Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Կարելի Չէ Ճշմարտութիւնը Գերեզմանել

Ապրիլ 4, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-04-15_Aram-I.ffԱւետարանիչը կը պատմէ, թէ կիրակի վաղ առաւօտ, Մարիամ Մագդաղենացին եւ խումբ մը բարեպաշտ կիներ իրենց հետ խունկ առնելով Քրիստոսի գերեզմանը գացին. գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը գլորուած գտնելով` ներս մտան, բայց Յիսուսի մարմինը հոն չգտան: Մինչ զարմացած կը դիտէին պարապ գերեզմանը, երկու հրեշտակներ կը մօտենան անոնց ու կ՛ըսեն` ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք, հոս չէ՛ ան, յարութի՜ւն առաւ… (Ղուկ. 24. 1-6):

Աստուծոյ հրեշտակները աւետած էին Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ: Դարձեալ Աստուծոյ հրեշտակները կ՛աւետեն այս անգամ խաչուած ու թաղուած Աստուծոյ Որդւոյն յարութիւնը:

Աստուծոյ Որդին առաքելութեան մը համար աշխարհ եկած էր: Ան մեղքի տիրապետութեան տակ ճմլուած ու մահուան երկիւղին մէջ ապրող մարդուն փրկիչը դառնալու յանձնառութեամբ մարդեղացած էր: Այսպէս աւետուած էր իր ծնունդը հրեշտակներուն կողմէ` «այսօր, ձեր փրկիչը ծնաւ…» (Ղուկ. 2.11):

Աստուծմէ` իր Արարիչէն հեռացած մարդը դէպի Աստուած առաջնորդելու տեսլականով Քրիստոս քարոզեց ու հրաշագործեց:

Իր աստուածատուր շնորհները ապականած եւ աստուածային պատկերը եղծած մարդուն մէջ վաւերական մարդը վերականգնելու նպատակով Քրիստոս նոյնի՛սկ խաչ բարձրացաւ:

Եւ ահա մարդուն համար ու մարդուն կողմէ գերեզման իջած Քրիստոս յարութի՜ւն կ՛առնէր համայն մարդկութեան պատգամելով, թէ`

Աշխարհին ճշմարիտ լոյսը, յոյսը եւ ճամբան դառնալու կոչուած Քրիստոսը կարելի չէ դէպի մահ առաջնորդել:

Աշխարհին միակ ճշմարտութիւնը դառնալու կոչուած Քրիստոսը կարելի չէ դամբարանին մէջ փակել:

Աշխարհի յաւիտենական կեանքը դառնալու կոչուած Քրիստոսը կարելի չէ գերեզմանել:

Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն եկող պատգամը զօրեղ կերպով հնչեց պատմութեան ընթացքին, ամէն անգամ երբ մարդիկ փորձեցին գերեզմանել ճառագայթող լոյսը, փայլատակող ճշմարտութիւնը եւ յաւիտենական կեանքը:

Պատմութիւնը կը կերտուի սրբազան արժէքներով եւ գերագոյն ճշմարտութիւններով ու կենսագործման համար թափուած արիւնո՛վ:

Ազգ մը պատմութեան թատերաբեմին վրայ կը մնայ իր ստեղծագործ ոգիով, անխորտակ հաւատքով ու վեհ իտէալներուն յաւերժացման համար «իմացեալ մահ»-ը ընտրելու իր քաջութեամբ:

Մահով մա՛հը յաղթելու եւ գերեզմանը յարութեան ու կեանքի աղբիւրի վերածելու հաւատքի քաջութիւնը կոչուած է ունենալ` զՔրիստոս իր փրկիչը դաւանող անձը կամ ժողովուրդը:

Ա՛յս է Քրիստոսի թափուր գերեզմանին պատգամը եւ միաժամանակ հրաւէրը` դարերէն եկող ու դարերո՜ւն գացող:

*
*   *

Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան խորհուրդով ու պատգամով լեցուն այս առաւօտ, հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք, հրեշտակներուն բառերով կ՛ըսենք. «Ինչո՞ւ ողջը` հայ ժողովուրդը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք. հոս չէ, յարութի՜ւն առաւ…»:

Քրիստոսի յարութեան հաւատքով յարութիւն առած հայ ժողովուրդը այս պատգամը կու տայ`

Բոլոր անոնց, որոնք 100 տարիներ առաջ մէկուկէս միլիոն հայու արիւն թափելով` կարծեցին գերեզմանել հայ ժողովուրդը:

Բոլոր անոնց, որոնք հայ ժողովուրդը արմատախիլ ընելով իր դարաւոր հողերէն` կարծեցին հայ ժողովուրդի մարդկային իրաւունքները մոռացութեան դատապարտել:

Բոլոր անոնց, որոնք հայ ժողովուրդը ջարդելով, տեղահան ընելով ու սփիւռքի վերածելով` կարծեցին Հայաստանը ջնջել աշխարհի քարտէսէն:

Բոլոր անոնց, որոնք անտեսելով հայ ժողովուրդին արդար դատը` կարծեցին ջլատել անոր պահանջատիրական կամքը:

Բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական լայն միջոցներով ու աշխարհաքաղաքական առաւելութիւններով` կարծեցին հեռո՜ւ պահել հայ ժողովուրդի արդար դատը միջազգային շրջանակներէ:

Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած կ՛ըսենք ու մի՛շտ պիտի ըսենք`

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է իր ազատ ու անկախ հայրենիքով:

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է իր կազմակերպ ու հզօր սփիւռքով:

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է իր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման իր մարտունակ ոգիով:

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է իր ամուր միասնականութեամբ:

Հայ ժողովուրդը յարութի՛ւն առած է ազգերու ընտանիքին մէջ իր գործօն ներկայութեամբ:

Թող Աշխարհը իմանայ, թէ`

100 տարիներ առաջ մահուան հովիտէն քալած հայ ժողովուրդը այսօր կը քալէ կեանքի՛ ճանապարհէն:

100 տարիներ առաջ ջարդուած ու որբացած հայ ժողովուրդը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ յարուցեա՛լ ժողովուրդ:

100 տարիներ առաջ անարդարութեան զոհ գացած հայ ժողովուրդը այսօր արդարութի՛ւն կը պահանջէ:

Հայ ժողովուրդը կը հաւատայ Քրիստոսի թափուր գերեզմանի պատգամին, թէ`

Կարելի Չէ Ճշմարտութիւնը Գերեզմանել…

*
*   *

Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով արդիւնաշատ գործունէութիւն` ի սպաս մեր սիրելի հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին:

Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը: Կ՛ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը` իրենց մաղթելով երկար գահակալութիւն եւ եկեղեցաշէն ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանին մէջ:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ Յարուցեալ Փրկիչին յաղթանակով զօրացած իրենց կեանքը ապրին մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակները:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ
5 ապրիլ, 2015
Անթիլիաս, Լիբանան

 

Նախորդը

Եթէ Կը Հաւատանք Աստուծոյ Կամքին, Կ՛ապրինք Ու Կը Ժառանգենք Յարուցեալին Կեանքը

Յաջորդը

«Լոզանի Փաստաթուղթին Մէջ Եղող Լուծումներու Շարքը Պիտի Ըլլայ Վերջնական Փաստաթուղթին Հիմը» Կ՛ըսէ Զարիֆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?