ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Մա՛յր իմ անգին, երկնիչ ծնունդի,
Դուն իմ աղբիւր նեկտար սնունդի,
Խօլ ճիչերուս ականջ արթուն,
Սուր ցաւերուս դարմանատուն:
Արցունքներն թող չակօսեն
Վառ աչքերուդ մութ շաւիղներ,
Սիրուն այտեր պապակ մնան:
Առանց վիշտի աչքերդ ժպտան:
Թող մրմնջեն շրթներդ սրտբաց`
Օրհներգ ազնիւ հոգւոյս համար:
Դուն միշտ մնաս մոմս անմար,
Լուսաւորես հոգիս խաւար:
Կ՛որոնեմ քեզ նեղ ժամերուս,
Աղօթքներուս մէջ մնայուն:
Դուն էութեանս ծնունդ տուիր:
Քեզ կը պարտիմ կեանքս լրիւ:
ԼԻԲԱՆԱՆ