Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանգստացնող Խմբագիրը

Ապրիլ 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

11102729_931080653590081_6464310446196638658_n11102966_931501300214683_4292902795168350693_n«Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատան շէնքին  դրան դիմաց տեղադրուած Հրանդ Տինքի յուշաքարը կը դիտեմ: Կը պատկերացնեմ այն դաժան օրն ու ծակ կօշիկներով փռուած  քաջարի Տինքին անշնչացած մարմինը: Յետոյ կը վերյիշեմ Տինքին թաղումը եւ այն մարդկային հոսքը, որ գրաւեց նոյն այս փողոցը եւ անկիւնադարձ մը եղաւ Թուրքիոյ մէջ Հայկական հարցի քննարկումին համար: Ծնրադիր, մատներովս կը հպիմ  յուշաքարին վրայ փորագրուած գիրերուն, կոյր մը ըլլայի կարծէք, որ չէր տեսներ գրուածը ու շօշափելով կը ջանար գրուածին իմաստը հասկնալ…

Իրիկուն էր, եւ փողոցը` խճողուած: Անցորդներուն համար շատ սովորական դարձած էր այդ քարը, նոյնիսկ կարծէք սովորական դարձած էր այդ քարին վրայ ծնրադիր մարդու հանդիպիլը: Բայց այդ քարին վրայ դարձեալ հայու մը արիւնը թափած էր, դարձեա՛լ նոյն մարդասպանին կողմէ, որ տակաւին անպատիժ կը մնայ:  Փոթորկալից, յուզումնախառն, դատապարտութիւններով ու անբացատրելի միտքերու եւ զգացումներու բախումներու վիճակի մը մէջ յայտնուած` ընկերոջս առաջնորդութեամբ սկսայ խմբագրատան սանդուխները բարձրանալ: Որքա՜ն պրկուած, որքա՜ն ցաւով ու նոյնքան հետաքրքրութեամբ ոտք դրի խմբագրատուն:

Մեզ դիմաւորողը Սարգիս Սերոբեանն էր` «Ակօս»-ի հայկական բաժնի խմբագիրը:  Բարի, ժպտերես, ազնիւ վերաբերումի տէր մարդը վայրկեաններու մէջ յաջողած էր  վարը, խմբագրատան շէնքին դրան առջեւ ապրած ներքին փոթորիկս հանգստացնել: Բոլորովին խաղաղած էր հոգիս` շնորհիւ այդ մարդուն բարեկիրթ ու գուրգուրացող վարուելակերպին:

«Հալէպ ծնած եմ, բայց պոլսեցի եմ», ըսի: Ծիծաղեցաւ, չհաւատաց պոլսեցի ըլլալուս:  Բացատրեցի, թէ ինչպէս մեծ հայրս Պոլիսէն Հալէպ գաղթած է: Ան այս առթիւ կատակ մը ըրաւ ու առած մը ըսաւ, եւ այդ առիթով բոլորս լիաթոք խնդացինք:

Առանց ժամադրութեան գացած էինք, «ուրիշը ըլլար` մեր երեսին չէ՛ր նայեր անգամ» կը մտածէի, բայց մարդը իր գեղեցիկ ժպիտով, սպիտակ մօրուքով ու հայավարի սանտրուածքով ու հաք ու կապով ձգեց իր աշխատանքը,  ժամանակ տրամադրեց իր անկոչ հիւրերուն, պատմեց «Ակօս»-ին մասին, հարցումներ ուղղեց Հալէպի իրավիճակին շուրջ, նեղացաւ պատահածներուն համար, «մօտէն կը հետեւիմ անցուդարձերուն», ըսաւ: Ապա մեզ առաջնորդեց Հրանդին գրասենեակը ու հոն նաեւ զբօսաշրջիկի մը մանրամասն բացատրութիւն տուող պաշտօնեայի մը պէս «ելոյթ» ունեցաւ:

Զարմանալի էր, թէեւ Հրանդէն ետք ինք ստանձնած էր թերթին խմբագրութիւնը, սակայն Հրանդին գրասենեակը չէր գործածեր… Հրանդին գրասենեակը թանգարանի մը վերածուած էր կարծէք` զարդարուած հայաբոյր պատկերներով ու տաղանդաւոր գործիչներու դիմանկարներով: Որքան ազնիւ մարդ ըլլալու էր պրն. Սերոբեանը, որ չէր ուզած Հրանդին մեծ ու գեղեցիկ գրասենեակը անցնիլ, լայն ու հանգստաւէտ սեղանը գործածել եւ նախընտրած էր մնալ խմբագրատան աշխատանքային սենեակին մէկ անկիւնը, պզտլիկ սեղանի մը ետին: Համեստութիւն պատգամող իր այս կեցուածքին կողքին, փաստօրէն ան Հրանդին բացակայութիւնը չէր ուզեր զգացնել այցելուներուն ու սրբութեան մը նման տէր կը դառնար անոր ձգած ժառանգութեան:

Յետոյ «Ակօս»-ի թիւերէն մէկը առինք ու թերթատելու սկսանք: Բացատրեցի, թէ մեզի` Միջին Արեւելքի հայերուս համար, որքան արտասովոր էր թերթի մը մէջ ե՛ւ հայերէնի ե՛ւ թրքերէնի հանդիպիլ… կողք կողքի: Նեղացայ, որ Միջին Արեւելքի մէջ սերունդ մը հասակ առաւ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան ու անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն շուրջ գրեթէ անտեղեակութեամբ: Խօսեցանք, թէ տարինե՜ր կամուրջները կտրուած էին պոլսահայութեան եւ կարգ մը գաղութներու միջեւ, եւ «ամէն չարիքի մէջ բարիք մը կայ»-ի տրամաբանութեամբ Հրանդին չարաբաստիկ մահը պատճառ դարձաւ, որ այդ կամուրջները կամաց կամաց վերականգնին:  Հանդիպման աւարտին պրն. Սարգիսեանը Հրանդին նուիրուած  գիրքերէն մէկական օրինակ տուաւ ու բարեմաղթութիւններով ճամբեց մեզ:

Մեր մէկ ժամնոց հանդիպումը բաւարար էր Սարգիս Սերոբեանին մասին որդիական ջերմ ու հարազատ տպաւորութիւններ կազմելու: Տպաւորութիւններ, որոնք անկասկած յարգանք կը տածեն նուիրեալ այս մարդուն հանդէպ:

Այսօր ո՛չ միայն պոլասահայութիւնը, այլ ամբողջ հայութիւնը գլխագիր ՀԱՅ մը կը կորսնցնէ: Յիշատակը անթառամ «Ակօս»-ի սիւներէն` Սարգիս Սերոբեանին:

Նո՛ր Սարգիս Սերոբեաններ ստանձնելու են «Ակօս»-ի առաքելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հայ Վաճառողները Դատ Բացած Են «Ամերիքանա»-ի Դէմ` Իրենց Քաղաքացիական Իրաւունքները Խախտելուն Համար

Յաջորդը

Յիսուսի Թաղման Կարգի Արարողութիւններ` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?