Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը, ուշադրութիւն հրաւիրելով Հայոց ցեղասպանութեան վրայ, ներկայացուցած է 1915-էն առաջ կամ յետոյ Ամերիկա գաղթած հայերու պատմութիւնն ու ողջ մնացածներու` մարդկութեան կեանքը փոխած գիւտերը.
Ռայմոնտ Տամատեան ծնած է Նիւ Եորք: 1915-ին փրկուած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած Վահան Տամատեանի որդին է: 1969-ին ստեղծած է բժշկութեան մէջ անփոխարինելի` Magnetic resonance imaging (MRI) պատկերի ախտորոշման սարքը:
Լիւթեր Ճորճ Սիմճեան ծնած է 1905-ին Այնթապ, 1915-ին կորսնցուցած է ողջ ընտանիքը: Միացեալ Նահանգներ գաղթելէ ետք շարք մը գիւտերու հեղինակ դարձած է, ինչպէս` դրամատուներու դրամ փոխանցող ATM մեքենաներու:
Արթուր Պուլպուլեան ծնած է 1900 թուականին, Միացեալ Նահանգներ գաղթած է 1920-ին: Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ամերիկեան բանակին կողմէ օգտագործուած A14 հակակազային դիմակի հեղինակն է:
Ասատուր Սարաֆեան ծնած է 1895-ին, Կեսարիա: Համիտեան ջարդերէն փրկուիլ փորձող ծնողներու որդին ծնած է փախուստի պահուն: 1914-ին գաղթած է իր երազանքներու երկիրը` Ամերիկա: Բազմաթիւ գիւտերու հեղինակ է, բայց անոր ամենակարեւոր գիւտը, անկասկած, ինքնաշարժներու ինքնազօր փոխանցման տուփն է:
Ալեք Մանուկեան ծնած է 1901-ին, Զմիւռնիա: Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուած է 1920-ին: Ստեղծած է իր մը, առանց որուն` այսօր լոգարանը պատկերացնել հնարաւոր չէ. ան առանց փականի ծորակի` գիւտի հեղինակն է: