Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ապրիլ 1-ին արձանագրուած է հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մատեանին ամէնէն սեւ ու արնաներկ էջերէն մէկը:
106 տարի առաջ, ապրիլի առաջին այս օրը մոլեգնեցաւ թրքական արնախում բարբարոսութիւնը: Չքնաղ Ատանա քաղաքն ու Կիլիկիոյ հայաբնակ քաղաքներն ու գիւղերը երեսուն հազար անմեղ հայերու արեամբ ներկուեցան, հայերու տուները, խանութները եւ ինչքերը քարուքանդ եղան ու հրոյ ճարակ դարձան:
Դանիէլ Վարուժանի բառերով` հայկական շքեղ Կիլիկիան վերածուեցաւ մեծ մոխրակոյտի մը:
Ատանայի եւ Կիլիկիոյ հայութեան կոտորածը նախատիպը հանդիսացաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան կողմէ վեց տարի ետք գործադրութեան դրուած 1915-ի ցեղասպանական Մեծ եղեռնին:
Ատանայի կոտորածը եղաւ ամբոխային մոլեգնութեամբ յատկանշուող նախատիպ մը, որուն դասերը ի չարս օգտագործեցին թրքական իշխանութիւնները` առաւելագոյնս կատարելագործելու համար հայ ժողովուրդը պետականօրէն ցեղասպանութեան ենթարկելու իրենց հրէշային ծրագիրը եւ անոր գործադրութեան միջոցներն ու եղանակները:
Հայեւթուրք յարաբերութեանց առումով 1909-ին որեւէ ուղղակի շարժառիթ կամ միջադէպ չկար, որպէսզի հայութեան դէմ այդպէս յանկարծակի բորբոքէր թրքական եղեռնագործութիւնը: Ընդհակառակն, 1908-ի 3 յուլիսին, Երիտասարդ թուրք պարագլուխներու ղեկավարութեամբ, օսմանեան բանակը ըմբոստացած էր եւ անարիւն յեղափոխութեամբ պարտադրած էր սուլթան Ապտիւլ Համիտին, որպէսզի վերահաստատէ 1876-ին իր կողմէ առկախուած սահմանադրութիւնը եւ վերստին կեանքի կոչէ օսմանեան խորհրդարանը:
Ազատութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան կարգախօսներով ու խոստումներով խանդավառուելու ընդհանուր գինովութեան օրեր էին: Առաջին անգամ ըլլալով թուրքն ու հայը, արաբն ու յոյնը, հրեան եւ պուլկարացին ի վիճակի էին իրարու կողքին կանգնելու` միասնաբար լծուելու համար օսմանեան «ընդհանուր տան» բարեկարգումին եւ յառաջդիմութեան:
Յոյսերու եւ խանդավառութեան այդ ալիքը խաբուսիկ էր սակայն:
Ոչ միայն այն պատճառով, որ բռնատէր սուլթանը տակաւին բազմած կը մնար գահին վրայ եւ իր ձեռքը ունէր բռնիշխանութեան բազմադարեան ահաւոր վարչամեքենան` իր լրտեսներով ու սադրիչներով:
Այլ նաեւ ու որոշապէս այն պատճառով, որ նոյնինքն Իթթիհատական պարագլուխներու ուղեղին մէջ կը խմորուէին Օսմանեան կայսրութիւնը ամէն գնով, ի հարկին` կոտորածներու ճամբով, ԹՐՔԱՑՆԵԼՈՒ հիւանդագին ծրագիրներ, իրենց համաթրքական ազգայնամոլութեան յագուրդ տուող «ցեղային մաքրագործման» սադրանքներ:
Պատմական փաստերը, նոյնինքն թրքական պետական արխիւները կը հաստատեն, որ Ապտիւլ Համիտ ձեռնածալ չմնաց եւ, մութին մէջ անդուլ դաւադրելով, սպասեց կատարուած ըմբոստացումին իր հակահարուածը տալու յարմար պահուն:
1909-ի մարտ 31-ին ներկայացաւ այդ յարմար պահը եւ իթթիհատականներէն դժգոհ բանակային զօրամասեր ապստամբեցան նոր իշխանութեանց դէմ եւ մայրաքաղաք Պոլիսը իրենց հակակշռին ենթարկեցին:
Միայն տասը օրուան կեանք ունեցաւ այդ հակահարուածը եւ իթթիհատականները կրցան, աւելիով ամրապնդուած դիրքերէ, վերահաստատել իրենց իշխանութիւնը` գահազրկելով ու աքսորելով Համիտը եւ անոր կրտսեր եղբայրը բազմեցնելով սուլթանական գահին:
Խռովայոյզ այդ օրերուն Պոլսոյ մէջ հայու արիւն չհոսեցաւ, ոչ ալ հայերու տուներն ու ինչքերը թիրախ դարձան թրքական մոլեգնութեան:
Մինչդեռ մարտ 31-ի հակահարուածին յաջորդ օրն իսկ, Օսմանեան կայսրութեան չորրորդ մեծ նահանգը հանդիսացող Ատանայի վիլայէթին մէջ, իշխանութեանց կողմէ զինուած թուրք բազմահազարանոց խուժանը, ղեկավար ունենալով թրքական բանտերէն յատուկ առաքելութեամբ ազատ արձակուած աւելի քան 500 ոճրագործներ, սկսելով Ատանա քաղաքէն եւ անմիջապէս տարածուելով դէպի Տէօրթ Եոլ, Հաճըն, Սիս, Զէյթուն եւ Կիլիկիոյ հայկական միւս աւանները, չորս օր անընդմէջ ջարդեց ու կոտորեց, հրկիզեց եւ փոշիացուց հայկական ամէն շունչ, իրեղէն կամ հարստութիւն, որ ձեռքը ինկաւ… Թրքական մոլեգնութիւնը չխնայեց մինչեւ իսկ եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներն ու կրթական մշակները, որոնք հայերու հետ առնչութիւն ունէին:
Վկայ` ողբն ու երգը Ատանայի կոտորածներուն.
«Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան,
Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան:
Կրակը, սուրը ու անխիղճ թալան,
Ռուբէնեաց տունը, ա՜խ, ըրաւ վերան:
Ալ մի՛ տար լոյսդ, պայծառ արեգակ,
Լուսին, շուրջ կապէ դուն սուգի մանեակ,
Անցաւ մեր երկրէն հարաւի խորշակ,
Չորցուց, թոռմեցուց ծառծաղիկ համակ:
Րոպէ մը չանցաւ ու հայոց խեղճեր,
Ինկան սուրին տակ խուժանին ահեղ:
Ժամեր ու դպրոց բոցի մեջ կորան,
Բիւրաւոր հայեր անխնայ մեռան:
Պարապ է աւա՜ղ, հարուստ Ատանան,
Մոխիր է դարձեր ամբողջ Կիլիկիան,
Միայն ապրեցաւ Հաճընը սիրոյն,
Ինչո՞ւ չի շարժիր ապառաժ Զէյթուն:
Երեք օր գիշեր կրակը մէջէն,
Թշնամւոյն սուրը, գնդակը դրսէն,
Ջնջեցին հայը երկրին երեսէն,
Արիւն կը վազէ մեր ջինջ գետերէն:
Ալ բաւ է որքան վատերուն լուծը
Կրեցինք, թողունք մեր լացն ու կոծը,
Օտարին տունը ալ չէ ապահով,
Հայ հողի վրայ մեռնինք մենք փառքով»:
Իսկ ապրիլ 12-ն, իբր թէ խռովութեանց վերջ տալու նպատակով, երիտասարդ թուրք կառավարութիւնը կանոնաւոր զօրքեր ուղարկեց Ատանայի եւ Հալէպի վիլայէթները, ուր գործուած էին հայերու դէմ ջարդերն ու քանդումները: Կանոնաւոր զօրքերու երեւումը ոչ միայն չօգնեց ջարդարարութեան դադրեցումին, այլեւ նորովի թափ տուաւ թուրք խուժանի մոլեգնութեան, մանաւանդ որ բանակայինները իրենք եւս միացան ջարդարար ամբոխին:
Այս բոլորը ականատեսներու վկայութեամբ հաստատագրուած են ատենի թրքական, արաբական, եւրոպական թէ ամերիկեան մամուլի էջերուն, դիւանագիտական արխիւներու մէջ պահ դրուած զեկուցագրերով:
Եւ անհիմն ու անհեթեթ են ինչպէս օրին նոյնինքն իթթիհատական պարագլուխներուն կողմէ հնչած, այնպէս ալ մեր օրերու թրքական պաշտօնական նենգափոխութեան հնարած այն «չքմեղանք»-ները, թէ թրքական կառավարութիւնը «մեղք չունի» թուրք ամբոխին գործած ջարդին մէջ, թէ իբր օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն եւ «Հիւրրիյէթ»-էն դժգոհ թուրք ամբոխի աչքին հայ յեղափոխականներն են նկատուած Օսմանեան կայսրութեան «փլուզման» պատասխանատուները, եւ թէ, մանաւանդ, իբր թուրքերու իրաւազրկման հաշուոյն հայերու հարստացումը եղած է թրքական զայրոյթին խորքային պատճառը:
Պատմական դառն ու դաժան իրողութիւնը այն է, որ քանի մը շաբթուան ընթացքին աւելի քան երեսուն հազար անմեղ հայեր զոհ գացին թրքական արնախում մոլեգնութեան, եւ սերունդներու ծով քրտինքով ձեռք բերուած տուն ու հարստութիւն փճացան:
Ապրիլ 1 է դարձեալ եւ Կիլիկիոյ աղէտին վերյիշումը խորագոյն կսկիծով կը համակէ սրտերը ողջ հայութեան:
Կը վերանորոգէ նաեւ հայ քաղաքական մտքին այն խոր համոզումը, արեան դաժանագոյն հեղումով ձեռք բերուած այն դառն իմաստութիւնը, որ մերօրեայ այսպէս կոչուած հայեւթուրք երկխօսութիւնը պէտք չէ մոռնայ, որ գործ ունինք Ցեղասպանութեան ժառանգորդ, բայց Ցեղասպանութեան փաստն իսկ ուրացող թրքական պետութեան հետ, որ եթէ նոյնիսկ անհաւատալի օր մը մէկ ձեռքով պիտի ողջունէ Հայաստանն ու հայութիւնը եւ իբր թէ պիտի խոնարհի բիւրաւոր մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ, միւս ձեռքով վստահաբար դարձեալ պիտի փորձէ կռնակէն դաշունահարել հայ ազգային իրաւատիրութիւնն ու պահանջատիրութիւնը:
Ուրացման վարքագիծ որդեգրած ոճրագործէն ուրիշ բան կարելի չէ սպասել: