ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԵԸԼՏԸՐԸՄ
«Միլլիյէթ»-ի մէջ Մուսթաֆա Եըլտըրըմն ալ մէկն է այն սիւնակագիրներէն, որոնք իրապաշտ մերձեցումով ու խիստ նախադասութիւններով դատապարտեցին Կալիփոլիի պատերազմի հարիւրամեակը այս տարի 24 ապրիլին նշելու ու այս նշումին Հայաստանի նախագահն ալ հրաւիրելու որոշումը: Եըլտըրըմ խիստ լեզուով մը գրեց, որ ասիկա աներեսութիւն է եւ հայհոյել կը նշանակէ Հայաստանի պետութեան հասցէին: Կը կարդանք հետեւեալը.-
***
Կալիփոլիի պատերազմի տարեդարձը, որ ամէն տարի կը նշուէր 18 մարտին, այս տարի որոշուեցաւ նշել 24 ապրիլին: Այս նշումին բազմաթիւ պետութիւններ, գլխաւորութեամբ Հայաստանի նախագահին, Կալիփոլի հրաւիրուեցան:
24 ապրիլը հայկական սպանդներու ոգեկոչման թուական է: Եւ այս տարի ալ հայկական սպանդներուն հարիւրամեակն է: Հիմա հարցում մը ուղղենք: 24 ապրիլ 1915-ին տառապանք ապրած հայ ժողովուրդին պետութիւնը 24 ապրիլ 2015-ին Կալիփոլիի յաղթանակը տօնակատարելու հրաւիրելը գրեթէ հայհոյել չի՞ նշանակեր: Այս տարի եթէ Կալիփոլիի յաղթանակին հարիւրամեակն է, հարիւրամեակն է նաեւ հայկական սպանդներու: Ամէն տարի 18 մարտին կատարուած Կալիփոլիի նշումը 24 ապրիլ թուականին փոխադրելը իր չափը չգիտնալէ զատ, կը ներէք, բայց աներեսութիւն է: Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան Քոլոմպիայի մէջ այս մասին խօսեցաւ, ըսաւ, որ` «առաջարկեցինք, որ այս հարցը քաղաքական նիւթ դարձնելէ դադրինք, գիտական դաշտ փոխադրենք, հրաւիրեցինք, որ 24 ապրիլին Կալիփոլի գան, բայց անոնք հաշտութեան առաջքը գոցեցին»:
Մուսթաֆա Եըլտըրըմ այսպէս կը շարունակէ իր յօդուածը.
Մեծայարգ Էրտողանը արդեօք այս պետական քաղաքականութեան մէջ նշանակութիւն կը գտնէ՞, տրամաբանութիւն մը կը տեսնէ՞, անկեղծութիւն մը կը զգա՞յ, հաշտութեան ձայնը կը լսէ՞: Եթէ դուն Կալիփոլիի յաղթանակը ամէն տարուան պէս 18 մարտին նշէիր, եւ անոնք ալ հրաւէրդ մերժէին, այն ատեն գետնէն մինչեւ երկինք իրաւունք կ՛ունենայիր ըսելու, որ հաշտութեան առաջքը գոցեցին: Բայց ի՛նչ մեղք, որ հիմա այս բանը չենք կրնար ըսել: Անցեալ տարի 24 ապրիլին Էրտողան հայ ժողովուրդին իր ցաւակցութիւնները յայտնած էր: Ասիկա կարեւոր զարգացում մըն էր, մինչեւ այսօր միշտ մերժուած զուլումի մը` Թուրքիոյ պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ճանաչումն էր: Ասիկա թէ՛ ժողովրդավարութեան անունով կարեւոր զարգացում էր եւ թէ՛ հայ ժողովուրդին աչքին Էրտողանի աստղը կը փայլեցնէր: Այսինքն Էրտողանին ըրածը ամէն տեսակէտէ դրական գործ էր: Հիմա եթէ Կալիփոլիի յաղթանակը ամէն տարուան պէս 18 մարտին նշէիր եւ 24 ապրիլն ալ տխրութեան օր հռչակէիր, 24 ապրիլին Հայաստանի փրոթոգոլն ալ Թուրքիա հրաւիրելով` միասնաբար պետական մակարդակով յիշատակութիւն մը ընէիր, ատիկա աւելի իմաստալից ու խաղաղասէր չէ՞ր ըլլար:
«Միլլիյէթ»