ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Տենիս Հասթըրթին մեղադրանք առաջադրուեցաւ դաշնակցային դատախազներու կողմէ.
1. Հետաքննութիւններու դաշնակցային պիւրոյին (FBI) ստելու համար, թէ ինչո՛ւ տարբեր դրամատուներէ շուրջ 1,7 միլիոն տոլար հանած է վերջին չորս տարուան ընթացքին:
2. Դրամատուներու կողմէ մեծ եւ կանխիկ գործարքներու համար պահանջուող հաշուետուութիւններէն խուսափելու պատճառով:
Այս մեղադրանքներէն իւրաքանչիւրով անոր կը սպառնայ առաւելագոյն հինգ տարուան ազատազրկման եւ 250 հազար տոլարի տուգանք:
Ըստ ներկայացուած մեղադրանքին, Հասթըրթը 2010-ին գաղտնի հանդիպում ունեցած է իր նախկին ուսանողներէն մէկուն հետ եւ համաձայնած է անոր վճարել 3.5 միլիոն տոլար, որպէսզի ան լռութիւն պահպանէ իր «անցեալի վատ արարքին» համար, երբ ան ըմբշամարտի մարզիչ էր Իլինոյսի Եորքուիլ դպրոցին մէջ, 1965-1981 թուականներուն: 73-ամեայ Հասթըրթ այդ հանդիպումէն սկսեալ անոր վճարած է 1,7 միլիոն տոլար` սկիզբը 50 հազարական տոլար հանելով միաժամանակ քանի մը դրամատուներէ, իսկ հետագային դրամատան պաշտօնեաներու կասկածանքին պատճառով կրճատելով զանոնք մինչեւ 10 հազարական տոլարի` դրամատնային հաշուետուութեան պահանջներէն խուսափելու համար:
2014-ի դեկտեմբերին, երբ FBI-ը անոր հարցուցած էր, թէ ինչո՞ւ այդպիսի մեծ գումարներ վերցուցած է դրամատուներէն, Հասթըրթը «էապէս սխալ, կեղծ եւ խաբուսիկ յայտարարութիւններ» ըրած է` ըստ դաշնակցային դատախազներու: Ըստ տարբեր լրատուական աղբիւրներու, Հասթըրթ այս գումարները վճարած է իր նախկին ուսանողին` տասնամեակներ առաջ անոր նկատմամբ թոյլ տրուած սեռական ոտնձգութիւնները թաքցնելու նպատակով:
Հասթըրթի հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները յատկապէս կը հետաքրքրեն ամերիկահայ համայնքը, քանի որ անցեալին ան մեղադրուած էր, որ մեծ չափերու հասնող կաշառքներ ստացած է թրքական կառոյցներէն, Ներկայացուցիչներու տան նախագահի պաշտօնին վրայ եղած ժամանակ, 1999-2007 թուականներուն, Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւերը տապալելու համար: Այս մեղադրանքները երբեք լիարժէքօրէն չեն հետաքննուած Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ: Քոնկրեսէն հեռանալէն ետք Հասթըրթ աշխատեցաւ Տիքշթայն Շեփիրոյի մօտ, Ուաշինկթընի մէջ, իբրեւ լոպիստ Թուրքիոյ եւ այլ յաճախորդներու համար:
Քոնկրեսական Հասթըրթ իր քաղաքական ասպարէզի սկիզբը զարմանալիօրէն մեծապէս սատարած էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: 1984-ի ապրիլ 19-ին Ներկայացուցիչներու տան մէջ ան ելոյթ ունեցաւ ի նպաստ Քոնկրեսի ներկայացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին: 1996-ի թ. յունիս 5-ին ան կողմ քուէարկեց օրէնքի մը փոփոխութեան, որով պիտի կասեցուէր Թուրքիոյ տրամադրուող ամերիկեան օգնութիւնը, քանի դեռ այդ երկիրը չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Բացի այդ, 2000 թ. օգոստոսին նախագահ Հասթըրթ հանդիպեցաւ Կլենտէյլի հայ համայնքի ղեկավարներու հետ` խոստանալով Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը դնել քուէարկութեան` հակառակ նախագահ Քլինթընի խիստ առարկութեան:
Սակայն, 2000 թ. հոկտեմբեր 19-ին, Ցեղասպանութեան բանաձեւի քուէարկութենէն վայրկեաններ առաջ, Հասթըրթ օրինագիծը հանեց քննարկումէն` արդարանալով, որ նախագահ Քլինթըն իրեն նամակ ուղարկած է` «ազգային անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ» բարձրացնելով: Ինչպէ՞ս է, որ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական նախագահը, որ գրեթէ բոլոր հարցերուն մէջ կտրականապէս դէմ էր դեմոկրատ նախագահին եւ կ՛աջակցէր անոր պաշտօնազրկման (իմփիչմընթին), յանկարծ որոշեց համաձայնիլ անոր հետ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը մերժելուն վերաբերեալ: Չորս օր ետք թրքական «Սապահ» թերթը հաղորդեց, որ Հասթըրթ համաձայնած էր խափանել բանաձեւը, եթէ նախագահ Քլինթընը իրեն գրաւոր խնդրագիր ներկայացնէ:
Կրնա՞յ գոյութիւն ունենալ աւելի ձախող պատճառ, որ մղէ նախագահ Հասթըրթը մէկ անգամէն փոխած է իր վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ:
«Վենիթի Ֆէյր» ամսագիրը 2005-ի իր սեպտեմբերեան համարին մէջ բացայայտեց, որ FBI-ի նախկին թարգմանչուհի Սիպել Էտմոնտս զննած էր գաղտնաբար ձայնագրուած թրքական հեռախօսազանգերը, որոնք կը հաստատէին, որ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը ընդունումը կանխելու համար նախագահ Հասթըրթ գանձած է առնուազն 500 հազար տոլար: FBI-ը գաղտնալսած է թուրք զրուցակիցները, որոնք պարծեցած են, թէ ինչպէ՛ս «Հասթըրթի նախընտրական քարոզարշաւին ժամանակ կազմակերպած է տասնեակ հազարաւոր տոլարներու վճարումները փոքր չեքերով», որովհետեւ 200 տոլարէն պակաս նուիրատուութիւններու համար յայտարարագրեր չէին պահանջուեր: Ի դէպ, «Վենիթի Ֆէյր»-ի կողմէ նախագահ Հասթըրթի 1996-2002 թթ. դաշնակցային փաստաթուղթերու քննութիւնը ցոյց տուած է, որ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ ան ստացած է շուրջ 500 հազար տոլարի չյայտարարագրուած վճարումներ:
Ապշեցուցիչ է, որ Էտմոնտսի լուրջ մեղադրանքները հետաքննելու փոխարէն` FBI-ը պաշտօնէն հեռացուց զայն, իսկ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը անոր թոյլ չտուաւ վկայութիւն տալու ո՛չ Քոնկրեսի եւ ո՛չ ալ դատարանին մէջ` «պետական գաղտնիքի առանձնաշնորհման» օրէնքի պատրուակով:
Զարմանալի չէ, որ նախագահ Հասթըրթի այցերը Թուրքիա 2002 եւ 2004 թուականներուն ֆինանսաւորուած էին Թուրք-ամերիկեան գործարար խորհուրդին կողմէ: Ուստի, 2004 թ. յուլիսին Հասթըրթ հանդէս եկաւ կոշտ յայտարարութեամբ` խոստանալով խափանել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետագայ բոլոր բանաձեւերը. խոստում մը, որ ան պահեց մինչեւ Ներկայացուցիչներու տունէն իր հեռանալը, 2007-ի նոյեմբերին…
Հետաքրքրական է, որ Հասթըրթի անձնական հարստութիւնը աճեցաւ 270 հազար տոլարէն մինչեւ 17 միլիոն տոլարի Քոնկրեսի մէջ երկու տասնամեակ ծառայելու ընթացքին, այն պարագային, երբ անոր աշխատավարձը կազմած է տարեկան 175 հազար տոլար… Ուրկէ՞ անոր այդ միլիոնները…
Ներկայացուցիչներու տունէն հեռանալէն վեց ամիս անց Հասթըրթ սկսաւ օգուտ քաղել Քոնկրեսին մէջ թրքական շահերուն ծառայելէ` միանալով Տիքշթայն Շափիրոյի ընկերութեան իբրեւ լոպիիստ` ներկայացնելով թրքական կառավարութիւնը, ի թիւս այլ յաճախորդներու: Ան համատեղ աշխատեցաւ Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տիք Կեփարտի հետ, երբեմն միասին ճանապարհորդելով Թուրքիա եւ միլիոնաւոր տոլարներ կիսուելով շահաւէտ լոպիիստական վճարումներէն: Նախորդ շաբաթ, դաշնակցային մեղադրանքէն անմիջապէս ետք, Հասթըրթ հեռացաւ լոպիիստական ընկերութենէն:
Այժմ, պէտք է լիարժէք հետաքննութիւն իրականացուի Հասթըրթի դէմ առաջադրուած բոլոր մեղադրանքներով, որոնք շատոնց անտեսուած էին: Ամերիկեան հասարակութիւնը պէտք է իմանայ, թէ արդեօք ան կաշառուա՞ծ է կամ աւելի վատ` շանթաժի ենթարկուա՞ծ է թրքական կազմակերպութիւններու կողմէ, երբ Ներկայացուցիչներու տան նախագահն էր, որ երրորդ հզօրագոյն պաշտօնն է Ուաշինկթընի մէջ, նախագահէն եւ փոխնախագահէն ետք…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը