Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի. Կրնա՞յ Ըլլալ…

Ապրիլ 3, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ

Կրնայ չըլլալ, սակայն արժեչափներու խախտումի մեր օրերուն շատ բան կ՛ըլլայ ու կ՛անցնի անաղմուկ, կարծես բան պատահած չըլլայ:

Հայկական վարժարան մը տարեկան իր պազարը (իմա` Զատկուան տօնավաճառը) կը նուիրէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ մարդիկ լուրը կը կարդան ու կ՛անցնին կատարեալ անտարբերութեամբ:

Հայկական այլ վարժարան մը իր աշակերտները կը տանի Այնթուրայի որբանոց եւ… «Տրիմ Փարք» (իմա` ժամանցի խաղերու կեդրոն) եւ մարդ չ՛առարկեր, թէ նահատակ որբերու յիշատակին յարգումը ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ թեթեւ ժամանցի խաղավայր այցելութեան հետ: Արդեօք երկուքն ալ ազգային միեւնոյն արժէքն ու նշանակութիւնը ունի՞ն յիշեալ վարժարանի պատասխանատուներուն համար: Ինչո՞ւ այսքան անլրջութիւն նահատակներու հաշուոյն:

Հայկական միութիւն մը տարեկան իր ձեռնարկին կը պատրաստէ ու կը վաճառէ 100-ամեակի խորհրդանիշ` անմոռուկ ծաղիկի… կրկնեփներ եւ մեր մամուլը սովորական լուրի մը նման ձեռնարկին թղթակցութիւնը կը կատարէ ու կ՛անցնի:

Կը կազմակերպուի հինգ հարիւր հոգինոց ոգեկոչական ձեռնարկ մը, որուն ներկայ կը գտնուին չորս տեղացիներ, բայց ձեռնարկին երեք քառորդը կը կատարուի անգլերէն եւ արաբերէն խօսքերով, առանց որ չորս հարիւր իննսունվեց ներկաները հասկնան, թէ որո՞ւ ուղղուած են օտար լեզուով արտասանուած այդ պատգամները:

Կը տպուին տոմսեր, կը կատարուին յայտարարութիւններ, թէ ձեռնարկներ նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, եւ չի գտնուիր բանիմաց մը սրբագրելու համար, թէ Ցեղասպանութեան զոհերու հոգեհանգիստը չէ՛ որ կը կատարենք, որպէսզի տարելից նշենք, այլ` Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի մը քաղաքական դատն է որ կ՛արծարծենք 100-ամեակի ձեռնարկով: Տարելիցը իր մէջ ունի սուգի արտայայտութիւն, կրօնական հնչեղութիւն, ինչ որ շատոնց շրջանցած ենք ազգովին եւ թեւակոխած ենք պայքարի եւ հատուցման հանգրուանը, ուր սուգը, թախիծն ու տխրութիւնը իրենց տեղը զիջած են իրաւատիրութեան, պահանջատիրութեան եւ քաղաքական յանձնառութեան: Մենք կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ ո՛չ թէ տարելիցը: Տարելիցը կը նշուի եկեղեցիներու մէջ, Ս. պատարագով եւ հոգեհանգիստով, մինչդեռ 100-ամեակը կը յիշատակուի յատուկ հանդիսութիւններով:

Ու դեռ, դիմատետրի վրայ կայ աւելին: Հայորդի մը (որուն անունը կը խնայենք ընթերցողներուն) առանց ամչնալու կը ներկայացնէ անմոռուկ ծաղիկով կնոջական արուեստական եղունգներ, թաշկինակներ, հովանոցներ, կարկանդակներ, նուէրի թուղթեր եւ ինքնաշարժի զարդարանքներ… եւ չի գտնուիր մէկ հոգի, որպէսզի ենթակային հասկցնէ, թէ եղբայր ի՜նչ կ՛ընես, որո՞ւ կ՛ընես, ինչո՞ւ կ՛ընես:

Ամէն ինչ իր չափին ու սահմանին մէջ ընդունելի է եւ հասկնալի: Սակայն երբ չափն ու սահմանը կը խախտին, շատ բան կրնայ խախտիլ մեր ազգային արժէքներէն, ինքնութենէն եւ դիմագիծէն:

Կ՛արժէ լրջօրէն մտածել այս բոլորին մասին եւ հարց տալ, թէ իրապէս կրնա՞յ ըլլալ…

 

 

Նախորդը

Աւագ Հինգշաբթին Եւ Ոտնլուայի Կարգը` Լիբանանի Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ

Յաջորդը

Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի 2015-ի Անդրանիկ Նիստը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?