
Երեք երիտասարդներ` Կորիւն Աբրիկեան, Ստեփան Թորոսեան եւ Ժան-Պլեզ Ճիան, Փարիզի մէջ յաջողութեամբ աւարտին հասցուցած են Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ պատրաստուած գծանկարային գիրքի տպագրութիւնը (Bande Dessinée)` «Ստայնքիս» հրատարակչութեան կողմէ: Երկխօսութիւնը ստանձնած է Ժան-Հլեզ Ճիան:
Փարիզի Փորթ տը Վերսայ գիրքի ցուցահանդէսին ընթացքին հեղինակները ներկայացուցած են գծանկարային երիզ-գիրքը ու ստորագրած զայն: Գիրքը վաճառքի պիտի դրուի գրավաճառներու մօտ, 1 ապրիլ 2015-էն սկսեալ, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի տարածքին:
24 ապրիլ 2015. մարդկութիւնը կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Երեք հեղինակներ, ծնած` սփիւռքի տարածքին, Ստեփան Թորոսեան, Կորիւն Աբիկեան եւ Ժան-Պլէեզ Ճիան, կը բերեն իրենց մօտեցումը դէպքերուն, ճշմարտութեան եւ հաշտութեան կամքով:
Ակնարկ` Գծանկարային-Երիզ Գիրքին Նիւթին
Ապրիլ 1915, Համաշխարհային Ա. պատերազմը աղէտ կը գործէ Եւրոպայի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ: Կը սկսին առաջին տեղահանութիւնները քրիստոնեաներուն` Անատոլիայի տարածքին: Թուրք պատանիի մը` Հասանի, հայրը զաւկին կը վստահի վտանգաւոր պարտականութիւն մը. ապահով տեղ հասցնել երկու հայ փոքրիկները` Մարիամն ու Վարդոն: Ճամբան վտանգաւոր է. փախստական լեռնականներ, զինուորներ կը թափառին, անդին շուներ կը սլքտան, վերապրողներ` ասդին-անդին: Երեք ճամբորդները կը հասնին իրենց տեղը, սակայն ի՜նչ վիճակի մէջ: Դար մը վերջ իրենց հետեւորդները կը մեծնան, ոմանք Թուրքիոյ, ուրիշներ Արեւմուտքի մէջ: Ինչպէ՞ս հաստատել կապ մը իրենց միջեւ:
Գիրքը կը ներկայացնէ նաեւ յաւելուած բաժին մը` 16 էջնոց, Հայոց ցեղասպանութեան մասին, կու տայ անոր պատմականը եւ այժմէականութիւնը:
Թուրք հայրը կ՛ըսէ զաւկին` Հասանին. «Զաւա՛կս, լաւ լսէ զիս. Կարապետը բարեկամս է, խօսք տուած եմ, պէտք է որ այդ փոքրիկները ողջ-առողջ հասցնես իրենց մօրեղբօր, իր բնակած գիւղը»:
Յ.Թ.