Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Աշակերտները Այցելեցին Այնթուրայի Հայ Որբերու Գերեզմանը

Ապրիլ 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

16359466054_cd0c1001eb_o16955881166_95836f208c_oԵրկուշաբթի, 30 մարտ 2015-ին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան Այնթուրայի Սեն Ժոզեֆ վարժարանին մէջ գտնուող հայ որբերու գերեզմանը, ուր յիշատակի ու յարգանքի խօսքեր կարդացին Է. դասարանէն Ռուբէն Խաչատուրեան` ֆրանսերէն լեզուով, իսկ Նարօտ Խաչատուր` հայերէն: Ան ըսաւ.«Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկները ենթարկուեցան հրէշային բռնարարքներու: Իբրեւ հետեւանք, յառաջացաւ հարիւր հազարաւոր հայ որբերու բանակ մը, որ կորսնցնելէ ետք ծնողք եւ հարազատներ, մաքառեցաւ մահուան դէմ: Ու այնպէս, մարդակեր թուրքին արիւնոտ ձեռքով ստեղծուեցաւ հայ որբաշխարհը: Թրքական որբանոցներէն յատկանշական էր Ճեմալ փաշայի ստեղծած Լիբանանի մէջ Այնթուրայի որբանոցը: 1915-ին Ճեմալ փաշան Այնթուրա գիւղաքաղաքին մէջ ֆրանսացի Լազարիստ հայրերու Սեն Ժոզեֆ քոլեճը վերածեց որբանոցի եւ Պոլիսէն հրաւիրեց փանթուրքիստ գրող Հալիտէ Էտիպ հանըմը, որպէսզի կառավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ 1000 հայ որբերու իսլամացումը: Հայ որբերուն անունները փոխարինուեցան թրքական եւ արաբական անուններով, եւ անոնք ենթարկուեցան զանազան չարչարանքներու: Ծեծի տակ շատերը մահացան` հայերէն խօսելու յանցանքով: Մօտաւորապէս 300 հայ որբեր մահացան Այնթուրայի որբանոցին մէջ` սովի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառով: Երբ թուրքերը լքեցին որբանոցը ու հեռացան Լիբանանէն, որբանոցը կառավարուեցաւ լիբանանցի վարդապետներու կողմէ, որոնք որբերուն վերադարձուցին իրենց հայկական անունները: 1993-ին կաթողիկէ վարդապետները հայ որբերուն աճիւնները գտան քոլեճի եկեղեցւոյ յարակից դաշտին մէջ` շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին: Քոլեճի պատասխանատուները այս աճիւնները պահեցին եւ զետեղեցին վարդապետ հայրերու գերեզմանատան կից:

Այսօր 100 տարիներ անցած են այդ դաժան օրերէն: Մենք` շառաւիղները որբացած մեր քոյր-եղբայրներուն, կը խոնարհինք անոնց շիրիմներուն առջեւ` ուխտելով լուծել իրենց վրէժը. ըսելով վայրագ թուրքին, թէ մենք մեր ոսկեղինիկ լեզուով կը խօսինք մեր նահատակներուն հետ եւ նոյն լեզուով կը յայտնենք մեր սէրն ու երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին եւ ազնիւ մտադրութիւններով վերադարձուցին մեր քոյր-եղբայրներուն իսկական ինքնութիւնն ու հայկական անունները, պահեցին եւ խնամեցին ողջ մնացածները եւ զանոնք վերադարձուցին հայ ազգին: Մենք հպարտ եւ երախտապարտ ազգի զաւակներս` երբեք չենք մոռնար մեզի ձեռք երկարողները եւ յատկապէս մեր պատմութեան սեւ օրերուն մեզի օգնող մարդիկը: Շնորհակալութիւն ձեզի՛»:

Ապա աշակերտները երգեցին «Երազ իմ երկիր»-ը եւ ծաղիկներ զետեղեցին հայ որբերու շիրիմին:

 

 

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ «Սէրը Հայրենի Երգի Թեւերով»

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Երիտասարդական Կեդրոնը Շնորհաւորեց Ծերերուն Եւ Մանուկներուն Ս. Զատիկը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?