Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիսեան Փառատօն Այնճարի Մէջ

June 8, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-27-15_anjar-(3)Չորեքշաբթի, 27 մայիս 2015-ի երեկոյեան Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան փառատօն`   կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղին եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:

Ձեռնարկին առաջին բաժինը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի մոկլիներու, գայլիկ-արծուիկներու եւ  արի-արենուշներու տողանցքով, որ ընթացք առաւ Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ակումբէն` առաջնորդութեամբ մասնաճիւղի փողերախումբին:

5-27-15_anjar-(2)Հոծ բազմութիւն մը, սկաուտական խումբերը եւ փողերախումբը շրջեցան գիւղին փողոցներուն մէջ` հնչեցնելով մայիս 28-ի անկախութեան յաղթանակը ներշնչող եղանակներ:

Տողանցքի աւարտին` բազմութիւնն ու հայրենակիցները ուղղուեցան ՀՄԸՄ-ի ակումբ, ուր տօնակատարութեան երկրորդ բաժինը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի փողերախումբին:

Րաֆֆի Տեմիրճեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան
Սեպուհ Պոյաճեան
Սեպուհ Պոյաճեան

Ապա ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Սեպուհ Պոյաճեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդին համար հպարտութեան եւ յաղթանակի տօն է, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ միայն 3 տարիներ ետք  հայ ժողովուրդը  յաջողեցաւ պարտութեան մատնել դարաւոր թշնամին եւ,  վերականգնելէ ետք Հայաստանի պետականութիւնը,  Սարդարապատի մէջ պարզեց եռագոյն դրօշակը»: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Անկախութիւն կերտած սերունդը մեզի աւանդ ձգած է գուրգուրալ մեր երկրին վրայ, պաշտպանել մեր պետականութիւնը բոլոր միջոցներով եւ աշխատիլ Հայաստանի հզօրացման համար»:

Ապա ան հրաւիրեց օրուան պատգամախօս Րաֆֆի Տեմիրճեանը` փոխանցելու իր խօսքը: Ր. Տեմիրճեան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի մայիսեան յաղթանակի կամքի գրաւականը  հայ ժողովուրդին հաւատքն է` ազգին, եկեղեցւոյ, ազգային եւ կրօնական արժէքներուն եւ,  վերջապէս, 1918 մայիս 28-ին կերտուած ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի եռագոյն դրօշին նկատմամբ:

Ան դիտել տուաւ, որ ներկայիս Հայաստանի, Արցախի կամ սփիւռքի  մէջ հայ ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն  դէմ յանդիման կենալու գրաւականը հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն ու հաւաքական ուժն է:

Նժդեհ Պոտրումեան
Նժդեհ Պոտրումեան

Ր.   Տեմիրճեան  իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն` իրենց հոգիներուն  մէջ վառ պահելու Արարատի պատկերը, մեր նահատակներուն հանդէպ ունեցած յարգանքը շարունակելու եւ Արարատի պատկերով սնանելու` ձգտելով հասնիլ անոր:

Բանախօսութենէն ետք ազգային-յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ Նժդեհ Պոտրումեանը: Ան իր երգերով մայիս 28-ի անկախութեան  ոգին փոխանցեց  եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ Այնճարի վարժարաններուն միջեւ տեղի ունեցած մարզական խաղերուն յաղթական խումբերուն մրցանակներու եւ բաժակներու բաշխումը:

Նշենք, թէ կիրակի, 24 մայիսին տեղի ունեցած էր նահատակ Պետիկ Ինճէեանի յիշատակին նուիրուած երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ ֆութպոլի մրցում մը: Յաղթող  խումբը բաժակը նուիրեց Պետիկ Ինճէեանի ընտանիքին:

Նախորդը

INSTALLATION, HAPPENINGS, PERFORMANCE

Յաջորդը

Պելճիքական Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Եւ Յիշատակի Ձեռնարկներուն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.