Երեւանի մէջ կայացաւ «Նեմեսիս գործողութիւնը» գիրքի հայերէն տարբերակին շնորհահանդէսը: Գիրքին ֆրանսերէն տարբերակը հրատարակուած է Փարիզի մէջ, 2014 թուականին, «Համազգային»-ի կազմակերպութեան եւ «Սիժեստ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ: Գիրքին մէջ ընդգրկուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստող ուշագրաւ նիւթեր, արժէքաւոր քարտէսներ, ինչպէս նաեւ` Սողոմոն Թեհլիրեանի կեանքն ու դատավարութիւնը:
«Նեմեսիս գործողութիւնը» գիրքին հայերէն թարգմանութեան տպագրութիւնը կատարած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Ֆրանսայի «Սիժեստ» հրատարակչութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ, անիկա լոյս տեսած է «Արեգ» հրատարակչութենէն:
«Նեմեսիս գործողութիւնը» գիրքի պատկերապատումներուն բեմագիրներն են Ժան-Պլեզ Ճիան եւ Ժան Վարուժանը, պատկերապատումներու հեղինակն է Փաուլօ Քոսսի:
«Սիժեստ» հրատարակչութեան տնօրէն Ժան Վարուժանի համաձայն, գիրքը լոյս տեսած է գծանկարային պատկերապատման ձեւով: Ան ըսած է, որ Հայաստանի մէջ հրատարակուած են գիրքին հայերէն եւ ռուսերէն տարբերակները` 400-ական օրինակ:
Ֆրանսայի մէջ արդէն 2000 օրինակ սպառած է:
Կը նախատեսուի գիրքը թարգմանել նաեւ թրքերէնի եւ գերմաներէնի:


