Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրամանով, մայիս ամսուան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ, Յակոբ Օշականի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» Ա. հատորը:
Իր տեսակին մէջ եզակի «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» տասը հատորներու վրայ փռուած երկը սովորական իմաստով սոսկ մատեան մը չէ, այլ` տեսակ մը հրաբխային ժայթք, որ անընդհատ կը յորդի: Ի վերջոյ հոն թաղուած են մեր ժողովուրդի հարիւր տարիներու միտքը, խռովքը, տագնապը, կիրքը, ստեղծագործ ոգին, ապրուած եւ ազգային կաղապար ստացած քանի մը տասնեակ անուն հաշուող մեր գրագէտներուն կողմէ: Օշական` պաշտպանը այդ ժառանգին, ինքն իր կարգին, իր հոգիի բազմաթել յոյզերով կը հիւսէ փառքը իր ժողովուրդին, հայ հոգիին: «Իմ փառասիրութիւնը գիւտն է իմ ժողովուրդին, հայ հոգիին», կը գրէ ան իր այս ընդարձակ երկի առաջին տողերուն մէջ:
Համապատկերը 52 յաջորդական վիպակներու շարան մըն է, որոնց մէջ անխտիր գլխաւոր հերոսը հայ ժողովուրդն է:
Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի այս 80-րդ հատորը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Վարուժան արք. Հերկելեանի խմբագրական ժրաջան աշխատանքին արգասիքն է:


