Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտահանէն Միջին Արեւելք` Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Ոտնահետքերով

Ապրիլ 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Էրհան Արըք
Էրհան Արըք

Իւրաքանչիւր ուսէն լուսանկարչական գործիք մը կախած, շրջուն գլխարկը դրած ու կռնակին պայուսակ մը շալկած` Էրհան Արըքն է, որ կը քալէ լիբանանահայ գաղութին կերտած առօրեային ու վառ պահած հայկական մշակոյթին եւ արուեստին ոտնահետքերով: Իր ոսպնեակը ուղղելով զանազան հայկական մշակութային ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ` գաղութին մեզի համար աննշմար ամէնօրեայ հեւքին, ան կը փորձէ լուսանկարել Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն արիւն քրտինքով շաղախուած հայկականութիւնը: Պատահական չէ, որ Էրհան Արըք ընտրած է այս ժամանակահատուածին Լիբանան գտնուիլ` աշխատելու համար Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներուն շառաւիղներուն նուիրուած իր ծրագիրին վրայ: Ծրագիրը կը կոչուի «Յիշելով» («Remembering»), որ կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն յուշերուն եւ անոնց ժառանգորդներուն կենցաղային պայքարին: Թէեւ 1915-ի սերունդէն հաւանաբար ոչ մէկ վկայ տակաւին ողջ է, բայց ողջ ըլլալով անոնց ժառանգած վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ` 1920- 1930-ական թուականներուն անգամ մը եւս արտագաղթի ենթարկուած հայերուն ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, Արըք կը փորձէ ներս անցնիլ այն դռնէն, որ կը բաժնէ լիբանանահայը Թուրքիոյ քաղաքացիէն:

Արտահանը` Իր Հետաքրքրութեան Սկիզբը

Արմատներով Ախալցխայէն` Էրհան Արըքին գերդաստանին մեծամասնութիւնը, խուսափելու համար խորհրդային հալածանքներէն, 1930-ական թուականներուն անցած է այն ժամանակ արդէն իսկ իր հայ եւ յոյն բնակչութենէն զուրկ Արտահանի շրջան, ուր ծնած ու մեծցած է Էրհան Արըք: «Հայրս միշտ ըսած է, որ Արտահանի մէջ հայեր եւ յոյներ ապրած են ժամանակին, եւ եթէ նոյնիսկ ըսած չըլլար այդ մէկը, Արտահանի մէջ մենք կ՛ապրէինք հայերուն յուշակոթողներուն մէջ», կը պատմէ Էրհան:

Այս ըսելով` ան կը խօսի հայերուն նկատմամբ իր մէջ արթնցած հետաքրքրութեան եւ յուզումին մասին: Էրհան Արըք կ՛ըսէ, որ իր ուսանողական տարիներուն համադրած է լուսանկարչական ծրագիր մը, որ լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ տարբեր ինքնութիւնները: Այս մէկը առիթ ընծայած է իրեն` աւելի մօտէն ծանօթանալու տարբեր ինքնութիւններու տէր Թուրքիոյ քաղաքացիներու հետ, որոնցմէ է հայկական ինքնութիւնը: Իր ենթագիտակցութեան մէջ ունենալով Արտահանի իր կեանքն ու Արտահանի թաղերուն մէջ հայկական ուրուականը` գիշեր մը Արըքին երազին մէջ հայ մը իրեն կ՛այցելէ: Մտնելով Արտահանի իր տունը` Արըքին երազին մէջ հայը զինք կը յանդիմանէ հայերուն օճախը ախոռ դարձնելուն համար: «Երազիս մէջ մարդ մը կը պախարակէր զիս` ըսելով, որ աւերած եմ իրենց տան սրբութիւնը` օճախը, եւ հաշիւ կը պահանջէր ինձմէ», կը պատմէ Էրհան: «Այդ ժամանակաշրջանին տարբեր ինքնութիւններու ծանօթանալս զիս աւելի քաղաքականացուցած էր արդէն, եւ ես արդէն ալ աւելի ազատական ձախակողմեան դարձած էի, եւ քանի որ քաղաքական գետնի վրայ գործունեայ եմ, անկարելի էր ինծի համար մասնակցիլ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը դատապարտող ցոյցերուն, առանց անդրադարձ կատարելու Արտահանի մէջ հայկական օճախներ ախոռի վերածելու արարքներուն: Հայկական օճախը անտեսելը եւ Հրանդ Տինքին համար ցոյցի մասնակցիլը հակասական կը դառնան եւ ճշմարիտ պահանջատիրութիւն չեն կրնար ըլլալ: Այս հակասութեան վերանայումը զիս գործի լծեց: Հայկական հարցին մասին աւելի ծանօթանալու եւ անոր մասին աշխատութիւն մը ընելու փափաքիս մասին խօսեցայ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսթուքեանին հետ, որ խորհուրդ տուաւ վերադառնալ գիւղս ու հարցնել հօրս, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հողագործութեան ժամանակ երգած «Հորովել» երգը, որ շատ յաճախ ես ալ կ՛երգէի անզգալաբար: Ինծի համար հետաքրքրական էր, որ հայրս ոչ միայն չէր գիտեր երգին իմաստը, այլ նաեւ զայն կը նկատէր հին թրքերէն լեզուի պատկանող երգ»:

Առաջին Ծրագիրը` «Հորովել», Որմէ Ծնունդ Առաւ
Երկրորդ Ծրագիրը` «Յիշելով»

«Հորովել»-ը սկսայ լուսանկարել` այցելելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններուն սահմանամերձ գիւղերը` թէ՛ լուսանկարելով եւ թէ՛ լսելով անոնց պատմութիւնները», կ՛ըսէ Էրհան: «Հորովել»-ի հաւաքածոն կը պարունակէ Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող 10 գիւղերէն եւ Հայաստանի սահմանին 13 գիւղերէն պատկերներ եւ բանաւոր պատմութիւններ: «Հետաքրքրական էր, որ թրքական կողմի բանաւոր պատմութիւնները մարմնացումն էին թրքական ազգային կեցուածքին եւ աւելի շատ կեդրոնացած էին մոռացութեան վրայ, իսկ հայկական կողմինը` յիշելուն եւ յիշեցնելուն»:

Տիգրանուհի Ասատրեան, որ Ցեղասպանութենէն վերապրող վերջիններէն է։ Արդէն մահացած է հիմա։
Տիգրանուհի Ասատրեան, որ Ցեղասպանութենէն վերապրող վերջիններէն է։ Արդէն մահացած է հիմա։

«Հորովել»-ի աշխատանքին ընթացքին Էրհան Արըք Երեւանի մէջ ծանօթացած է Ցեղասպանութենէն վերապրածներէն Տիգրանուհի Ասատրեանին, որ իմանալէ ետք Էրհանին թրքահպատակ ըլլալը, նախ մերժած է խօսիլ անոր հետ, ապա` «լռութիւնը խզելով, ձեռքս բռնեց ու ըսաւ, որ շատ բաներ կան պատմելիք, բայց չի յիշեր` կ՛ուզէ յիշել, որ պատմէ, բայց ըսաւ չեմ յիշեր: Այս կնոջ պատճառով ես ձեռնարկեցի իմ երկրորդ ծրագիրիս` «Յիշելով» անուան տակ»: Այս կնոջ վերաբերող տեսերիզը կարելի է դիտել https://vimeo.com/16027280 հասցէն այցելելով:

Էրհան Արըքի «Հորովել» ծրագիրի ցուցահանդէսին անդրանիկ ներկայացումը կատարուած է Պոլիս, 2011 թուականին: Այս ցուցահանդէսը իր դռները բացած է նաեւ Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Անգլիոյ, Տիգրանակերտի եւ Հայաստանի` «Ուան շաթ ֆիլմ Ֆեսթիվըլ»-ին («Մէկ պատկեր» տեսերիզներու փառատօնին): «Հորովել»-ը ապրիլ 29-ին անգամ մը եւս պիտի ներկայացուի Ֆրանսայի Նենսի քաղաքին մէջ:

«Հայ Չըլլալս Շատ Կարեւոր Է`
Տարբեր Դիտանկիւնով Մօտենալու Հարցին»

Ազդուելով Տիգրանուհի Ասատրեանին հետ իր հանդիպումէն` Էրհան կը նպատակադրէ  աւելի խորանալ հայկական հարցին մէջ, եւ անգամ մը եւս կը դիմէ «Ակօս»-ին եւ «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ի շրջանակին:

«Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք` դուք ձեր մշակոյթը եւ կենցաղը Անատոլուէն (Հայկական Բարձրաւանդակ, (Ա. Գ.) Միջին Արեւելք բերիք, առաւելաբար Սուրիա եւ Լիբանան. դժբախտաբար հարիւր տարի ետք նոյն այս վայրերէն այլ արհաւիրքներու պատճառով կը ստիպուիք այլ տեղեր տանիլ ձեր մշակոյթը` անգամ մը եւս սկիզբէն սկսելով: Ուստի հիմնական նպատակներէս մէկն է ցոյց տալ, որ ցաւը ոչ միայն անվերջ է` Ցեղասպանութիւնը կատարողներուն ուրացման պատճառով, այլ նաեւ ինքզինք կը նորոգէ: Այս անդադար թափառիլը շատ ցաւ կը պատճառէ, ոչ միայն ինքնին ցաւալի է, այլ նաեւ կը ցաւցնէ զիս: Շատ ցաւալի է ինծի համար` ստիպուած ըլլալ իմ երկրէս դուրս ինքնութիւն կերտել:

Ինքնութեան հարցին անդրադառնալու համար թիրախ ունիմ ցոյց տալ կենցաղային ձեր իրականութիւնները, որոնք եղած են Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք կերտուած ինքնութիւններ: Ասոր կողքին, հիմնական նպատակս է Թուրքիոյ հանրութեան այլընտրանք մը հրամցնել` շնորհիւ բանաւոր պատմութիւններուն: Կրնայ հանդիսատեսը մերժել Ցեղասպանութեան եղելութիւնը եւ չհաւատալ իր տեսածին, բայց կարեւոր է, որ տեսնէ, եւ ուրեմն կարեւոր է, որ անոնց ներկայացուի այլընտրանք մը: Կարեւոր է, որ Ցեղասպանութիւնը ժխտող հանրութեան միտքին մէջ հարցումներ ծագին, պարոյկ մը դրուի խնդիրին վրայ», կը բացատրէ Էրհան ու կը շարունակէ, «Ես հայ չեմ, բայց այս մէկը ինծի կ՛օգնէ Հայ դատը համամարդկային դատ դարձնելու, որովհետեւ այս դատը միայն հայերուն չի պատկանիր: Աւելի՛ն. իմ հայ չըլլալովս ես կրնամ հայութեան ունեցած դիտանկիւնէն տարբեր դիտանկիւնով ներկայացնել այս հարցը շնորհիւ արուեստիս: Առանց մեծ վերնագիրներ օգտագործելու` կրնամ հարցումներ արթնցնել Թուրքիոյ մէջ: «Յիշելով» ծրագիրին պատգամը Ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ քաղաքացիին ըսել է, որ եթէ չի հաւատար, որ եղածը ցեղասպանութիւն է, ապա թող հարցին նայի այլ դիտանկիւնէ, թող նայի ու փորձէ հասկնալ այս ժողովուրդը, որ ետին ձգեց իր ինչքերը եւ օտար հանգրուաններու մէջ ամէն բան զերոյէն սկսաւ հիմնել: Այս իրականութիւնը արդէն ցաւ կը պատճառէ ինծի ու այդ ցաւն է, որ կ՛ուզեմ բաժնեկցիլ Թուրքիոյ հետ ու բաժնեկից դարձնել Թուրքիան հայկական ցաւին` մշակոյթին եւ յուշերուն միջոցով», կ՛եզրափակէ Էրհան:

Ոչ Թէ Թուրք Պետութիւնը, Այլ Նոր Սերունդը Պիտի Կարենայ Պատասխանատուութիւն Վերցնել Հայոց Ցեղասպանութեան

Խօսելով պոլսահայերուն եւ սփիւռքահայերուն տարբերութիւններուն մասին` Էրհան կը շեշտէ, որ թէեւ երկուքն ալ ցեղասպանութիւն տեսած են, սակայն Պոլսոյ հայութիւնը, մնալով Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ, տարբեր մօտեցումներ ունի Թուրքիոյ վերաբերեալ: Ան կ՛ըսէ. «Սփիւռքահայուն յուշերը Թուրքիոյ մասին եւ պոլսահայուն յուշերը Թուրքիոյ մասին տարբեր են: Վերջիններս առիթ ունին ապրելու եւ հաւատալու,որ Թուրքիոյ մէջ փոփոխութիւն մը տեղի կ’ունենայ. անոնք կը տեսնեն ատիկա առօրեայ դրութեամբ: Պոլսահայերը աւելի դրական կը մօտենան Թուրքիոյ փոփոխութեան, քան սփիւռքահայերը, որովհետեւ անոնք կը հաւատան Թուրքիոյ միւս ազգերուն հետ միացումին եւ հաւաքական ուժին: Նախքան Հրանդ Տինքին մահափորձը, Թուրքիոյ մէջ թրքութեան գաղափարախօսութիւնը գերակայ էր: Անոնք կը հաւատային, որ հայերուն հակաթուրք կեցուածքին համար թուրքերը ստիպուած եղած են զանոնք վտարել երկրէն: Հիմա մենք կու գանք ըսելու, որ այդ ժամանակ պետութիւնը սպաննեց հայերը եւ միլիոնաւոր մարդիկ տեղահան ըրաւ: Այնուամենայնիւ, մեծամասնութեան ենթագիտակցութեան մէջ տակաւին կը գերիշխէ Թուրքիոյ ազգային կեցուածքը եւ ատոր փոփոխութեան համար աշխատանք պէտք է տարուի: Հրանդ Տինքի մահափորձէն ետք ցնցում մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ, եւ բոլորը պոռացին` «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս հայ ենք», բայց ատիկա թերի կը մնայ, եթէ հետամուտ չըլլանք Հայկական հարցին, ու այդ բողոքը միայն յունուար 19-ին տեղի ունենալիք հոգեհանգիստի վերածուի: Այս հետամուտ ըլլալուն մէջ է, որ կը տկարանայ ազգային կեցուածքը: Շատ կարեւոր է, որ ճշմարտութիւնը գիտցողները կարենան խօսիլ եւ ազդել միւսներուն վրայ»:

4-04-15_15Անդրադառնալով Թուրքիոյ քաղաքական ու ընկերային հարցերուն ու ժողովուրդին վրայ անոնց ազդեցութեան` ան աւելցուց, որ` «շատ հարցեր կան Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս` քրտական հարցը, կիներու բռնութեան հարցը, եւ ներկայիս ժողովուրդը ատիկա տեսնելով` աւելի լաւ կրնայ հասկնալ, որ իր պետութիւնը կատարեալ պետութիւն մը չէ եւ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ հասկնալը, որ անկարելի չէ, որ «կատարեալ թուրք պետութիւնը» 100 տարի առաջ կրնար ցեղասպանութիւն մը գործած ըլլալ: Դժբախտաբար Թուրքիան ամբողջութեամբ սուտի մը վրայ հիմնուած է, սխալ է այն վարկածը, որ Թուրքիան թուրքերու երկիր է, եւ թէ` բոլորը իսլամ են. իրականութեան մէջ Թուրքիոյ մէջ թուրք չկայ: Փաստօրէն Թուրքիան Ցեղասպանութիւնը չ՛ընդունիր ոչ միայն հողերու պահանջատիրութեան եւ արեան գինին համար, այլ քանի որ երեւան պիտի ելլէ աւելի քան 100 տարուան պետութեան սուտը, որուն վրայ հիմնուած է ներկայ հանրապետութիւնը: Այս փոփոխութիւնը հասարակութեան համար շատ մեծ ցնցում պիտի պատճառէ», ըսաւ Էրհան ու ընդգծեց. «Ես Թուրքիոյ պետութենէն չեմ սպասեր, որ ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, այլ կը հաւատամ, որ սերնդափոխութիւնն է, որ այդ մէկը պիտի ընէ: Ես կը հաւատամ սերնդափոխութեան ուժին եւ յառաջիկայ սերունդներու ինքնութեան արթնութեան եւ տեսլականին: Երբ սերունդը ի՛նք ստանցնէ իր պատմութեան, մշակոյթին եւ Թուրքիոյ իրականութեան եւ անցուդարձերուն պատասխանատուութիւնը, միայն այն ատեն այն ատեն յանձն կ՛առնէ ցեղասպանութեան պատասխանատուութինը: Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը Թուրքիոյ հաւանական յիշողութեան հետ դէմ յանդիման գտնուիլ է, եւ Թուրքիան պատրաստ չէ ատիկա ընելու», կ՛եզրափակէ Էրհան:

«Յիշելով» Ծրագիրը Միջին Արեւելքի
Հայկական Գաղութներուն Առօրեան Է

Էրհան Արըք «Յիշելով» ծրագիրին հաւաքածոյին համար իր լուսանկարչական գործիքով պիտի շրջի Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու զանազան հաստատութիւնները`քաղաքական, կրօնական, կրթական, մշակութային, արուեստի եւ այլ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ զանազան ձեռնարկներ: Ասոնց կողքին, «Յիշելով» ծրագիրին մէկ բաժինը պիտի անդրադառնայ անոնց առօրեայ կեանքին ու անոր ընդմէջէն` հայկականութեան: Էրհան Արըք կ՛ըսէ. «Կ՛ուզեմ, որ խօսինք եւ փոխազդեցութիւն ունենանք: Ինծի համար կարեւոր է գաղութներուն կենցաղին ծանօթանալը, որպէսզի լաւագոյնս հրամցնեմ այդ մէկը ծրագիրին մէջ, անոր համար յատկապէս կը կարեւորեմ յուշերը եւ անոնք, որոնց յիշողութեան մէջ արթուն է անցեալը»:

«Յիշելով» ծրագիրը արդէն ընթացք առած է անցեալ աշնան: Նախքան Լիբանան գալը,  լուսանկարիչը այցելած է Իրան` որպէս հայկական գաղութներուն կարեւոր կռուաններէն մին, եւ` Իրաքի քրտական ինքնավար մարզ: Լիբանանէն ետք պիտի այցելէ Եգիպտոս եւ Յորդանան: Նկատի ունենալով Սուրիոյ իրավիճակը` Էրհան կը փորձէ հասնիլ սուրիահայ գաղութին Լիբանանի մէջ գտնուողներուն ընդմէջէն: Այս ծրագիրը առաջինն է իր տեսակին մէջ, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները եւ զայն կը հովանաւորեն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» եւ «Օփըն սոսայիթի» հիմնադրամները: Էրհան ծրագիրին աւարտին պիտի ներկայացնէ իր գործերը Պոլսոյ եւ այլ երկիրներու մէջ` ըստ կարելիութեան եւ հետաքրքրութեան: Ծրագիրին լուսանկարներն ու բանաւոր պատմութիւնները պիտի ամփոփուին ելեկտրոնային կայքի մը վրայ, ուրկէ ոեւէ անհատ պիտի կարենայ ձրիաբար կարդալ եւ ներբեռնել որեւէ բաժին:

Էրհան հարցազրոյցին աւարտին շեշտեց.  «Այն ժամանակը, որ հոս պիտի անցընեմ, շատ աւելի արժէքաւոր է, քան լուսանկարները: ԹԷեւ լուսանկարները  ցոյց պիտի տան այցելութիւններուս արդիւնքը, բայց այս փորձառութիւնը ինծի աւելի բան կը սորվեցնէ: Փորձառութիւնս պիտի արտացոլայ լուսանկարներուն մէջ»:

Էրհան Արըքին մասին տեղեկութիւն կարելի է գտնել հետեւեալ հասցէակապերուն մէջ` http://narphotos.net/Photographer/Portfolio/erhan-arik/44/

Ե-նամակին հասցէն է` enarik@gmail.com

 

 

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Գիր, Բառ, Խօսք Մարդանալ Հեռուով Եւ Մօտով

Յաջորդը

Հայ Վաճառողները Դատ Բացած Են «Ամերիքանա»-ի Դէմ` Իրենց Քաղաքացիական Իրաւունքները Խախտելուն Համար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?