Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Վաճառողները Դատ Բացած Են «Ամերիքանա»-ի Դէմ` Իրենց Քաղաքացիական Իրաւունքները Խախտելուն Համար

Ապրիլ 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Անցեալ ամիս տեղեկացուցած էի, որ Կլենտէյլի մէջ գտնուող «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնը երեք հայ երիտասարդներու արգիլած էր վաճառել Ցեղասպանութեան վերաբերեալ շապիկներ` անոնց վարձած սեղաններէն:

Յօդուածս համացանցի վրայ տեղադրուելէն եւ առեւտուրի կեդրոնին դէմ բողոքի մեծ ալիք յառաջացնելէն կարճ ժամանակ անց, «Ամերիքանա»ի տնօրէնութիւնը Դիմատետրի իր էջով հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Մենք կ՛ուզենք ներում հայցել մեր վաճառասեղանը վարձած Թինա Չուլճեանէն, Ալեքս Գոտակոլեանէն եւ Արմին Հարիրիէն (յայտնի` որպէս ռեփըր «Ար-Մին»)` անոնց կողմէ վաճառուող ապրանքներուն առնչուած թիւրիմացութեան համար: Աւելի քան ողջունելի է վարձակալներուն կողմէ խնդրոյ առարկայ հանդիսացող իրենց ապրանքներուն ցուցադրութիւնը վաճառասեղաններուն վրայ»:

Թէեւ «Ամերիքանա»ի ներողութիւնը ողջունելի էր, սակայն հապճեպ տեղադրուած գրառումը կը խեղաթիւրէր անոր անօրինական որոշումը` զայն անուանելով «թիւրիմացութիւն»: Տարօրինակ է, որ առեւտրական կեդրոնը ինքզինք չի յոգնեցներ վարձակալներուն տեղեկացնելու, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ հագուստի վաճառքի արգելքը վերցուած է:

Մերժելով այս կիսատ-պռատ ներողութիւնը, քանի մը հարիւր զայրացած հայեր բողոքի ցոյց կազմակերպեցին «Ամերիքանա»ին առջեւ` երեք հայ վարձակալներուն հանդէպ անոր անընդունելի արարքին համար: «Կլենտէյլ Նիւզ Փրէս»-ը լուսաբանեց բողոքի ցոյցը եւ տարակարծութիւնը` երեք յօդուածներու շարքով, որոնք յաջորդեցին այս թեմայով իմ սկզբնական յօդուածիս:

Ապշեցուցիչ է, որ Կլենտէյլի մեծագոյն ընկերութիւնը կրնայ այսպէս անհոգ կերպով վարուիլ իր մեծ թիւով հայ յաճախորդներուն` քաղաքի բնակչութեան գրեթէ կէսին հետ, ուր քաղաքապետական խորհուրդի հինգ անդամներէն երկուքը, որոնց մէջ քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը, հայ են: Բացի ատկէ, քաղաքապետական իշխանութիւնները «Ամերիքանա»-ի սեփականատէրերուն նիւթական շռայլ օժանդակութիւն տրամադրած էին Կլենտէյլի մէջ իրենց գործարարութիւնը հաստատելու համար:

Քաղաքապետ Սինանեան շատ խիստ արտայայտուած էր «Ամերիքանա»-ի ամբարտաւանութեան վերաբերեալ: Ան «Նիւզ Փրես»-ին ըսաւ, որ յուսախաբ էր «Ամերիքանա»-ի տնօրէնութեան «անմիտ հակազդեցութենէն», եւ որ` առեւտրական կեդրոնին յարաբերութիւնները հայկական համայնքին հետ «աղօտած էին»: Քաղաքապետը նաեւ զարմանք արտայայտեց, որ «Ամերիքանա»-ն կրնար «այդքան անզգայ» ըլլալ իր յաճախորդներու մեծամասնութեան հանդէպ, որ հայ է:

Մարտ 13-ին երեք վաճառողները` Թինա Չուլճեանը, Ալեքս Գոտակոլեանը եւ Արմին Հարիրին, իրենց ընկերութեան` «Փենթակոն Ռեքըրտզ»-ի անունով հայց ներկայացուցին Լոս Անճելըսի Գերագոյն դատարանին` «Ամերիքանա»-ի, «Քարուզօ Հոլտինկ»-ի եւ քանի մը այլ անանուն ամբաստանեալներու դէմ` զանոնք մեղադրելով հինգ տարբեր խախտումներով.

1. Համաձայն Միացեալ Նահանգներու օրէնսգիրքի (42, հատուած 1983) սահմանադրական եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն` Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան առաջին բարեփոխութեամբ պաշտպանուող խօսքի ազատութեան իրաւունքի խախտում.

2. Համաձայն Միացեալ Նահանգներու օրէնսգիրքի (42, հատուած 1985(3)) սահմանադրական եւ քաղաքացիական իրաւունքներուն` խտրական դաւադրութեամբ զբաղիլ, հայցուորները օրէնքի հաւասար պաշտպանութենէն զրկելու նպատակով.

3. Անրուի կոչուող քաղաքացիական իրաւունքներու օրէնքի Քաղաքացիական օրէնսգիրքի 51-52-րդ հատուածներու խախտում. հայցուորներու ամբողջական եւ հաւասար կարելիութիւններու, առաւելութիւններու, արտօնութիւններու եւ ծառայութիւններու մերժում իրենց հայկական ծագման պատճառով եւ ամբաստանեալներու խտրական, կամայական եւ անխոհեմ վարքի դրսեւորում` առանց որեւէ օրինական գործարարական շահի.

4. Քալիֆորնիոյ գործարարութեան եւ մասնագիտութիւններու օրէնսգիրքի հատուած 17,200-ի խախտում. ամբաստանեալները հայցուորներուն նկատմամբ ցուցաբերած են անարդարացիօրէն խտրական վերաբերմունք եւ զբաղած են հակաօրինական գործարարութեամբ.

5. Պայմանագիրի խախտում. «Ամերիքանա»-ն խախտած է համաձայնագիրը` թոյլ չտալով երեք առեւտրականներուն վաճառել Shop1915.com կայքին առնչուող ապրանքները, ներառեալ` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ապրանքներ:

Հայ վաճառողները խնդրեցին, որ դատարանը ընդհանուր, պատժիչ եւ եռակի վնասի փոխհատուցում նշանակէ «Ամերիքանա»-ին: Հայցուորներուն փաստաբան Ռիչըրտ Ֆոսթըր յայտարարեց, որ ինք դատական հայց ներկայացուցած էր «ամբաստանեալներու խայտառակ վարքագիծին պատճառով… որ նողկալի եւ անյարգալից է ոչ միայն պաշտպանեալներուս, այլ նաեւ հայկական համայնքին համար, յատկապէս` Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ընդամէնը քանի մը շաբաթ առաջ»: Ֆոսթըր աւելցուց. «Ամբաստանեալները պետական զգալի օժանդակութեան շահառուներ են, եւ որպէս այդպիսին` պէտք է ձեռնպահ մնան նման խտրական վարքագիծէ»:

Միայն հայ վարձակալներուն կողմէ դատական հայց ներկայացնելէ ետք է, որ «Ամերիքանա»-ն անոնց նամակ յղած է` տեղեկացնելով, որ այժմ անոնց «կը թոյլատրուի ցուցադրել եւ վաճառել Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ապրանքները»:

Հայ համայնքը եւ Կլենտէյլի բոլոր բնակիչները, որոնք մտահոգուած են քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, պէտք է «Ամերիքանա»-ի սեփականատէրերուն համար յստակ դարձնեն, որ իրենք չեն հանդուրժեր նման անօրինական եւ խտրական վերաբերմունք ընկերութեան մը կողմէ, որ հանրային միջոցներու շահառու է եւ վաճառքի հասոյթին մեծ մասը կը ստանայ հայ յաճախորդներէն:

Եթէ «Ամերիքանա»-ն հրաժարի ուղղել իր կեցուածքը եւ չկարենայ վստահեցնել համայնքի ղեկավարներուն, որ այլեւս նման սխալ վերաբերում պիտի չցուցաբերէ, ապա Կլենտէյլի բնակիչները պէտք է պոյքոթի ենթարկեն առեւտուրի կեդրոնը, շարունակեն իրենց բողոքի ցոյցերը եւ կոչ ուղղեն քաղաքապետական խորհուրդին` ձեռնարկելու վճռական քայլերու, որոնց շարքին` վերցնելու նախապէս յատկացուած ֆինանսական օժանդակութիւնը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Արտահանէն Միջին Արեւելք` Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Ոտնահետքերով

Յաջորդը

Հանգստացնող Խմբագիրը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?