Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ Նեւատայի նահանգապետ Պրայըն Սանտովալ հռչակագիր ստորագրած է, որուն համաձայն, ապրիլի 19-26-ը Նեւատայի մէջ յայտարարուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի շաբաթ:
Նման հռչակագիրով հանդէս եկած է նաեւ Նեւատայի փոխնահանգապետ, նահանգային ծերակոյտի նախագահ Մարք Հեչիսըն: Երկու հռչակագիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ըլլայ ճանչնալու հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւնները եւ Թուրքիոյ ստիպել` ճանչնալ պատմական փաստերը:
«Հայերու ծրագրուած սպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը, որ տեղի ունեցած է 1915-1923 տարիներուն, խլած են 1.5 միլիոն զոհ: Տեղահանուած են հարիւր հազար հայեր: Շատերը հաստատուած են Ամերիկա, եւ այսօր Նեւատայի մէջ կ՛ապրի աճող եւ աշխուժ հայ համայնք, որ նշեալ ծայրայեղ անարդարութենէն ետք գոյատեւելու եւ վերապրելու վառ օրինակ է», գրուած է նահանգապետի հռչակագիրին մէջ:
Իր կարգին, նահանգապետին տեղակալը Նեւատայի բնակիչներուն կոչ ըրած է բարձրացնել Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրազեկումը եւ մասնակցիլ անմեղ զոհերու յիշատակը յարգելու համար կազմակերպուած ձեռնարկներուն: