Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ «Սէրը Հայրենի Երգի Թեւերով»

Ապրիլ 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-27-15_sourp-Khatch-(2)3-27-15_sourp-Khatch-(1)Հայապահպանման կարեւորագոյն զէնքերէն մին է հայ մշակոյթը, ուստի անոր դերը լիարժէք գնահատելով եւ անոր փրկարար գործածութիւնը շարունակելով` հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը իր կրթական առաքելութեան կողքին կ՛ըլլայ նաեւ հայ մշակութային արժէքներու պահպանման ու տարածման ջահակիրը:

Հաւատալով, որ հայ մշակոյթը կը պահպանուի այնքան ատեն որ մեր նորահաս սերունդները հաղորդակից կը պահենք մեր մշակոյթի կենսունակութեան, Ս. Խաչ վարժարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպեց հայկական ժողովրդական եւ գուսանական երգերու համերգ մը` «Հայ համերգ»-ին հետ համագործակցաբար եւ մասնակցութեամբ հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներու, ներկաներուն պարգեւելով հայ մշակոյթով հաղորդուելու գեղեցիկ առիթ մը եւ բոլորին յիշեցնելով, որ ազգապահպանման մեր դժուարին պայքարին ամէնէն ազդու զէնքերն են հայ մշակոյթի անկորնչելի գանձերուն պահպանումն ու թարմացումը, եւ մանաւանդ` սերունդէ սերունդ անոնց անխաթար փոխանցումը:

Արդարեւ, ուրբաթ, 27 մարտ 2015-ի երեկոյեան, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, երկու ժամուան տեւողութեամբ, ժողովրդական եւ գուսանական երգերու ունկնդրութեան որակաւոր եւ հիանալի պահ մը փոխանցեցին` Նարինէ Տոխոյեան, Գրիգոր Միրզոյեան եւ Մարինա Ռոստոմեան (մենակատարներ), Վարազդատ Խաչումեան (ջութակ) եւ Սամուէլ Յովհաննիսեան (դաշնամուր) հայրենի արուեստագէտները: Ելոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ արուեստագէտներ` Յակոբ Քելուկեան (տուտուկ) եւ Գէորգ Քէօշկէրեան (տհոլ):

Գուսան Շերամի, Գուսան Աշոտի, Աշուղ Ջիւանիի, Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Ալեքսէյ Հեքիմեանի, Վլատիլէն Պալեանի եւ այլոց ստեղծագործութեամբ մեր ժողովրդական եւ գուսանական անմահացած եւ յաւերժացած երգերու բացառիկ ներկայացումը ներկաներուն տուաւ թեւեր, որոնցմով անոնք ապրեցան սէրը, հայրենասիրութիւնը եւ մարդկային ամէնէն գեղեցիկ զգացումները:

«Հայ համերգ»-ը, յանձինս Յակոբ Գույումճեանին, եւ վարժարանի տնօրէնութիւնը միասնաբար եկան ապացուցելու այն համոզումը, որ չի մեռնիր այն ժողովուրդը, որ մեզի նման երգել գիտէ: Եւ ա՛յս եղաւ պատգամը «Սէրը հայրենի երգի թեւերով» ելոյթին:

Նշենք նաեւ, որ համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ Զատկուան անուշեղէններու եւ հայկական գեղարուեստի գործերու ցուցահանդէս-վաճառք:

Նախորդը

«Ունեցածդ Ամուր Բռնէ»

Յաջորդը

Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Աշակերտները Այցելեցին Այնթուրայի Հայ Որբերու Գերեզմանը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?