասին, թէ հարիւր տարի առաջ հայերու մաքրագործում կատարուեցաւ: Ասիկա յստակ խոստովանութիւն մըն է, ըսին մամլոյ շրջանակները:

Նախորդը

Քոնկրեսի Մէջ Ձեռնարկ` 1988-1990 Ազրպէյճանի Մէջ Տեղի Ունեցած Հայոց Ջարդերուն Նուիրուած

Յաջորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Տօնակատարութիւն. Ներկայացում` Ազգային Կեանքին Մէջ Հայ Կնոջ Բերած Ներդրումին

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?