Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթոռի Վրայ Ամրացուած Խօսափող Չունի

March 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

24AprilWallpaper-1024x664Ցուրտը մեղմացաւ: Անձրեւը խղճաց գետեզրի տուներուն, ողողումի վտանգը հեռացաւ: Կեդրոնականցի Արմենակ Պոլսէն հասած կրծքանուշով այցելութեան եկաւ:

Կեդրոնականցին եթէ հոգեվերլուծողի օթոցին վրայ պառկելով զինք անհանգստացնող զգացումներ եւ մտածումներ չունենայ ըսելիք, այսքան երկար ճամբայ չի գար:

Սպասելու կարիք չ’ըլլար:

– Մակա՛ր, սիրելիս, ոսպապուրը ոսպապուր է, կարմիր ոսպ, սեւ ոսպ, մեծ ոսպ, պզտիկ ոսպ, կանաչ ոսպ: Ցուրտին լաւ կ’ըլլայ, բայց երբ քանի մը օր յաջորդաբար կը տաքցնեն եւ առջեւդ կը դնեն ոսպապուրը, ալ ո՛չ համ կ’ունենայ, ո՛չ հոտ:

Արմենակ ոսպի հեքիաթ պատմելու չէր կրնար եկած ըլլալ:

Շարունակեց:

– Այսօր կրկին եւ կրկին տաքցուած ոսպապուրի մասին մտածեցի, երբ թերթերը կը կարդայի, կ’այցելէի համացանցի կայքէջեր (երբեք էնթեռնէթ եւ ուէպսայթ չ’ըսեր, այդ իր պչրանքն է):

– Այդ բաները ի՞նչ կապ ունին տեսակաւոր ոսպերով ոսպապուրի հետ: Ցուրտին դէմ պայքարելու համար ճաշէն եւ ընթրիքէն ետք, նախաճաշի՞ն ալ ոսպապուր կերար,- հարցուցի հետեւելով Արմենակի խաղին:

– Միամիտ ես, հարցերը կը պարզացնես անհանգիստ չըլլալու համար:

Հասկցայ: Ո՛չ կրծքանուշ, ո՛չ ոսպապուր: Մակարուհին ուշացաւ սուրճ բերելու: Ան միայն սուրճի համար չի սպասցներ:

– Տարիէ մը ի վեր կ’ըսեն, կ’ըսենք, հարիւրամեակ: Ի՞նչ պիտի ելլէ ճառերու, խորհրդաժողովներու, յատուկ յանձնախումբերու եւ յանձնաժողովներու գլխարկին տակէն (այս բառերն ալ զոյգ են, ինչպէս աշխարհաբարները, ուղղագրութիւնները, պետութիւնները, եկեղեցիները):

Արմենակ երբեք չի մոռնար բազմաչարչար հայերէնը:

– Պարզ է, պիտի պոռանք, որ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութեան ենթարկուած ենք:

– Մի՞թէ ցարդ բաւարար չափով չպոռացինք: Չլսող մնա՞ց:

– Պէտք է ըսել, որ չմոռնանք եւ չմոռնան,- յուշելու պէս ըսի:

– Ոսպապուրիս պէս: Հոն, ուր հայեր կան, իրենց մօտիկ բարեկամի պէս մարդիկ, կարեւոր կամ նուազ կարեւոր, պիտի ըսեն. «Այո՛, ցեղասպանութիւն գործուած է», մենք ալ պիտի ծափահարենք: Եթէ նորութիւն չէ ըսուածը, ի՞նչ բան կը ծափահարենք:

– Ի՞նչ ընենք, Արմենա՛կ, մեր բարեկամները ծափի՞ մըն ալ չարժանացնենք:

– Պզտիկ բաներով չենք գոհանար: Գիտաժողովներ պիտի գումարուին, Ցեղասպանութիւնը փաստելու համար կարծես յաւելեալ փաստերու կարիք կայ, թուրքը եւ անոր պաշտպանները համոզելու: Գիտաժողով մը Աստուած գիտէ քանի՜ քանի՛ հազարաւոր տոլար կ’արժէ, մեր բարեկամներուն, եւ մեզի, լուսապսակ տալու, ոսպի փոխարէն` այլ բաներ կուլ տալով:

– Ի՞նչ կ’ուզես, որ ընենք, ընեն:

– Քանատա, Աւստրալիա, Քալիֆոռնիա փախչողներուն համար պայմաններ թող ստեղծեն Հայաստան եւ Արցախ հաստատուելու: Հողին տէրերը հողին վրայ կ’ըլլան: Ցեղասպանութիւն գործուած էր հողի համար: Գիտցած գիտաժողովներդ կը համրեն մեռեալները, կը գտնեն հին եւ նոր թուղթեր, չեն խօսիր հողի մասին:

– Յետո՞յ:

– Յետո՞յ, շա՛տ պարզ: Հայաստանները հայերով պիտի բնակեցնե՞նք, հայազրկուած Հայաստանը Հայաստան պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ պիտի մնայ «պատմական» կամ «Արեւելեան Անատոլիա»…

Եթէ Արմենակ այսքա՜ն ըսելիք գտաւ ոսպապուրին մէջ, ինչե՜ր պիտի ըսէ կրծքանուշէն եւ սուրճէն ետք: Քառասուն օր ետք ապրիլ 24 է: Եթէ «բարեկամներու» ի պատիւ սարքուած փարթամ ճաշկերոյթներուն ալ ներկայ ըլլալու պատիւին արժանանայ…

 

Մակար, ի Համուտի Աշտարակ

Փետրուար 26, 2015

Նախորդը

Յուշեր Զարեհ Որբունիի Հետ

Յաջորդը

Յետադարձ Ակնարկ` 2013-ի Հայաստանի Նախագահական Ընտրութիւններուն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.