«Ունեցածդ Ամուր Բռնէ»
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովանաւորած Ջանից երիտասարդաց ընկերակցութիւնը եղած է բազմաթիւ երիտասարդներու հոգեւոր եւ ազգային ինքնութիւններու կազմաւորման կռուան: Շաբաթական դրութեամբ կազմակերպուող յայտագիրներուն առընթեր` առիթ կ՛ունենայինք ամրան շրջանին մասնակցելու համագումարներու, որոնք տակաւին կը շարունակուին Պէյրութի եւ Քեսապի ՔՉԱԿ կեդրոններուն մէջ: Կար ժամանակ, երբ համագումարները կ՛ըլային միացեալ. Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ տարածաշրջանային այլ երկիրներէ երիտասարդներ քով-քովի գալով` մէկ շաբթուան ընթացքին կը...



















