Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եթէ Կը Հաւատանք Աստուծոյ Կամքին, Կ՛ապրինք Ու Կը Ժառանգենք Յարուցեալին Կեանքը

Ապրիլ 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք:
Հոս չէ ան. յարութիւն առաւ»:
Ղուկաս 24:5

4-04-15_PanossianԱյս պատգամը փոխանցուեցաւ հարազատի մը կորուստով վշտահար դարձած այն կիներուն, որոնք բարեպաշտական մղումով, կիրակի առաւօտուն քաջութիւնը ունեցան այցելելու Քրիստոսի գերեզմանը, որպէսզի այնտեղ աղօթելով ու խունկ ծխելով, մխիթարութիւն գտնեն: Սակայն, գերեզմանի մուտքին, անոնք սարսափի մատնուեցան, երբ նշմարեցին, որ իրենց մտահոգութիւն պատճառող հսկայ գերեզմանաքարը մէկդի դրուած էր եւ դատարկ էր նաեւ իրենց Վարդապետին դամբարանը:

Անորոշութեան եւ շուարումի այդ պահուն, յանկարծ, գերեզման այցելող այս բարեպաշտ կիները նշմարեցին երկու լուսազգեստ մարդիկ, որոնք իրենց հետ խօսելով ըսին.

«Ինչո՞ւ ողջը մեռելներուն մէջ կը փնտռէք: Հոս չէ ան. յարութիւն առաւ»:

Քրիստոսի դամբարանին դիմաց, հրեշտակներուն կողմէ արտասանուած այս խօսքերուն ընդմէջէն, Աստուած իր կամքն ու փառքը կը յայտնէր աշխարհին:

Արդարեւ, Յիսուսի յարութեան հռչակումով, Աստուած աշխարհին կը պարզէր, թէ Քրիստոս յարութիւն առաւ եւ յաղթեց մահին եւ թէ` մահը վախճանը չէ ամէն բանի:

Եթէ կը հաւատանք ու կը յանձնուինք Աստուծոյ կամքին, կ՛ապրինք ու կը ժառանգենք Յարուցեալին կեանքը: Իսկ եթէ չենք հաւատար, ապա, մեզի համար ալ մահը վերջն է նաեւ ամէն բանի: Այո՛, մարդկային մեր տրամաբանութիւնը չի կրնար լիապէս ըմբռնել յարութեան հրաշքը եւ չի կրնար պատասխան տալ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր հարցերուն ու երեւոյթներուն, սակայն, հոն, ուր տրամաբանութիւնը կը դառնայ անզօր, առ Աստուած հաւատքը կ՛արտայայտուի եւ կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան փաստը կը հաստատուի:

 

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Ահաւասիկ, զատկական մթնոլորտի մէջ, դարձեալ վերաքաղը կը կատարենք աւելի քան երկու հազարամեակներու պատմութեան վկայութիւնը կրող Յիսուսի յարութեան դէպքին, որպէսզի կրկին անգամ զգանք, որ խաւարի կողքին, կայ նաեւ լոյսը, նեղութեանց եւ տագնապներու դիմաց, կեանքին մէջ կայ նաեւ Աստուծոյ մշտական ներկայութեան ապացոյցը եւ յարութեան անասելի մխիթարութիւնը, որ դարեր շարունակ, յատկապէս մեր ժողովուրդին համար, եղաւ կենսատու ուժ, գոյութեան խորհուրդ եւ անսպառ յոյսի ներշնչարան:

Անկասկած, այս տարի, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը յուշող այս հանգրուանին, Ս. Յարութեան տօնը ազգովին կը դիմաւորենք տարբեր զգացումներով ու սպասումներով, որովհետեւ, հարիւր տարիներու մաքառումներէ ետք, մենք այլեւս մեր մէկուկէս միլիոն զոհերը չենք փնտռեր մեռելներուն մէջ եւ անոնց անասելի մահուան սարսափը այսուհետեւ չի հալածեր մեզ: Ընդհակառակն`  այսօր հպարտութեամբ եւ հաճութեամբ կը յիշենք ու աշխարհին ալ կը յիշեցնենք, թէ հաւատալով Յարուցեալին, թէկուզ եւ ամբողջ մեր ժողովուրդը անցաւ մահուան բովէն ու քալեց մարտիրոսներու ճամբով, ահաւասիկ, մենք պատնէշի վրայ ենք եւ կը մնանք մեր նահատակներու կերտած փառքին ժառանգորդները:

Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին առիթով, ցնծութեամբ զԱստուած փառաւորելով, կը փառաբանենք նաեւ սրբութեան շղարշ զգեցած մեր նահատակները, որովհետեւ անոնք մեռան այնպիսի հաւատքով, որ մեր ազգութեան դիմաց բացաւ անմահութեան տանող ճանապարհներն ու յաւիտենականութեան առաջնորդող ուղիները:

Այսօր ալ, ողջ հայութեան համար, յարութեան հաւատքը կեանքի ընթացք է, որ կ՛իրագործուի բոլոր մակարդակներու վրայ միահամուռ ճիգով, հաւաքական յանձնառութեամբ ու ազգի եւ հայրենիքի կեանքին մեր բերած բոլորանուէր մասնակցութեամբը:

Ահաւասիկ, զԱստուած ապաւէն ունենալով եւ մեր սրտերուն մէջ պահելով Հայաստանն ու մեր հոգիին եւ տեսիլքներուն մէջ ապրեցնելով մեր զոհերուն յիշատակն ու կտակը, հարիւր տարիներ շարունակաբար, սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ իսկ, մենք յաջողեցանք ապրիլ եւ հզօրանալ մեր նահատակներով ու համազգային պահանջատիրութեան գիտակցութեամբ դիմագրաւել կեանքը` շարունակաբար ձգտելով մեր ազգային անմահ տեսիլքներուն ու իղձերուն:

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, ջերմագին մաղթանքներով կ՛ողջունենք ամբողջ լիբանանահայութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս հանգրուանին, նոր ոգի եւ նորոգեալ կամք ու հաւատք կը ցանկանք թեմիս հոգեւորականաց դասուն, ժողովականութեան, մեր եկեղեցիներուն եւ վարժարաններուն, մեր կառոյցներուն, մարմիններուն ու ազգի կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութեանց:

Կ՛աղօթենք, որ յարութեան հաւատքը հեղ մը եւս ոգեւորէ մեր հաւաքականութիւնը, որպէսզի հայ ժողովուրդի լինելութեան պայքարին մէջ եւ մեր արդար պահանջներուն դիմաց, առաւել եւս ամրանայ Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութիւնը եւ զօրանայ ազգային մեր միասնականութիւնը` ի խնդիր մեր տեսիլքներու եւ  իրաւունքներու ամբողջական յաղթանակին:

Սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

 

Նախորդը

Յիսուս Քրիստոսի Յարութիւնը Մեր Հաւատքի Կեդրոնական Օրն Է

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ս. Զատկուան Պատգամը. Կարելի Չէ Ճշմարտութիւնը Գերեզմանել

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In