Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Զօրավար Անդրանիկի Ծննդեան
150-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Վրաստան
Փետրուար 25-ին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթա-մշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան 150-ամեակը: Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան արժեւորեց հայ ժողովուրդի պանծալի զաւկին յիշատակը, որ իր անվեհեր սխրագործութիւններով դասուած էր պուլկար, յոյն, ռուս եւ այլ ժողովուրդներու հերոսներու շարքին, արժանացած էր Գէորգեան 4-րդ կարգի մետալի, Գէորգեան 4-րդ եւ 3-րդ կարգի խաչերու, պարգեւատրուած է Սբ. Ստանիսլաւի 2-րդ կարգի սուրով եւ Ս. Վլատիմիրի 4-րդ կարգի շքանշանով:
Ցուցադրուեցաւ Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլի նկարահանած «Անդրանիկ Օզանեան» վաւերագրական ժապաւէնը:
Բանաստեղծ, թարգմանիչ Անահիտ Բոստանճեան պատմեց կարգ մը յուշեր Անդրանիկի մասին, որմէ ետք կարդաց մեծն Անդրանիկի յիշատակին նուիրուած եւ բանաստեղծուհի Մաղվալա Կոնաշվիլի կողմէ թարգմանուած իր բանաստեղծութեան հայերէն եւ վրացերէն տարբերակները:
Նարեկ քհնյ. Ղուշչեան արժեւորեց ձեռնարկը եւ կարեւոր համարեց նուիրուածութեամբ ոգեկոչուելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով օտարութեան մէջ հայ մնալու դժուարութիւնը եւ ձուլուելու հեշտութիւնը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Վառնա
Փետրուար 25-ին, Վառնայի մէջ տեղի ունեցաւ Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որմէ ետք Կալաթա թաղամասի «Զօր. Անդրանիկ»-ի հրապարակին վրայ տեղադրուած արձանին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Վառնայի հոգեւոր հովիւ Բարթողիմէոս քհն. Յակոբեան իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալ Զօրավար Անդրանիկի պատգամներուն եւ կերտել մեր մէջ հայրենասէրի այն կերպարը, որով ան ապրեցաւ իր կեանքը:
Այնուհետեւ Ներսէս Կետիկեան կարդաց Պուլկարիոյ հայերու միութեան ուղերձը, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում արձանին դիմաց: Ապա նոյն թաղամասին մէջ գտնուող իր տան դիմաց տեղադրուած յուշատախտակին դիմաց ծաղիկներ զետեղուեցան, որմէ ետք ՀՅԴ Վառնայի խումբի անունով խօսք առաւ Օհան Օհանեան, որ կարեւոր նկատեց ներկայ սերունդի դաստիարակութիւնը Զօրավար Անդրանիկի օրինակով:
Սուրիա
Հայ Դատի 6-րդ Լսարան
«Ցեղասպանութիւնը
Եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»
Սուրիոյ Հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած «Հայ դատի լսարան»-ի 6-րդ նիստը տեղի ունեցաւ 12 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Անի» սրահին մէջ: Լսարանի ներկաները հաւաքուած էին միասնակամութիւն ցուցաբերելու մեր ազգային գերխնդիրներու նկատմամբ, իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման ոչ մէկ իրաւունք զիջելու եւ կամքին ամենատոկունը ցուցաբերելու մեր արդար պահանջատիրութեան մէջ:
Լսարանի զեկուցաբերներն էին Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. առաջնորդարանի դիւանապետ, ազգային գործիչ Գրիգոր Տունկեան եւ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան:
Օրուան բեմավարը, ծանօթացնելով նիստին պատուոյ հիւրերը, հրաւիրեց զեկուցաբեր Գրիգոր Տունկեանը` ներկայացնելու իր զեկոյցը: Ան երեք կարեւոր նշումներ կատարեց իր զեկոյցին ընթացքին, առաջինը այն էր, որ եթէ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը կը միտէր հայոց բնօրրանը վերջնականօրէն դատարկել ազգաբնակչութենէն, հայ ժողովուրդը պահանջատիրութեան լաւագոյն օրինակը դարձաւ տարիներ անց` 1918-ին հայկական պետականութիւն հաստատելով:
Երկրորդ` հայկական պետականութեան վերականգնումը կը նկատուի մեր պահանջատիրական երթի հանգրուաններէն կարեւորագոյնը:
Երրորդ` մեր պատմութեան մէջ մենք ունեցած ենք չորս հարստութիւն, իսկ հանրապետական պետականութեան հաստատումը կը համարուի 5-րդ հարստութիւնը: Զեկուցաբերը շեշտեց, թէ մեր ժողովուրդը նուաճած է միայն մէկ հանրապետութիւն, սակայն` երեք հանգրուաններով, առաջինը` անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հանգրուանը, երկրորդը` խորհրդային հանգրուանը, որուն ընթացքին թէեւ Հայաստանը կորսնցուց իր անկախութիւնը, սակայն անոր կողքին հայկական պետականութիւնը շարունակեց պահել հայ տեսակը որպէս առաջին տուեալ մեր պահանջատիրական երթին:
Ապա Ցեղասպանութեան յիսնամեակը եկաւ համախմբելու եւ համատեղելու մեր ազգային ձգտումը, մեզի անգամ մը եւս յիշեցնելու, որ մեր ժողովուրդը ուր որ ալ ըլլայ, հայրենիք թէ սփիւռք, կոչուած է համատեղ աշխատանք տանելու, իսկ երրորդ հանգրուանը 23 օգոստոս 1990-ին հռչակագրով հաստատուած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, որ հայ ժողովուրդին առջեւ պետական կառոյցի զարգացման եւ հայ պետականութեան վերա-կանգնման ճամբան բացաւ: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդը ազատ, անկաշկանդ եւ, բոլոր ազգերու ու պետութիւններու համազօր, ստեղծագործ կեանք վարելու, միաժամանակ իր բռնագրաւեալ իրաւունքներուն վերատիրացած հանգամանքով գոյութիւնը շարունակելու պարտաւորութեան մէջ է այսօր:
Օրուան երկրորդ զեկուցաբեր Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը կը հանդիսանան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն եւ Հայաստան, որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի հայրենիք, մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ ապագայի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման յոյժ կարեւոր գործընթացին: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանը միջազգային ամենաբարձր բեմերէն բազմիցս բարձրացուցած է Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման կարեւորութիւնը: Որպէս անոր վառ օրինակ` Տիգրան Գէորգեան դիտել տուաւ, որ 2013-ին Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 22-րդ նստաշրջանի ընթացքին Հայաստանը նախաձեռնեց ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւ, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ:
Խիստ կարեւոր նկատելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները` գլխաւոր հիւպատոսը նշեց, որ ան Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան պայքարի աւարտը չէ, աւելցնելով, որ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» կարգախօսով անցնող միջոցառումները նոր փուլի սկիզբն են»: Այս խօսքով ան շատ կարեւոր նկատեց Հայաստան-սփիւռք ամուր կապերն ու համադրուած գործակցութիւնը: Այս տարի Հայաստան միջազգային բեմ պիտի դառնայ ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարի, անոր դատապարտման եւ կանխարգիլման համար: Գլխաւոր հիւպատոսը նշեց, որ կը նախատեսուի շարք մը ձեռնարկներ իրականացնել թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ:
Նիստը իր աւարտին հասաւ այն գաղափարով, որ Ցեղասպանութիւնը կարելի չէ մոռնալ, եւ անոր ճանաչման ուղղուած պայքարը կարելի չէ աւարտել մինչեւ ամբողջական արդարութեան հաստատում, որովհետեւ թէեւ Ցեղասպանութենէն անցած է 100 տարի, սակայն անոր հետեւանքները մենք կը զգանք մինչեւ այսօր:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում եւ զրոյց:
Սկաուտի Օր
Հովանաւորութեամբ Փառէն ծ. վրդ. Սարգիսեանի, նախաձեռնութեամբ Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ 150 սկաուտներու, 22 փետրուարին Գամիշլիի հայկական կեդրոնի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ «Սկաուտի օր»-ը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:
Ձեռնարկին ընթացքին սկաուտները հանդէս եկան գեղարուեստական յատուկ յայտագիրով` մեներգ, ասմունք, ներկայացում, նաեւ կազմեցին սկաուտներուն յատուկ բուրգը, իսկ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց ազգային երգերու երաժշտութիւն:
Տոհմիկ Օր
Կազմակերպութեամբ` ՍՕ Խաչի «Անի» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին վերջերս «Ա. Մանուկեան ժող. տան» «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներու շարքին առաջինը` «Տոհմիկ օր»-ը:
Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով Թամար Արսլանեան հաստատեց, որ մեր պապերը Ցեղասպանութենէն ետք, հիւրընկալ Սուրիոյ մէջ կայք հաստատելով հանդերձ, երազած են վերադառնալ Երկիր եւ նորահաս սերունդները դաստիարակած են հայկական արժէքներով, պատմական մեր իրաւունքներուն վերատիրանալու իղձով, պահանջատիրական ոգիով:
Ապա ներկայացուեցան հայկական գաւառներու պատմութիւնն ու աւանդոյթները:
Թամար Արսլանեան ներկայացուց հայկական ասեղնագործութիւնը` նշելով, որ հայ կինը իր ասեղով ու գործով նեցուկ կանգնած է իր ամուսնոյն ու ձեռագործին ընդմէջէն արտայայտած իր գեղեցիկ ներաշխարհը: Ան նշեց, որ ասեղնագործութեան արուեստը ազգային ժառանգութիւն է, որ պէտք է փոխանցել երիտասարդ հայուհիներուն:
Աւարտին, ՍՕԽ-ի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչ Ռոզալին Արամեան իր խօսքին մէջ գնահատեց յանձնախումբին աշխատանքը` շեշտելով, որ հայ լեզուն ու մշակոյթը հայապահպանման գլխաւոր ազդակներն են, իսկ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին խաչուհին ունի կրկնակի պարտաւորութիւն` պահպանելու հայկական արժէքներն ու փոխանցելու զանոնք նոր սերունդին:
ՍՕԽաչի Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչ Վարդուհի Պարտաքճեան բարձրօրէն գնահատեց տարուած աշխատանքը` նշելով, որ հալէպահայ գաղութը դաժան պայմաններու մէջ անգամ պահպանած է հայկական աւանդութիւններն ու բարքերը:
Ֆրանսա
100-Ամեակի Ոգեկոչման Առաջին Հաւաքը
Կազմակերպութեամբ գաղութի հայկական միութիւններու հաւաքականին, գլխաւորութեամբ 100-ամեակի ոգեկոչումներու պատասխանատու Մոնիք Ադամեանի, 5 փետրուարին Կրընոպլի քաղաքապետարանի սրահներէն մէկուն մէջ սկիզբը դրուեցաւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին քաղաքապետ Էրիք Փիոլ, հաւաքականի անունով` Փասքալ Պապագեան եւ դեսպանատան ներկայացուցիչ Վ. Աթաբէկեան, որոնք Ցեղասպանութենէն առնուած պատկերներու նկարագրականներէն ետք անդրադարձան Թուրքիոյ անպատասխանատու եւ անարդար կեցուածքին: Անոնք հանդէս եկան ճշմարտութիւնը երեւան հանելու միացեալ կոչով մը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Ազատ Մակազին»-ի նախագահ Կրեկուար Ադամեանի եւ Արայիկ Սագունցի կողմէ պատրաստուած փաստագրական տեսերիզ մը, որմէ ետք Հայ մշակոյթի տան երիտասարդները, Տիանա Ժամկոչեանի գլխաւորութեամբ, պաստառի վրայ սփռեցին վերապրողներու եւ ականատեսներու վկայութիւններ եւ լուսանկարներ:
Յայտնենք, որ 100-ամեակի առիթով Կրընոպլի զանազան շրջաններու մէջ տեղի պիտի ունենան դասախօսութիւններ, ցուցահանդէսներ, համերգ, բանաստեղծական ու երաժշտական երեկոյթներ:
Գերմանիա
«Մահ Անապատի Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութիւն»
Գիրքին Շնորհահանդէսը
Վերջերս գերմանական փոցտամ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ գերմանացի գրող, փիլիսոփայ Ռոլֆ Հոսֆելտի «Մահ անապատի մէջ. Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը պատմական կարեւոր վկայութիւններ կը ներկայացնէ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան հայերու հանդէպ իրականացուած վայրագութիւններու մասին:
Հեղինակը հարց տուած է, թէ ինչպէ՞ս Թուրքիան կրցած է ամբողջ աշխարհին իր դիրքորոշումը պարտադրել, ինչպէ՞ս պայմաններ ստեղծուած են այդ յանցագործութեան ծրագրման եւ իրականացման համար:
Միացեալ Նահանգներ
Հոգեճաշ Աչգային Բարերար
Կարպիս Նազարեանի Յիշատակին
Փետրուար 19-ին Նիւ Ճըրզիի «Անահիտ» հայկական ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Կարպիս Նազարեանի յիշատակին նուիրուած հոգեճաշ, աւագ եղբօր` Նազար Նազարեանի հրաւէրով, ներկայութեամբ Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի, ազգայիններու, բարերարներու եւ հասարակական դէմքերու:
Ներկաները ցաւակցութիւն յայտնեցին ՀԲԸՄ-ի պատասխանատու դէմքերէն եւ ազգային մեծ բարերար Նազար Նազարեանին, ինչպէս նաեւ քրոջ զաւկին` Ալեքս Մարգարեանին: Ընտանիքի միւս հարազատները կը գտնուէին Պէյրութ` ներկայ ըլլալու համար թաղմանական կարգին:
Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ ողբացեալին կեանքին, նաեւ Նազարեան ընտանիքի տարիներու վրայ երկարող բարերարութիւններուն` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան մայր եկեղեցւոյ, Թենըֆլայ, Նիւ Ճըրզիի Ս. Թովմաս Հայց. եկեղեցւոյ եւ այլ եկեղեցական ու կրթական հաստատութիւններու:
Յակոբ Վարդիվառեան ներկաներուն անունով փոխանցեց բոլորին ցաւակցութիւնները: Ան վեր առաւ ողբացեալ Կարպիս Նազարեանին անսակարկ հայրենասիրութիւնն ու հաւատարմութիւնը Սուրբ Էջմիածնի
նկատմամբ` անդրադառնալով անոր տասնամեակներու վրայ երկարող ծառայութիւններուն որպէս վարչական պատասխանատու, միութենական, բարերար, հայ գիրքի ու թերթի առաքելութեան հաւատացող ու սրտցաւ ազգային մը: Ան նաեւ մատնանշեց, որ բարերարութեան եւ ազգային ծառայութեան ընտանեկան աւանդութիւնը արդէն փոխանցուած է Նազարեան ընտանիքի նոր սերունդին, վկայակոչելով զաւկին` Արթիւր Նազարեանի մասնակցութիւնը հայ եւ լիբանանեան ընկերային ու հասարակական կեանքին` որպէս պետական երեսփոխան եւ նախարար:
Վրաստան
Մայրենի Լեզուի
Միջազգային Օրուան Նշում
Փետրուար 21-ին, աւանդութեան համաձայն, Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնը նշեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրը: Սաները պատմական ակնարկով մը ներկայացուցին գիրերու գիւտը եւ հասան մինչեւ մեր օրերը` անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան:
Աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնի տնօրէն Վ. Արաբեան, որ շեշտեց, թէ կեդրոնին առաքելութիւններէն է մայրենին անաղարտ մաքրութեամբ սերունդներուն փոխանցելը, կոչ ուղղելով բոլորին ունենալու հոգատար վերաբերմունք մայրենի լեզուի նկատմամբ, քանի որ լեզուն անփոխարինելի արժէք է:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նման ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Ախալցխայի ու Նինոծմինտայի երիտասարդական կեդրոններուն մէջ:


