Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թռչնոց Բոյն»-ի Տիկնանց Յանձնախումբին Մայրերու Օրուան Հաւաքոյթը` Նահատակ Մայրերու Յիշատակին

June 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-21-15_Bird's-Nest1

«Թռչնոց բոյն»-ի Տիկնանց յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ այս տարուան մայրերու օրուան ձեռնարկը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած մայրերուն:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի 21 մայիս 2015-ին կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին: Օրուան բանախօսն էր Սեդա Խտըշեան` ատենապետ «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին: Ներկայ էին «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան ներկայացուցիչներ, Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան, Յասմիկ Պզտիկեան եւ հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պօյաճեան, ինչպէս նաեւ գաղութի հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վեքիլեան եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ` շուրջ 300 հոգի :

Ազատ Խանզէթեան կատարեց բացման խօսքը եւ քաջալերանքի եւ շնորհակալութեան խօսքեր ուղղեց ներկաներուն` տիկնանց յանձնախումբի կողմէ: Հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պօյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, խնամակալութեան, Տիկնանց յանձնախումբին, հիւրերուն, առաքինազարդ քոյրերուն եւ «Թռչնոց բոյն»-ի պաշտօնէութեան, ապա ան օրուան բանախօսը` Սեդա Խտըշեանը հրաւիրեց փոխանցելու իր խօսքը:

Ս. Խտըշեան անդրադարձաւ «Թռչնոց բոյն»-ին ունեցած դերին անցեալին եւ ներկայիս, որբերը խնամելու, անոնց ապահով եւ հարազատ երդիք տրամադրելու իմաստով: Ան շեշտեց, որ կառոյցը գործունէութիւն ծաւալած է   բոլոր մարզերուն մէջ`  ազգային, կրօնական, դաստիարակչական, ընկերային, մարզական եւ կրթական: Ս. Խտըշեան խօսեցաւ հայ մօր կերպարին անոր ընդմէջէն վերածնունդի տեսիլքին մասին` շեշտելով կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը հայ մօր:

5-21-15_Bird's-Nest25-21-15_Bird's-Nest3Շահէ եպս. Փանոսեան շեշտեց «Թռչնոց բոյն»-ի  կարեւոր դերակատարութիւնը եւ մօր մը դեր կատարելու երեւոյթը: Իր խօսքին ընդմէջէն գլխաւորաբար շեշտը դրաւ «Թռչնոց բոյն»-ի առաքելութեան վրայ` յայտնելով ներկաներուն, թէ այս հաստատութիւնը ուխտատեղի է հայ ժողովուրդին համար: Ան գնահատեց նաեւ տիկնանց յանձնախումբին տարած աշխատանքը` ի խնդիր  «Թռչնոց բոյն»-ին, երկար տարիներու ծառայութեան եւ նուիրումի պատրաստակամութիւնը, որ կը շարունակուի առանց որեւէ մէկ ճիգ խնայելու: Սրբազան հայրը մօր մը կարեւորութեան, յատկութիւններուն եւ արժէքին եւս անդրադարձաւ` դիտել տալով, որ ան է հայապահպանման հիմնական երաշխիքներէն մին:

Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց սրբազան առաջնորդը: Քրիստին Սրապոնեան ասմունքեց մօր նուիրուած 2  արտասանութիւններ, ապա «Թռչնոց բոյն»-ի մանկապարտէզի աշակերտները ելոյթ ունեցան եւ մասնակցութիւն բերին` մեծ խանդավառութեամբ երգելով ու պարելով: Ներկաները մեծ ուրախութեամբ քաջալերեցին զանոնք` բուռն ծափահարութիւններով: Գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ Անայիս Կէտիկեան, որ իր քաղցր ձայնով լեցուց սրահը մեկնաբանելով մայրերու նուիրուած երգ:

Տէր Հայրը իր սրտին խօսքը փոխանցեց, ապա տիկնանց յանձնախումբին իւրաքանչիւրին յանձնեց յիշատակի գեղեցիկ նուէրներ` հաստատութեան տնօրէնութեան կողմէ:

Ձեռնարկի աւարտին 50 ներկաներ բախտաւորուեցան վիճակահանութեան նուէրներով:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ ժամը 1:00-ին, ներկաները ձեռնարկի մթնոլորտէն խանդավառուած նուիրատուութիւներ կատարեցին:

Նախորդը

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի Մայիսեան Փառատօնը

Յաջորդը

Տոհմիկ Օր Եւ Մայիսեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.