Յօդուածներ

Տոհմիկ Օր Եւ Մայիսեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն  Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Տոհմիկ Օր Եւ Մայիսեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

27 մայիս 2015-ին Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը իր օրը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, երբ տարազաւոր սկաուտներ «Ով հայ արի» քայլերգի երգեցողութեամբ բարձրացուցին դրօշակները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 97-րդ տարեդարձին առիթով: Տօնական մթնոլորտ կը տիրէր վարժարանին մէջ, որովհետեւ տարբեր առիթներ նշելու պատրաստութիւն կը տեսնուէր: Աշակերտներէն ոմանք կը կահաւորէին դպրոցին սրահը, իսկ ոմանք կը լարէին կրպակները` բակին մէջ: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին աշակերտութիւնը...

«Թռչնոց Բոյն»-ի Տիկնանց Յանձնախումբին Մայրերու Օրուան Հաւաքոյթը` Նահատակ Մայրերու Յիշատակին

«Թռչնոց Բոյն»-ի Տիկնանց Յանձնախումբին Մայրերու Օրուան Հաւաքոյթը` Նահատակ Մայրերու Յիշատակին

«Թռչնոց բոյն»-ի Տիկնանց յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ այս տարուան մայրերու օրուան ձեռնարկը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած մայրերուն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 21 մայիս 2015-ին կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Օրուան բանախօսն էր Սեդա Խտըշեան` ատենապետ «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին: Ներկայ էին «Թռչնոց...

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Մայիսեան Փառատօնը

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Մայիսեան Փառատօնը

Չորեքշաբթի, 27 մայիս 2015-ին Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը միօրեայ հանդիսութեամբ նշեցին մայրերու օրն ու Հայաստանի անկախութեան տօնը: Առաւօտեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք նախակրթարանի աշակերտները Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած շապիկներով կազմեցին բուրգեր, ապա երգեցին «Սարդարապատ»-ի յաղթերգը եւ Հայաստանի քայլերգը: Ժամը 11:00-ին կոկիկ յայտագիրով մը նշուեցաւ մայրերու տօնը, որուն ընթացքին աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին երգերով,...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտներու Ստեղծագործական Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտներու Ստեղծագործական Աշխատանքներու Ցուցահանդէսը

Շաբաթ, 30 մայիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ բացումը Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտներու ստեղծագործական աշխատանքներու տարեկան ցուցահանդէսին: Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան` նշելով, թէ 19-րդ յաջորդական տարին ըլլալով տեղի կ՛ունենար սոյն ցուցահանդէսը: Ապա յիշեց անունները այն ուսուցիչներուն, որոնք ցուցահանդէսին մէջ առաջնորդողի դեր ունէին իրենց աշակերտներու գործերու պատրաստութեան մէջ: Անոնք էին Վազգէն Մուղալեան (գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքներ),...

Հայկ Մխոյեանի Շքեղ Յաղթարշաւը Երգի Միջազգային Փառատօներում

Հայկ Մխոյեանի Շքեղ Յաղթարշաւը Երգի Միջազգային Փառատօներում

ՅԱԿՈԲ ՍՐԱՊԵԱՆ Կոմիտաս` հայ երգի անլռելի զանգակատուն, հայ երգի մոգ ու մոգպետ, որի  հանճարի առաջ 20-րդ դարասկզբին խոնարհուեց քաղաքակիրթ Եւրոպան: Մէկ դար է անցել այդ ժամանակներից, եւ կոմիտասեան երգի ղօղանջներից մի տեսակ խորթացել ենք ազգովի: Խորթացե՞լ ենք, թէ՞ խորթացրել ու շարունակում են խորթացնել նաեւ այսօր... Այսուհանդերձ, բարեբախտութիւն պիտի համարենք, որ մեզանում, թէկուզեւ սակաւաթիւ, բայց կան կոմիտասապաշտ երգիչ կատարողներ, ովքեր առմիշտ...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն,  Ֆենիչէ Ֆիլհարմոնիք Նուագախմբի Սիմֆոնիք Համերգ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Տիրիժոր` Սիւզաննա Մելկկի, Թաւջութակի Մենակատար` Մարիօ Պրունելլօ

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն, Ֆենիչէ Ֆիլհարմոնիք Նուագախմբի Սիմֆոնիք Համերգ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Տիրիժոր` Սիւզաննա Մելկկի, Թաւջութակի Մենակատար` Մարիօ Պրունելլօ

Ֆենիչէ ֆիլհարմոնիք նուագախմբը 2015 թ. ապրիլի 12-ին Լա Ֆենիչէ թատրոնում տեղի ունեցաւ Ֆենիչէ ֆիլհարմոնիք նուագախմբի 2015 թ. համերգաշրջանի վեց համերգներից երկրորդը: Համերգը նշանաւորուեց ծրագրի իւրայատուկ ընդգրկմամբ, արտիստների կազմով եւ իրադարձութեամբ, որով այն ոգեշնչուած էր: Մարիօ Պրունելլօ եւ Սիւզաննա Մելկկի Լա Ֆենիչէ թատրոն Երաժշտական հանդիսութիւնը վստահուած էր երկու հեղինակաւոր կատարողների` ֆինն տիրիժոր Սիւզաննա Մելկկիին /Susanna Malkki/ (առաջին կինը` Ֆենիչէ ֆիլհարմոնիքի բեմում)...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն Մայր Իմ Անգին

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Մա՛յր իմ անգին, երկնիչ ծնունդի, Դուն իմ աղբիւր նեկտար սնունդի, Խօլ ճիչերուս ականջ արթուն, Սուր ցաւերուս դարմանատուն: Արցունքներն թող չակօսեն Վառ աչքերուդ մութ շաւիղներ, Սիրուն այտեր պապակ մնան: Առանց վիշտի աչքերդ ժպտան: Թող մրմնջեն շրթներդ սրտբաց` Օրհներգ ազնիւ հոգւոյս համար: Դուն միշտ մնաս մոմս անմար, Լուսաւորես հոգիս խաւար: Կ՛որոնեմ քեզ նեղ ժամերուս, Աղօթքներուս մէջ մնայուն: Դուն էութեանս ծնունդ...

Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը Եւ Բնիկ Ամերիկացիները

Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը Եւ Բնիկ Ամերիկացիները

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Վերջերս դասախօսութեան մը ընթացքին թուրք պատմաբան եւ ընկերաբան, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ յիշեց, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը միջոցառումներու ձեռնարկած է հայերը գոհացնելու եւ քաղաքակիրթ աշխարհին ցոյց տալու համար, թէ ինք հաշտուած է իր անցեալին հետ եւ ներկայիս մարդասիրական կեցուածք ունի հայերուն հանդէպ, եւ այդպիսով` վերջնականապէս փակելու Ցեղասպանութեան ծրարը: Թուրքիոյ պետութեան ծրագիրին գլխաւոր մասն է իր երկրին քաղաքացի հայերուն հետ վարուիլ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Դ./2015.  Յանուն Սուրիահայութեան Անվտանգութեան

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Դ./2015. Յանուն Սուրիահայութեան Անվտանգութեան

Հալէպի բարդ կացութիւնը, ռազմական գործողութիւններու ելեւէջները, քաղաքական բեմահարթակի վրայ Հալէպին առնչուող հակասական լուրերը, կենցաղային անհամար դժուարութիւններն ու յատկապէս բնակելի թաղամասերու պարբերաբար սաստկացող թիրախային ռմբակոծումները մտահոգութեան նոր ալիք բարձրացուցին ոչ միայն տեղւոյն բնակչութեան, այլեւ հալէպահայութեան ճակատագրով մտահոգ ողջ հայութեան մօտ: Միջազգային բեմահարթակի վրայ տագնապի լուծման հեռանկարի բացակայութիւնը, ճգնաժամի գլխաւոր հեղինակներուն անգամ կացութիւնը հակակշռի տակ առնելու անկարողութիւնը, Սուրիոյ տագնապի մօտալուտ լուծումը չեն...

Նախագահ Հասթըրթը Պէտք Է Հարցաքննուի Նաեւ Թրքական Կաշառակերութեան Մեղադրանքներու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տենիս Հասթըրթին մեղադրանք առաջադրուեցաւ դաշնակցային դատախազներու կողմէ. 1. Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոյին (FBI) ստելու համար, թէ ինչո՛ւ տարբեր դրամատուներէ շուրջ 1,7 միլիոն տոլար հանած է վերջին չորս տարուան ընթացքին: 2. Դրամատուներու կողմէ մեծ եւ կանխիկ գործարքներու համար պահանջուող հաշուետուութիւններէն խուսափելու պատճառով: Այս մեղադրանքներէն իւրաքանչիւրով անոր կը սպառնայ առաւելագոյն հինգ տարուան ազատազրկման եւ 250...

Ինչո՞ւ Է Թուրքիան Լռում Եւ Անտեսում Պրազիլի Յայտարարութիւնը

Ինչո՞ւ Է Թուրքիան Լռում Եւ Անտեսում Պրազիլի Յայտարարութիւնը

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Պաշտօնական Անգարան ոչ մի կերպ չի հակազդում եւ արձագանգում Պրազիլի խորհրդարանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչող յայտարարութեանը: Թուրքիայի այս պահուածքը անհասկանալի է` հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, որ թուրքերը անմիջապէս եւ բուռն են արձագանգում, երբ որեւէ երկիր կամ խորհրդարան ճանաչում, դատապարտում կամ ուղղակի յայտարարութիւն է ընդունում Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Երեքշաբթի, յունիս 2-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կապակցութեամբ հայ ժողովրդին աջակցութեան խնդրանքը ներկայացուել...

Պելճիքական Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Եւ Յիշատակի Ձեռնարկներուն

Պելճիքական Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Եւ Յիշատակի Ձեռնարկներուն

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ Պելճիքական «Լը Սուար» («Լը Մոնտ») օրաթերթը 23 ապրիլ 2015-ի իր թիւին մէջ երկու էջ յատկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Էջին վերը մեծ գիրերով կը կարդանք. «Հարիւր տարի առաջ, առաջին ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու» վերնագիրով յօդուածը, որուն մէջ կ՛ընդգծուի Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, «ցեղասպանութեան» եզրը օգտագործելէ խուսափումը: Կը ներկայացուի նաեւ Էնվեր փաշայի հրամանը եւ Օսմանեան կայսրութեան նպատակը` հայերը բնաջնջելու: Այլ...

Մայիսեան Փառատօն Այնճարի Մէջ

Մայիսեան Փառատօն Այնճարի Մէջ

Չորեքշաբթի, 27 մայիս 2015-ի երեկոյեան Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան փառատօն`   կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ձեռնարկին առաջին բաժինը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի մոկլիներու, գայլիկ-արծուիկներու եւ  արի-արենուշներու տողանցքով, որ ընթացք առաւ Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ակումբէն` առաջնորդութեամբ մասնաճիւղի փողերախումբին: Հոծ բազմութիւն մը, սկաուտական խումբերը եւ փողերախումբը շրջեցան գիւղին փողոցներուն մէջ` հնչեցնելով մայիս 28-ի անկախութեան յաղթանակը ներշնչող եղանակներ:...

INSTALLATION, HAPPENINGS, PERFORMANCE

INSTALLATION, HAPPENINGS, PERFORMANCE

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Արուեստաբանական գրականութեան մէջ այս բառերը կարելի է թարգմանել` զետեղում, պատահար եւ ներկայացում: Սակայն մինչեւ այն ատեն որ չեն բացատրուած յիշեալ բառերը, պիտի չհասկցուին ամբողջութեամբ եւ կամ ալ սխալ պիտի ընկալուին: Նախ յստակացնենք հարցը: Կերպարուեստագէտներն են, որ առաւելաբար կը զբաղին յիշեալ արուեստներով, որոնք ո՛չ ճարտարապետութիւն են, ո՛չ քանդակ եւ ո՛չ ալ գեղանկարչութիւն, այլ` համադրական արուեստի մտայղացքային նոր տեսակներ, ուր...

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Զոհուած Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Ծննդեան 50-Ամեակին Եւ Արցախի Ազատամարտիկներին

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Զոհուած Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Ծննդեան 50-Ամեակին Եւ Արցախի Ազատամարտիկներին

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Նիւ Եորքի ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի եւ ՀԵԴ «Հայորդիք» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ մայիս 15-ի երեկոյեան Հայ կեդրոնի «Աւետիսեան» սրահի մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ` նուիրուած Արցախի ազատագրման պայքարի` ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան 50-ամեակին: Սրահը լեցուն էր մօտակայ նահանգի` Նիւ Ճըրզիի եւ համայնքիս քոյր մասնաճիւղերի անդամներով: Օրուան հիւրերն էին Թաթուլ Կրպէեանի դուստրը` Ասպրամ Կրպէեանը եւ թենոր Գէորգ Հաճեանը: Երեկոյի...

Միասնաբար` Թմրամոլութենէ Հեռու Ընկերութեան Մը Համար

Միասնաբար` Թմրամոլութենէ Հեռու Ընկերութեան Մը Համար

Թմրամոլութիւնը յոռի երեւոյթ մըն է, որ դժբախտաբար սկսած է հետզհետէ թափանցել մեր գաղութէն ներս` վտանգ սպառնալով ապագայ խոստացող պատանիներուն, երիտասարդներուն: Արդեօք կարելի՞ է ընդունիլ եւ պարզամիտ գտնուիլ այսպիսի երեւոյթի մը ահաւոր իրականութեան դիմաց: «Աւելի լաւ է մոմ մը վառել, քան թէ` խաւարը անիծել». այս նշանաբանէն մեկնած` հայկական գաղութէն ներս ընդհանրացած յոռի երեւոյթներու դէմ պայքարելու նպատակով 2006-ի գարնան հիմնուեցաւ Հորիզոն գրասենեակը,...

Մայիսեան Ուխտի Օր

Մայիսեան Ուխտի Օր

Կիրակի, 31 մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառեան միաբանութեան մայրավանքէն Հայ Կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, միաբանութեան վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեանը, միաբանութեան վարչական հայրերը եւ հայ կաթողիկէ կղերականներ աղօթքներու թափօրով ուղղուեցան վանքի շրջափակին մէջ զետեղուած խորան, ուր ուխտաւոր ժողովուրդի հոծ բազմութիւն մը վարդարանի աղօթքի մրմունջով դիմաւորեց հոգեւորականութիւնը: Առաւօտեան ժամը 10:30-ին Ներսէս Պետրոս ԺԹ....

Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան (Ա. Հատոր)

Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան (Ա. Հատոր)

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրամանով, մայիս ամսուան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ, Յակոբ  Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան»  Ա. հատորը: Իր տեսակին մէջ եզակի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» տասը հատորներու վրայ փռուած երկը սովորական իմաստով սոսկ մատեան մը չէ, այլ` տեսակ մը հրաբխային ժայթք, որ անընդհատ կը յորդի: Ի վերջոյ հոն թաղուած են մեր ժողովուրդի հարիւր...

Կարօտ

ՍԻԼՎԻ Դեռ ամէն առտու արեւու շողերն Ինծի կը տանին մեր արծուաբոյն բարձունքները Կասիոսի, Ուր պահուեր են անցեալս անհոգ, խաղերս համեստ ու սէրս բարի: Դեռ ամէն առտու սա թաղարին ափ մը հողը ինծի կը տանի մեր անդաստանը պապենական, Ուր առուակին ձայնն է ականջիս, ու մեծ հօրս զրոյցը` հողին ու ծառին: Դեռ ամէն առտու սա փողոցին մերկ ծառերը Ինծի կը տանին մեր...

Ակնարկ,  Հայկական Լոպին  Եւ Թուրքիոյ Մասնատումը

Ակնարկ, Հայկական Լոպին Եւ Թուրքիոյ Մասնատումը

Թուրքիոյ նախագահին խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին կատարած յայտարարութիւններուն ցեղապաշտական բնութագրում կը տրուի, եթէ իր կողմէ մատնացոյց եղող Թուրքիոյ թշնամիներուն հետեւեալ դասակարգումը նկատի ունենաք` «հայերը, սեռային փոքրամասնութիւնները եւ լրագրողները»: Էրտողանի կատարած յայտարարութեան բառացի թարգմանութիւնը սակայն, հետեւեալ անուանակարգը կ՛արձանագրէ Թուրքիոյ խռովութիւններուն պատճառ հանդիսացած խմբաւորումներուն` «հայկական լոպին, միասեռականներն ու լրագրողները»: Յայտարարութիւնները ունին անշուշտ իրենց հետեւողականութիւնը: Ընտրարշաւին առիթով Թուրքիան տկարացնելու եւ մասնատելու ամբաստանութեամբ նոյն էրտողանը...

Page 1051 of 1110 1 … 1,050 1,051 1,052 … 1,110

Արխիւներ