Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայ Ենք Եւ… Հայ Կը Զգանք

Ապրիլ 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-04-15_khemp11Հետաքրքրական է հետեւիլ Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիէն Մահճուպեանի կատարած արտայայտութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն` վերջերս Եւրոպայի մէջ կատարուած գիտաժողովներու ընթացքին:

Առաջին հերթին, յոյժ յիշատակելի է անոր գործածած «Հայոց ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը: Ան ամենայն պարզ եւ յստակ բացատրութեամբ կը նշէ, թէ պատմական իրադարձութիւնները մէկդի դնելով եւ «ցեղասպանութիւն» եզրին իրաւական սահմանումը նկատի ունենալով` 1915-ի պատահածը այդ մէկն էր, հետեւաբար, այսուամենայնիւ, զայն կարելի է ցեղասպանութիւն համարել:

Թէ՛ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած կլոր սեղանի մը ընթացքին եւ թէ՛ Պելճիքայի Կենթ քաղաքին մէջ «Նոր Թուրքիա» խորագիրը կրող գիտաժողովի մը ընթացքին Մահճուպեան շեշտեց, թէ ինք հայ է, սակայն աւելի օսմանցի կը զգայ, աւելցնելով, թէ ազգայնական մօտեցումով չէ, որ կը կատարէ այս հաստատումը:

Հաւանաբար Մահճուպեանի այս արտայայտութիւնը մոռացութեան կը մատնէ վերոյիշեալ գործածուած «Հայոց ցեղասպանութիւն» բացատրութիւնը եւ նոյնիսկ զայն կը գերակշռէ:

Պարզապէս հետեւելով վերջին ամիսներու կատարուած հաստատումներուն եւ յայտարարութիւններուն` Անգարայի կողմէ քարոզչական հետեւողական աշխատանք մը սկսած է գործել, ուր «Բոլորս ալ օսմանցի ենք» լոզունքով, կը փորձեն պղտորել եւ խառնաշփոթ վիճակ ստեղծել: Ամէնէն աւելի երկրորդական պետական ղեկավարներէն մինչեւ արտաքին գործոց նախարար, վարչապետ եւ նախագահ «Բոլորս ալ օսմանցի ենք» վարկածով, կը փորձեն իրենց իւրայատուկ համաշխարհայնացումը կատարել, երեւոյթ մը որ երբեք կարելի չէ բաղդատել Նոր Աշխարհի հալոցին` melting pot-ին հետ:

Նաեւ կարելի չէ երբեք բաղդատել Էթիէն Մահճուպեանի յայտարարութիւնը տասնեակ տարիներ առաջ հանրահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հանրածանօթ` «Ես հարիւր առ հարիւր հայ եմ եւ հարիւր առ հարիւր ֆրանսացի» հաստատումին, որ շատ աւելի զգացական բնոյթ ունէր եւ «Անոնք ինկան»-ը ներկայացնելու մէկ այլ մօտեցում մըն էր:

Դեռ աւելի՛ն. Էրտողանի, Տաւութօղլուի, Չաւուշօղլուի եւ Մահճուպեանի այս մօտեցումը «պղտոր ջուրի մէջ որսալու» նենգամիտ ոճ մըն է, որ ուղղակիօրէն կը հարուածէ ո՛չ թէ միայն հայը, այլ յատկապէս` հայ զգացող սփիւռքահայը:

Անգամ մը եւս յստակօրէն պէտք է զանազանել եւ յաւելեալ մանրամասնութիւնով եզրակացնել, որ Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդականն է, որ կը հաստատէ, թէ ինք օսմանցի կը զգայ:

Իսկ ծագումով հայ մը, որ Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականն է (այս պարագային, ծագումով հայ ըլլալը երկրորդական), կը գործածէ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Երեւոյթ մը, կամ ազդանշանի նշոյլ մը… շատ հեռու ճանաչումէն, արդարութենէն, պահանջատիրութենէն եւ հատուցումէն, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք,  որ թուրք բարձրաստիճան ղեկավարներ շարունակ կ՛այցելեն Ուաշինկթըն` Հայոց ցեղասպանութեան ի նպաստ բանաձեւեր քուէարկութեան ներկայացնելէ տարհամոզելու համար:

Նախորդը

Վարդօ. «1915, Երկու Փոքրիկներ Հայոց Ցեղասպանութեան Տառապանքին Մէջ». Գծանկարային Նոր Գիրք` Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?