Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքերու Հետ. Գիր, Բառ, Խօսք Մարդանալ Հեռուով Եւ Մօտով

April 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

4-04-15_Balian_KirkՍփիւռքահայ գրող, մտաւորական, ազգային գործիչ եւ փնտռուած բանախօս Յակոբ Պալեանի մէկ նոր գիրքն է այս` «Գիր, բառ, խօսք, մարդանալ հեռուով եւ մօտով»: Գիրքը լոյս տեսած է մեկենասութեամբ դպրոցաշէն բարերար, Գէորգ Հայկ Արապեանի, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն:

Հատորը կը պարփակէ բազմաթիւ գիրքերու գրախօսականներ եւ գրադատական յօդուածներ` հայերէն եւ ֆրանսերէնով գրուած գիրքերու վերաբերեալ, նաեւ` թարգմանութիւններ:

Յակոբ Պալեան ամենայն հարազատութեամբ եւ սրտցաւ խոհերով կը քննարկէ տուեալ հատորները եւ հայ գիրքին եւ հայ գրողին ճակատագրուած անտարբերութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` հայոց աղճատումը եւ հայ գիր ու գրականութեան լեզուին հանդէպ ներկայի մեղանչումը:

Քանի մը տասնեակ գիրքերու եւ գրողներու մասին խորհրդածութիւններ, անցեալի եւ ներկայի հայ գիրքին եւ գրականութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններ:

455 էջերէ բաղկացած պատկառելի հատոր մը, ուր զետեղուած են 90-ական թուականներէն սկսեալ հեղինակին կատարած գրադատումները` առանց խորանալու այս գիրքերուն բովանդակութեան մէջ: Նոյն ատեն կը պախարակէ հայ գիրքին անտէր մնացած ըլլալը, մասնաւորաբար` վերջին 20-ամեակը, երբ համացանցը իր վճռական խօսքը տարածեց հայ գիրքին ու գրականութեան մոռացութեան:

Յ. Պալեան օրինակներով կը մատնանշէ կարգ մը ցաւեր այս կապակցութեամբ: Օրինակի համար, կրկնութեան գնով, չորս անջատ յօդուածներու մէջ յիշած է բանաստեղծ Զուլալ Գազանճեանի վերաբերումը, երբ ան միայն 200 օրինակ գիրք  լոյս ընծայած է իր բարեկամներուն նուէր տալու համար, այս երեւոյթը ցաւագին կերպով կրկնած է մատնանշելու համար, թէ ի՛նչ աստիճանի անկում կրած է հայ ընթերցողին գիրքին հանդէպ ունեցած տրամադրութիւնը: Ան կ՛ափսոսայ տպուած հիանալի հատորներու համար, որոնք բանտարկուած կը մնան տուներու եւ ակումբներու գրադարաններու մէջ: Ան տեսած է փողոցը թափուած գիրքերը, որոնց տէրերը ուրիշ ճար չեն գտած ձերբազատելու համար:

Ան կը յիշէ Բենիամին Թաշեանը, որուն գրած «Թիւրն ու թերին» գիրքին մէջ, լայնօրէն բացատրուած են հայերէնախօսութեան եւ գրաճանաչութեան մասին հիանալի մատնանշումներ` սորվելու համար:

Յ. Պալեան միայն հայ գրականութեամբ չի հետաքրքրուիր, այլեւ` օտար գրականութեամբ, մասնաւորաբար` «Նոպէլեան գրական մրցանակ»-ի, արժանացած հեղինակներու գործերով, որոնցմէ թարգմանաբար էջեր ներկայացուցած է այս հատորին մէջ, օրինակ` Ժան-Մարի Կիւսթաւ, Ֆրանսուա Մորիաք, «Զրոյց Ալեքսանտր Սոլիժենցինի հետ», Մանուէլ Վալս, Ֆրանչեսքօ Փեթրարք, Հերման Հեսս, որոնց մասին Պալեան հիացումով կ՛արտայայտուի եւ ընթերցողը եւս մասնակից կը դարձնէ իր զգացած հոգեմտաւոր խնդութեան:

Այս հատորին հեղինակը ամենայն խղճմտութեամբ թարգմանութիւններ կատարած է բանաստեղծուհի Հուրի Իփէկեանի ստեղծագործութիւններէն` նոյն ատեն խօսելով մոռացութեան մատնուած բանաստեղծուհիին կենսագրութեան մասին:

Հայ գիրքին հանդէպ ներկայի անտարբերութիւնը կը վերաբերի ընտանեկան մթնոլորտի, հայոց լեզուի ուսուցիչին եւ հայ դպրոցին, որոնք եթէ հարկ եղած ջանասիրութիւնը ցոյց տան, այս սրբագրելի կացութենէն կրնանք մասամբ փրկուիլ: Քանի մը յօդուածներու մէջ շեշտած է այս պարագան, երանի թէ իր միտքերը հասնէին համացանցին սիրահարած անգէտներուն: Պալեան չէ յոգնած անդադար շեշտելու այս ճշմարտութիւնը` նոյն ատեն ողբալով տուներու, ակումբներու, դպրոցներու գրադարաններուն մէջ պահ դրուած հատորներուն որբացումը:

Հեղինակը իր այս բազմատեսակ թեմաներով եւ միեւնոյն ատեն հայ գիրքին եւ գիրին ճակատագիրը շեշտելով, ուղղութիւն կու տայ ընթերցողին` խելքի գալու, սիրելու հայոց լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը, ապրելու համար արեւմտահայերէնի մեսրոպաշունչ գեղն ու հմայքը: Ան խօսքը կ՛ուղղէ նաեւ մեր ղեկավար դասուն, որպէսզի հետաքրքրուի անկումի ճամբան բռնած հայոց լեզուին հայ «Գիր, բառ, խօսք»-ին տիրական պահպանման, կորուստէ փրկելու համար հայ ազգին լինելութեան թարգման հայոց լեզուն, հայ գիրքը եւ հայ մշակոյթը:

Յիշենք նաեւ, որ Յ. Պալեան օտար լեզուներով գրող հայ գրողը չի նկատեր, այլ` օտար գրող: Հայ գրականութիւնը կը շնչէ ու կ՛ապրի միայն հայ լեզուով, հայերէն տառերով: Շնորհակալութի՛ւն Յ. Պալեանին, իր այս սքանչելի նուէրին համար:

 

 

Նախորդը

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Յաջորդը

Արտահանէն Միջին Արեւելք` Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Ոտնահետքերով

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.