Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքական Մամուլին Անդրադարձը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցին Եւ Յիշատակի Ձեռնարկներուն

Յունիս 8, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ

4-26-15_Le-Monde3Պելճիքական «Լը Սուար» («Լը Մոնտ») օրաթերթը 23 ապրիլ 2015-ի իր թիւին մէջ երկու էջ յատկացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Էջին վերը մեծ գիրերով կը կարդանք. «Հարիւր տարի առաջ, առաջին ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու» վերնագիրով յօդուածը, որուն մէջ կ՛ընդգծուի Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, «ցեղասպանութեան» եզրը օգտագործելէ խուսափումը: Կը ներկայացուի նաեւ Էնվեր փաշայի հրամանը եւ Օսմանեան կայսրութեան նպատակը` հայերը բնաջնջելու:

Այլ յօդուած մը` «Պելճիքայի հայերը. բոլորս կը բաժնենք Ցեղասպանութեան յիշատակը» խորագիրով, կը ներկայացնէ  հայերու ներկայութիւնը Պելճիքայի մէջ, անոնց անցեալը, կեանքը, ինքնութեան պահպանումը: Կը տեսնենք տարբեր սերունդներու հայ անհատներ: Կը նշուի, թէ լեզուն, կրօնը եւ մշակոյթը հայերը իրարու կապող գործօններն են Պելճիքայի մէջ: Էջին մէջ բացատրութիւն կը տրուի «ցեղասպանութեան» եզրին: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութեան: Կայ նաեւ հարցազրոյց մը` ՀԲԸՄ-ի եւրոպական մասնաճիւղի նախագահ Նիքիլա Դաւիթեանին հետ: Էջին մէջ կը նշուին նաեւ Պելճիքայի մէջ տեղի ունենալիք յիշատակի ձեռնարկները. քայլարշաւ, ուսումնասիրութեան օր, պատարագ:

4-26-15_Le-Monde4«Լը Սուար» 24 ապրիլ 2015-ի իր թիւին մէջ երկու էջ յատկացուցած է Ցեղասպանութեան` մեծ նկար մը զետեղելով սրբադասման արարողութենէն: Խոշոր տառերով վերնագիր մը կ՛ըսէ` «Ցեղասպանութեան երկար եւ դժուար ճանաչումը»: Այս յօդուածը կ՛անդրադառնայ Պելճիքայի պաշտօնական կեցուածքին` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Կը նշուի, թէ ծերակոյտը արդէն իսկ ճանչցած է Ցեղասպանութիւնը, սակայն պետութեան դիրքորոշումը յստակ չէ: Ըստ յօդուածագիրին, Պելճիքա մինչեւ այսօր Ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած, որովհետեւ 160 հազար թուրքեր կ՛ապրին Պելճիքայի մէջ, որոնք ազդեցիկ ընտրական կշիռ ունին որոշ շրջաններու մէջ:  Այլ յօդուած մը` «Պատմաբաններ. հայոց հարցը` «ցեղասպանութիւն» անուանելը ակնյայտ է» խորագիրով, կը ներկայացնէ տարբեր պատմաբաններու կարծիքներ` «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործման շուրջ: Ըստ յօդուածին, պատմաբաններուն մեծամասնութիւնը կը շեշտէ, որ իրաւական է եզրը օգտագործելը, ընդգծելով, որ կան անհամար փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Միջազգային» բաժինով կը ներկայացուի տարբեր պետութիւններու պատճառները Հայ դատը ընդունելու կամ չընդունելու: Ըստ յօդուածին, յատկանշական է, որ Գերմանիա եւ Աւստրիա, որոնք Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցները եղած էին Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, այս տարի առաջին անգամ ըլլալով օգտագործեցին «ցեղասպանութիւն» եզրը, եւ Գերմանիա նոյնիսկ աւելի անդին երթալով, ընդունեց մեղքի իր բաժինը ջարդերուն մէջ: Կը նշուի, թէ տարբեր պետութիւններ, խորհրդարաններ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, եւ կարգ մը երկիրներու մէջ նոյնիսկ օրէնքներ կան Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող: Իւրաքանչիւր պետութիւն այս կամ այն պատճառէ մղուած` կ՛որոշէ նեցուկ կանգնիլ կամ չկանգնիլ Հայ դատին: Յօդուածը կ՛ընդգծէ, որ նախագահ Օպամա չի յարգեր իր նախագահական թեկնածութեան քարոզարշաւի ժամանակ կատարած խոստումը եւ կը շարունակէ տարբեր անուանումներ տալ Ցեղասպանութեան: Օպամա կը զգուշանայ նեղացնելէ իր դաշնակից Թուրքիան:

Այլ յօդուած մը կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումին եւ բառը չօգտագործելուն: Կը մատնանշէ նախադասութիւններ, որոնք յաճախ կ՛օգտագործուին թուրք պետական պաշտօնեաներու կողմէ, ինչպէս` «Ոչինչ կայ ճանչնալու», «Հայերն են, որոնք առաջին ջարդերը իրագործեցին պատմութեան մէջ»:

«Ներումի հայց» գիրքի հեղինակը կը շեշտէ, որ կառուցային շարունակականութիւն մը կայ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ: Ըստ անոր, կրօնական առումով Թուրքիա Միջին Արեւելքի ամէնէն միատարր երկիրն է, ուր ոչ իսլամները մատի վրայ կը համրուին եւ կը շարունակուի կրօնական եւ ցեղային մաքրագործումը:

Էջին «Մեկնաբանութիւն» բաժինին մէջ կը կարդանք. «Միայն պատմական ճշմարտութիւնը կրնայ առաջնորդել պետութիւնները» հակիրճ գրութիւն մը, որ կը շեշտէ, թէ անոնք, որոնք կը մերժեն Ցեղասպանութեան փաստը ընդունիլ, սխալ քաղաքական պատճառներով մղուած են: Պատճառներն են Թուրքիոյ աշխարհառազմավարական դերը եւ թուրք համայնքներու կշիռը տարբեր երկիրներու մէջ: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Պելճիքա մաս կը կազմէ չընդունողներու շարքին:

«Հարցեր» բաժինին մէջ կը նշուի, որ Ցեղասպանութեան յիշատակը պէտք է նախ ըլլայ յարգանքի տուրք մը` ժողովուրդի մը հանդէպ, որ երկար տարիներ լքուած է առանձնութեան մէջ, ապա մեզի մտածել պէտք է տայ, թէ ինչպէ՛ս այս ցեղասպանութեան դէմ լուռ մնալը աշխարհի մէջ պատճառ դարձաւ նոր վայրագութիւններու:

Թերթը նաեւ կը ներկայացնէ հետեւեալ ամփոփ լուրերը. «Գերմանիոյ նախագահը կ՛ընդունի Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը», «Սրբադասման արարողութիւն», «Հաշտութեան հոլովոյթը վերակենդանացնել», «Թուրքիա կը զգուշացնէ Վիեննան»:

4-26-15_Le-Monde«Լը Սուար» (Լը Մոնտ) օրաթերթը իր 25-26 ապրիլ 2015-ի թիւին մէջ հաղորդած է Պելճիքայի հայերու քայլարշաւին լուրը: Յօդուածը կը կրէ` «Ես հողերս կ՛ուզեմ, ցեղասպա՛ն պետութիւն» խորագիրը: Ըստ թերթին, Պրիւքսելի մէջ դէպի թրքական դեսպանատուն քայլարշաւին մասնակցած են 3000 հայեր, որոնք բռնած են տարբեր գրութիւններով պաստառներ, «երբեմն շատ յարձակողական» (ըստ թերթին), ինչպէս` «Լռութիւնը այլ ցեղասպանութեան առիթ կու տայ», «Արդարութիւն հայերուն», «Ցեղասպա՛ն թուրք, ոճրագո՛րծ»: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ կարգ մը ցուցարարներու պահանջները Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին կ՛երթային:

Էջին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Պելճիքայի խորհրդարանի մէջ վայրկեան մը լռութեան նախաձեռնութեան, որ թուրք երեսփոխաններու ճնշումով դարձաւ Ցեղասպանութեան եւ գաղթականներու յիշատակին նուիրուած ընտրանք: Այս պատճառով այս երեսփոխանները Թուրքիոյ մէջ մեծ գնահատանքի արժանացան:

Թերթը կը ներկայացնէ նաեւ այլուր աշխարհի մէջ բաժինը. Երեւան` պաշտօնական յարգանքի տուրք, Պոլիս` քաջերու համախմբումը, Կալիփոլի` յիշատակի ընդդէմ յիշատակ:

4-26-15_Le-Monde2Պելճիքական «Լը Սուար» («Լա Պելժիք») օրաթերթի 2-3 մայիս 2015-ի թիւին մէջ կը կարդանք «Քիրի անհանգստացնող բացակայութիւնը» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ կը բացայայտուի 4 թուրք երեսփոխաններու բացակայութիւնը խորհրդարանի այն նիստին, ուր վայրկեան մը  յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Յատկապէս ուշագրաւ էր բացակայութիւնը Սեն Ժոզէի քաղաքապետ` Էմիր Քիրի, որ մաս կը կազմէ Ընկերվարական կուսակցութեան, որ նախապէս խորհրդարանական բանաձեւով մը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ ուղղած` ընդունելու իր մեղքը: Քիր միշտ ալ խուսափած է օգտագործելէ «ցեղասպանութիւն» եզրը: Յօդուածը կը նշէ նաեւ, որ թուրք երեսփոխանները փորձած են իրենց կարելին` արգիլելու համար յիշատակի կազմակերպումը: Այդ պատճառով խորհրդարանի նախագահը գտած է հետեւեալ լուծումը. իւրաքանչիւր երեսփոխան իր վայրկեան մը լռութիւնը կրնայ իր որոշումով նուիրել Հայոց ցեղասպանութեան կամ Միջերկրականի մէջ խեղդուած գաղթականներու յիշատակին: Երեսփոխանները տարբեր պատճառաբանութիւններ տուած են իրենց բացակայութեան համար, իսկ Քիր տակաւին ոչ մէկ բացատրութիւն տուած է: Կուսակցութիւնը զինք հարցաքննութեան կանչած է:

«Լը Մոնտ» (Լը Սուար) օրաթերթի այլ թիւ մը կը խօսի պելճիքահայ ջութակահար Հրաչեայ Աւանեսեանի մասին, որ մասնակցեցաւ Էլիզապէթ թագուհիի երաժշտական մրցումին: Յօդուածը կը գնահատէ այս հանճարեղ հայուն տաղանդը:

 

 

Նախորդը

Մայիսեան Փառատօն Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Է Թուրքիան Լռում Եւ Անտեսում Պրազիլի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?