Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սասնոյ Քէօմեք Գիւղի Հայերը

Մարտ 4, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
ՎԱՀԷ ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

3-4-15_EgliseԻրապէս որ իւրաքանչիւր օր իր տօնը ունի: Այսօր` 28 յուլիս, Ռամատանի ծոմի աւարտը նշող Ֆիթրի տօնն է: Կանուխ առաւօտուն մեր խումբը, նախապէս գոյացած համաձայնութեան հիմամբ, Սասունի ուսուցիչներու տան դրան առջեւ կը միանայ Ֆարահէտտին Եըլտըզի: Խանութներն ու սրճարանները փակ են: Եըլտըզ կ՛առաջարկէ նախաճաշել իր տան մէջ: Ինքնաշարժով կարճ ճամբայ կտրելէ ետք կը հասնինք անոր տունը, ուր փառաւոր սեղան մը շտկուած է:

Միակը չէինք, որ այդտեղ կը նախաճաշէինք: Պայրամի աւանդութեան համաձայն, դրացիները իրարու կ՛այցելեն զիրար շնորհաւորելու համար: Աւելի՛ն. այդ օր մանուկները արտօնութիւն ունին տունէ տուն շրջելով` շաքար հաւաքելու: Սկզբունքով այս Երկուշաբթին պիտի յատկացուէր Սասունի մէջ տակաւին կանգուն մնացած կարգ մը յուշարձաններ այցելելու: Սակայն գիշերը, մզկիթին դիմաց գտնուող կեդրոնական հրապարակին վրայ Ֆարահէտտին Եըլտըզ խումբին յայտնեց, որ նոր քաղաքապետը կ՛ուզէ մեզ տեսնել: Գիշերուան ժամը շուրջ 11-ին բնիկ քիւրտ լրագրողներու, դասախօսներու եւ Անատոլուի մշակոյթով եւ պատմութեամբ հետաքրքրուողներու հետ ընթրիքէն ետք` այս խորհրդաւոր հանդիպումին մեկնեցաւ: Մինչ այդ խումբին միացած էին ֆրանսահայ լրագրող Մելինէ լը Փրոլ եւ ամերիկահայ խմբագիր Աւետիս Աշճեան: Քեմալ Աթաթուրքի հսկայ լուսանկարին առջեւ նստած` Ճումա Ուչար գործնապաշտ մարդ մը կը թուի: Ան անդամ է 2003-ին Նեճմէտտին Էրպաքանի կողմէ հիմնուած Բարօրութիւն կուսակցութեան: «Պիտի ուզէի, որ ամբողջ աշխարհի հայերը գան եւ Սասուն այցելեն», կ՛ըսէ ան` աւելցնելով. «Յառաջիկայ ամիսներուն Մարութայ սարի եկեղեցւոյ եւ Գոմքի վանքի վերանորոգութեան աշխատանքները պիտի սկսին: Կրնա՞ք ըսել, թէ եկողները մեծ թիւով պիտի ըլլան»: Քաղաքապետը անդրադարձած է, որ իր շրջանը, որ Թուրքիոյ մէջ աղքատ ու յետամնաց կը նկատուի, հայոց մէջ մեծ հռչակ կը վայելէ:

3-4-15_seghanԸստ երեւոյթին, այդ իրողութիւնը անոր մօտ տեղւոյն զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու հեռանկարներ յառաջացուցած է: Ան մեզ կը հրաւիրէ տօնին առթիւ մասնակցելու իր եւ գաւառապետին կողմէ կազմակերպուած երեւելիներու շնորհաւորական ընդունելութեան:

Այդպիսի հրաւէր մը կարելի չէ մերժել, եւ մենք նախաճաշէն անմիջապէս ետք կը մեկնինք Ուսուցիչներու տուն, ուր ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ: Քառորդ ժամ ետք ստեղծուած իրարանցումէն կը հասկնանք, որ կարեւոր անձնաւորութիւն մը հասած է: 33 հազար բնակիչ ունեցող Սասունի գաւառապետ Ճիհաթ Արըքն է: Պահ մը անակնկալի գալէ ետք, մեզի կ՛առաջարկէ իր սեղանը նստիլ, ինչ որ ներկաներուն մօտ հարցականներ կը ստեղծէ: Հետագային մեզի կը յայտնեն, որ ան Ֆեթհուլլա Կիւլենի կողմէ հիմնուած իսլամական ընկերակցութեան մօտիկ եղող գործարարի մը զաւակն է: Ան մասնաւորաբար Սասունի մէջ թրքական պետութեան ներկայացուցիչն է: Ուստի անոր խօսքերն ու արարքները կրնան արտասահմանէն եկած հայ այցելուներու նկատմամբ կեդրոնական կառավարութեան քաղաքականութեան արտացոլացումը ըլլալ:

Ճիհաթ Արըք առաջին հերթին կը հետաքրքրուի, թէ ուխտագնացութիւնը ինչպէ՞ս ընթացաւ եւ Թուրքիոյ ո՞ր շրջանները կրցանք այցելել: Ան երեւելիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ կը նշէ ներկայութիւնը հարիւր տարիէ ի վեր «աքսորուած» իր բարեկամներուն, որոնք «բազմաթիւ ցաւեր ապրած են» եւ այլեւս Սասունի մէջ «ընտանեկան կապ չունին, ոչինչ ունին», սակայն պէտք է ջանք թափել անոնց հետ «կապերը ամրապնդելու»: Անոր կոչը անմիջապէս իր արձագանգը կը գտնէ եւ տեղական լրատուամիջոցներու հետաքրքրութիւնը կը յառաջացնէ:

Խումբը այժմ կը հասնի Գոմք, 1600 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող գիւղ մը, որ հրաշքով պահած է իր հայկական անունը: Երկու ժամ կը քալենք բարձրանալու համար Սուրբ Առաքելոց Պետրոս Ոսկի Ճկոյթ հռչակաւոր վանքը, ուր ըստ աւանդութեան, պահուած էր Վարդան Մամիկոնեանի վահանը: Մեզ առաջնորդողը Պեսէն է, որ թարգմանիչի դեր կը կատարէ: Հանդիպում կ՛ունենանք թաղապետին հետ, որուն հետ խօսակցութիւնը անսպասելի զարգացում կ՛ունենայ: Ան այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ շատ լաւ գիտէ, թէ անցեալ դարասկիզբին այստեղ ի՛նչ պատահած է: Անմեղօրէն կը հարցնենք, որ ինչո՞ւ այդ դէպքերը պատահեցան: Երկար լռութենէ ետք կը պատասխանէ. «Հայերը բաւարար զգուշ չէին®»:

Մեր ճամբան կը շարունակենք եւ փոքր փոխադրակառքը կանգ կ՛առնէ Մարութայ սարի մօտ, ուր այլեւս ճամբայ չկայ: Այժմ արդէն միայն հինգ հոգիէ բաղկացած մեր խումբը գիշերը կ՛անցընէ Քէօմեքի մէջ, այն գիւղը, ուր  կարգ մը հայ-քրիստոնեայ ընտանիքներ կը բնակին, ինչպէս նշեց գաւառապետը:

Այդտեղ մեզ կը դիմաւորէ Ճեմիլը (հայկական անունը` Սափէ), անոր տունը պիտի մնանք: Անոր ծնողները, որոնք հայերէն կը խօսին, բացակայ են: Հայրը առողջական պատճառներով Պոլիս մեկնած է: Ճեմիլի կնոջ անունը Տերտօ է: Ան հեռաւոր գիւղէ մըն է եւ կը խօսի հայերէն: Անոնց ամուսնութիւնը, Սասնոյ այդ երկու հայ ընտանիքները իրարու շաղկապելու համար դասաւորուած էր ծնողներուն փափաքով: Տերտոյի մայրը Քէօմեք եկած է իր որդիին համար հարս գտնելու եւ` տեսած, որ այդտեղ կայ տղայ մըն ալ` Ճեմիլը, որ իր աղջկան հետ ամուսնանալու յարմար տարիքի է:

Վարչականօրէն Քէօմեք կապուած է հեռաւոր մեծ գիւղի մը: Քէօմեքի մէջ կայ միայն 12 տուն, որոնցմէ միայն երեքը (30 անձեր) քրիստոնեայ հայերու են, իսկ երեք ուրիշներ 1896-ին իսլամացած հայերու են: Գիւղին մնացեալ բնակիչները քիւրտեր կամ արաբներ են եւ կը պատկանին երեսունական թուականներուն տեղահանուած ընտանիքներու: Ճեմիլի տան մէջ հայերէն չեն խօսիր, միայն անոր անդրանիկ զաւակը, որ 17 տարեկան է, Պոլսոյ մէջ հայկական վարժարան յաճախած է, սակայն երեք տարի ետք Ճեմիլ պահանջած է, որ վերադառնայ Սասուն:

Առաւօտուն Ճեմիլ խումբը կը պտըտցնէ գիւղին մէջ, ինչ որ առիթ կ՛ընծայէ այլ ընտանիքներու հանդիպելու: Սակայն ժամանակը կ՛անցնի, եւ այժմ պէտք է մեկնինք:

«ՖՐԱՆՍ ԱՐՄԷՆԻ»

Նախորդը

Գըրգ Գըրգորեան Կը Ծրագրէ Ցեղասպանութեան Մասին Ժապաւէն Արտադրել

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?