Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Ապրիլ 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

4-04-15_Jesus-ResurrectionԿրկին Զատիկ է եւ աւանդութիւն` խունկով ու աղօթքով: Իսկ մեր բոլոր աւանդութիւններն ալ իրենց խորքին մէջ մէկական գեղեցկութիւններ են: Խորհրդաւոր: Այլ խօսքով, մեզի համար աւանդութիւն կը նշանակէ դարձեալ հաղորդակցիլ մեզի ժառանգուած անցեալին հետ: Եւ այդ անցեալը անբաժան մասնիկ մըն է մեր կեանքէն: Անոր համար յարութեան գաղափարը կապած եւ ագուցած ենք մեր ազգային կեանքին հետ:

Կը հաւատանք, որ իր գոյութեան մէջ կեանքը միշտ գիտակցութեան եւ ենթագիտակցութեան պայքար մը եղած է մահուան դէմ: Տեսնուած է, թէ մարդկային բոլոր ստեղծագործութիւնները նոյն այդ պայքարին արդիւնքն են:

Իսկ գալով մեզի, իբրեւ հայ, մահը առհասարակ մեզի համար ստեղծագործ եղած է: Մեր գերեզմանները միշտ երկինքով լեցուցած ենք եւ այդպէս ալ, իբրեւ մարդ, փորձած ենք շարունակել մեր ուրոյն մտածողութիւնը, մեր գոյութեան եւ գոյատեւման հետ միատեղ:

Զատիկ է եւ մահուան յաղթանակի տօն: Հայուն համար մահը ուրիշ բան է: Ան թէեւ ճակատագրական վախճան է, սակայն իր մէջ տարբեր կախարդական երանգ մը ունի: Պատմութեան ընթացքին մենք միշտ մեր մահը զարդարած ենք: Մեր գերեզմանները կապած ենք մեր կեանքին:

Կ՛ուզեմ այսպէս, եզակի եւ սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ եւ աղուոր անկեղծութեամբ մը նաեւ ըսել, որ մենք եթէ իսկապէս կ՛ուզենք լաւ ձեւով ըմբռնել խաղաղութեան Իշխանին յարութեան իմաստն ու խորհուրդը, պէտք է արժեւորենք մեր կեանքը: Ճիշդ է, որ ծնած ենք, ուստի պէտք է, որ շարունակենք ապրիլ: Սակայն այս բոլորին մէջ եւ ետին կայ մեր ժամանակը ստեղծելու եւ արժեւորելու էականութիւնը:

Ազգովին մենք անցեալ մը ունեցած ենք,  յաւերժական, որ միշտ կը յիշենք տառապանքով, խոնաւցած աչքերով եւ զգացական պոռթկումով: Ասկէ մեկնած` մեզի համար կեանքը մահ եղած է եւ մահն ալ կեանք:

Զատիկ է` յարութեան հաւատքի գիտակցութեան տօն: Մահ, հաւատք եւ գիտութիւն` պիտի ըսէր Զարեան: Մի՛շտ երրորդութիւն: Դարերով փրկիչ Յիսուսը եւ իր խաչը մեզի համար արեւ

դարձուցինք: Դարձուցինք նաեւ լոյս եւ միշտ յոյս: Ապա մեր երկիրն ալ վերածեցինք այդ լոյսին մեծ շտեմարանի մը, որուն ճառագայթներէն կախուած մնաց մեր կեանքը:

Անգամուան մը համար փորձեցէք պապերուս երկիրը, այդ հայ աշխարհը փորել, պիտի տեսնէք, թէ անոր տակէն լոյսն է, որ կը ժայթքէ, նոր կեանքն է, որ կը ծնի: Մեր երկինքն ու անհունը կանգնած են մեր լեռներու կատարներուն, ըսած են մեր մեծերը: Պարտաւոր ենք հոն տոկալ: Վերապրիլ: Սիրել կեանքը, հոն ստեղծագործել յանդուգն եւ անպարտելի:

Հոն` այդ հողին մէջ եւ վրայ, Աստուծոյ շունչը կայ: Կրկնակի, կախարդակա՛ն եւ սո՛ւրբ:

Ինչո՞ւ սակայն այս բոլորը. որովհետեւ այս օրերուն Զատիկ է: Մեր այս ձեւապաշտ իրավիճակէն մենք զմեզ դուրս բերելու համար ձրի հպարտութեան կողքին, միայն հրապոյր եւ հաճոյք պէտք չէ, որ փնտռենք, կը թելադրեն շատեր: Որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, այս օրերուն մենք գրեթէ ազգովին եւ ամէն տեղ կորսնցուցած ենք մեր սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումը եւ սկսած ենք հետեւիլ դուրսէն ընդօրինակուած գաղափարներու, ձեւերու, օտարներու:

Ահա՛ կեանքին հեգնանքը: Արդեօ՞ք այս մէկը բարդոյթ մը չէ, որ մեզ միշտ կը հալածէ:

Այս վայրկեանին կը զգամ, որ ցեղիս պատգամին թելադրանքէն ծնունդ կ՛առնեն տողերս:

Լաւատեղեակ ենք նաեւ, որ հիմա մեզի համար ամէն ինչ եւ ամէն բան պատմութիւն է եւ այդ պատմութիւնը կենդանի է. մեզի հետ կ՛ապրի, կը շնչէ, կը քալէ, կը մտածէ: Մենք ենք զինք ստեղծողը, մենք ենք զայն արժեւորողը:

Այս շաբաթ Աւագ շաբաթ է: Ինծի համար հոս հոգեկան կայք մը կայ: Մահուան յաղթանակի տեսլականը: Արդար է, որ վերագնահատենք մահուան ընբռնումը: Անոր երանութիւնը: Բոլորս ալ գիտակից ենք, թէ մահը կը մաշեցնէ նիւթը: Միայն հոգին է, որ կը խուսափի անոր ճիրաններէն: Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի մարդկային գիտակցութիւնը:

Եւ աւելի՛ն.  այս օրերուն, գրեթէ ամէն օր մոմ կը վառենք: Հայ ենք: Եկեղեցւոյ մէջ մեր Աստուծոյն մենք ջերմօրէն կրկին կը փորձենք հանդիպիլ: Անոր հետ մտերիմ զրուցել կ՛ուզենք: Ըսելիքներ շատ ունինք: Ունինք նաեւ անհամար եւ առաջնահերթ ակնկալութիւններ:

Ուստի կը փորձենք ի խորոց սրտի աղօթել ամէն բանի համար եւ ամէն բանի մասին:

Զատիկ է եւ հրաշքի յաղթանակի օրը: Պէտք է զգալ անցաւորն ու աստուածայինը եւ ապա մեծնալ: Հաւատք է պէտք թէ՛ տոկալու եւ թէ՛ ալ վերապրելու կամք, ամէն բանէ աւելի: Խորունկ բան մը կայ այս տօնին մէջ: Երկիւղած եմ: Մենք տառապած մարդիկ ենք, կը մտաբերեմ: Մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է: Մենք նման ենք ջուրին, բնութեան: Մեր ճակատագիրը մեր պատմութիւնն է: Միւս կողմէ, սակայն, երազ ունեցող մարդիկ ալ ենք:

Լռութեամբ կը կարդամ այս բոլորը: Անոր համար կ՛ուզեմ տեսնել նոր հայը: Իսկ եթէ գտնեմ, ես իմ երազին յաղթած պիտի ըլլամ: Այս բոլորը` իմ խոր զգացումով եւ հաւատքով: Ուստի Էականը տոկալն է: Չեմ ուզեր տեսնել, թէ անփոխարինելի բան մը փլած է մեր հոգիներուն մէջ, որովհետեւ այդ մէկը մահացու է:

Զատիկը Սուրբ Յարութեան տօնն է:

Կը հաւատանք եւ միշտ ալ հաւատացած ենք մեր ազգի յարութեան: Մեր պայքարի զէնքերը մեր ոգին եւ ապրելու կամքն են եղած: Առաւել` իր առաքելութեան հաւատացող ղեկավարը եղած է: Նաեւ` մեր գալիքին համար նոր ճամբաներ եւ լոյսեր որոնողը: Ժամանակը եւ մեզ նոյնացնող մեր յարատեւ աշխատանքը: Ժամանակն է անպայմանօրէն թօթուելու մեր էութիւնները,  վերագնահատութեան ենթարկելու մեր կեանքը, որպէսզի ծնի նոր ժամանակներու նոր հայութիւնը, ա՛յն հայութիւնը, որ իր ցեղին աւազանին մէջ մկրտուած էր:

Զատիկ է ըսի եւ ըսին: Հրամայական է, որ վերանորոգուինք: Կրկին ծնինք: Մեր պապենական հողէն զատ` յաւիտենականութեան չհաւատանք:

Զատիկ է, կը կարծեմ, որ ժամանակը եկած է, որ ազգովին մեր պատմութիւնը կրկնենք յարութեան շունչով:

bedig43@aol.com

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայ Ենք Եւ… Հայ Կը Զգանք

Յաջորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Գիր, Բառ, Խօսք Մարդանալ Հեռուով Եւ Մօտով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?