Թմրամոլութիւնը յոռի երեւոյթ մըն է, որ դժբախտաբար սկսած է հետզհետէ թափանցել մեր գաղութէն ներս` վտանգ սպառնալով ապագայ խոստացող պատանիներուն, երիտասարդներուն: Արդեօք կարելի՞ է ընդունիլ եւ պարզամիտ գտնուիլ այսպիսի երեւոյթի մը ահաւոր իրականութեան դիմաց:
«Աւելի լաւ է մոմ մը վառել, քան թէ` խաւարը անիծել». այս նշանաբանէն մեկնած` հայկական գաղութէն ներս ընդհանրացած յոռի երեւոյթներու դէմ պայքարելու նպատակով 2006-ի գարնան հիմնուեցաւ Հորիզոն գրասենեակը, որուն առաքելութիւնն է թմրամոլութեան կանխարգիլումը, թմրամոլ պարագաներու բուժումն ու կազդուրումը: Գրասենեակը կ՛ընդունի թմրամոլ պարագաներու դիմումները` անհրաժեշտ ցուցմունքներ տալով, կը հետեւի, կը հետապնդէ` ուղղելով զանոնք դէպի առողջ, մոլութենէ հեռու, գիտակցութեամբ լի եւ արդիւնաւէտ ապագայ մը:
Գրասենեակի ծրագիրներուն գլխաւոր մէկ բաժինը կը գրաւէ քարոզչական ծրագիրը, որուն նպատակն է թմրամոլութեան կանխարգիլումը, դպրոցներու, համալսարաններու, երիտասարդական միութիւններու մէջ` դասախօսութիւններու ընդմէջէն, թմրամոլութեան վտանգներուն մասին ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցելով` պատանիները եւ երիտասարդները զգուշացնել թմրամոլութեան թակարդէն:
2014 թուականի յունիս 29-ին, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կեդրոնին, աջակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, «Թմրամոլութեան դէմ» արշաւի մարմինը ծրագրեց եւ իրագործեց Պուրճ Համուտի մէջ մինի մարաթոնի մրցում մը, որուն մասնակիցները իրենց վազքով արտայայտեցին թմրեցուցիչի գործածութեան հանդէպ իրենց «Ո՛չ»-ը:
Թմրեցուցիչի, թմրամոլութեան դէմ պայքարիլը մեր ընկերութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը նկատելով` «Հորիզոն» կեդրոնը այս տարի եւս կազմակերպած է «Միասնաբար վազենք թմրամոլութեան դէմ» վազքի մրցում մը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 28 յունիս 2015-ին, Պուրճ Համուտի մէջ:
Ուստի կ՛ակնկալենք, որ հոծ թիւով երիտասարդներ ներկայ գտնուին եւ մասնակցին մրցումին` հաւաքաբար իրենց «Ո՛չ»-ը ըսելու թմրամոլութեան:
«Այսօր ձրի է, վաղը դրամով է…»:
«Սկիզբը չափազանց ուրախ եւ գոհ կը զգամ, ետքը հոգեկան անկում կ՛ունենամ եւ թմրեցուցիչին ստրուկը կը դառնամ…:
Հոգեբաններ, ընկերաբաններ եւ դաստիարակներ կը շեշտեն, թէ նախազգուշացումով է միայն, որ կարելի է խուսափիլ մոլութիւններէ` գիտակցութեան եւ արթնութեան մակարդակները բարձր պահելով:
Յոռի երեւոյթները դժուար է արմատախիլ ընել, կանխարգիլումը կը միտի թեթեւցնել այս երեւոյթին ծաւալումը ընկերութիւններու մէջ:
Ուրեմն ճանչնանք վտանգները, ընդունինք թմրեցուցիչին ահաւորութիւնը եւ պայքարինք անոր դէմ:
Թմրամոլութիւնը չի գիտեր` տարիք, սեռ, ցեղ, ընկերային եւ ուսման մակարդակ. անմիջական եւ շտապ միջամտութիւնն է, որ միայն կրնայ փրկել ամէն պատանի թմրեցուցիչի ոստայնէն:
Երբ կը խօսինք կանխարգիլման մասին, հարկ է յիշել նաեւ ընտանիքին դերը թմրամոլութեան նախազգուշացման մէջ: Առ այդ, «Հորիզոն» իր քարոզչական ծրագրին մէջ անհրաժեշտ կը նկատէ ծնողներու յատուկ դասախօսութիւնները` ջամբելով անոնց թմրամոլութեան մասին գիտելիքներ, որպէսզի գիտակցութեամբ եւ չափազանց բծախնդրութեամբ կարենան երկխօսութեամբ զգուշացնել եւ հեռու պահել իրենց զաւակները թմրամոլութեան ճանկերէն: Գրասենեակի վիճակագրութիւններուն համաձայն, ծնողները բաւարար տեղեկացուած չեն թմրամոլութեան եւ թմրեցուցիչներու պատճառած հետեւանքներուն մասին, վերապահ կը մնան այս յոռի երեւոյթին հանդէպ եւ կը խուսափին իրենց զաւակներուն հետ զրուցել այս նիւթերուն մասին` «միտքերնին չձգենք»-ի քաղաքականութեան հետեւելով կամ «արգիլուած» նիւթ մը սեպելով, «ես գիտեմ զաւակս, ես դաստիարակած եմ զինք, վստահ եմ պիտի չփորձէ…»:
Փորձանքը միշտ առկայ է, իրապաշտ ակնոցով դիտենք աւերներ գործող այս յոռի երեւոյթը: Թմրեցուցիչը խղճալ չի գիտեր, կը քանդէ թմրամոլին առողջութիւնը, ընկերային կեանքը եւ հոգեկան աշխարհը. ոչ թէ միայն կը մոլորեցնէ զայն, այլ նաեւ անոր հետ` անոր սիրելիներն ու հարազատները, որոնք ամէն վայրկեան կ՛ապրին զրկումի ու տառապանքի զգացումները: Թմրամոլութիւնը անլուծելի հարց մը չէ, յոյսի նշոյլն իսկ պէտք չէ կորսնցնել, կրնանք յաղթահարել զայն` թէ՛ կանխարգիլման եւ թէ՛ բուժման ճամբով:
«Հորիզոն» կը ստանձնէ նաեւ թմրամոլութեան բուժումն ու կազդուրումը: Թմրամոլ պարագաներու ծնողներ, հարազատներ կամ բարեկամներ անձամբ, հեռաձայնով կամ հայ բարեսիրական միութիւններու փոխանցումով կը դիմեն մեր խորհուրդներուն: Հարցը լսելէ ետք կը խնդրենք տեսակցութիւն մըն ալ ունենալ թմրամոլին հետ: Սոյն հանդիպման աւարտին կը յուսանք համոզել թմրամոլը` բուժուելու եւ վերջնականապէս ձերբազատելու թմրամոլութենէն, ապա կ՛անցնինք գործնական քայլերու: Թմրամոլութեան բուժումի առաջին հանգրուանը կը սկսի բժշկական միջամտութեամբ: Թմրամոլը յատուկ դարմանումներու կը կարօտի հիւանդանոցի մը մէջ, ուր թունաթափում կը կատարեն: Չորսէն տասը օր կը մնայ հիւանդանոց, մինչեւ որ ամբողջովին թմրեցուցիչ նիւթը չէզոքանայ մարմինին մէջ, որմէ ետք անմիջապէս կը փոխադրուի կազդուրման կեդրոն, ուր կը հետեւի դաստիարակչական եւ հոգեբանական դարմանումներու` մօտ մէկ տարի եւ ութ ամիս: Նշենք, որ «Հորիզոն» կը գործակցի նաեւ Լիբանանի մէջ մասնագիտացած թմրամոլութեան բուժարաններու հետ:
Կազդուրման ժամանակաշրջանը աւարտելէ ետք կը վերադառնայ իր ընտանիքին, ընկերային շրջանակին եւ աշխատանքին, ուր կը ջանայ հեռու մնալ թմրամոլներէն, թմրամոլութեան մթնոլորտէն եւ անոր ծանր ազդեցութենէն: Այս հանգրուանին «Հորիզոն» հերթական հանդիպումներով կը հետեւի, կ՛առաջնորդէ եւ կը քաջալերէ զայն շարունակելու կեանքը` հեռու թմրեցուցիչներէն եւ թմրամոլութեան մութ ու նենգ աշխարհէն:
«Հորիզոն»-ին ծրագիրները կը շարունակուին բազմապատկուիլ, իսկ գործակցութիւնները հետզհետէ կը ճիւղաւորուին: Մեր դժուարին առաքելութեան համեստ եւ բարի կամեցողութեան կ՛աջակցին բոլոր հայկական բարեսիրական միութիւնները եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակները, ինչպէս` Ճինիշեան, Գարակէօզեան, Աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան գրասենեակ, Կաթողիկէ համայնքի ընկերային ծառայութեան գրասենեակ, ԱՖՀԻԼ, ԼՕԽ:
… եւ պայքարը կը շարունակուի:
Զգո՛ւշ, առաջին փորձն իսկ կրնայ մահացու ըլլալ:
Մեր յաջորդ տեղեկատուով կը մանրամասնենք թմրամոլութեան յոռի երեւոյթը:
«ՀՈՐԻԶՈՆ»