Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

INSTALLATION, HAPPENINGS, PERFORMANCE

June 8, 2015
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

Արուեստաբանական գրականութեան մէջ այս բառերը կարելի է թարգմանել` զետեղում, պատահար եւ ներկայացում: Սակայն մինչեւ այն ատեն որ չեն բացատրուած յիշեալ բառերը, պիտի չհասկցուին ամբողջութեամբ եւ կամ ալ սխալ պիտի ընկալուին:

Նախ յստակացնենք հարցը:

Կերպարուեստագէտներն են, որ առաւելաբար կը զբաղին յիշեալ արուեստներով, որոնք ո՛չ ճարտարապետութիւն են, ո՛չ քանդակ եւ ո՛չ ալ գեղանկարչութիւն, այլ` համադրական արուեստի մտայղացքային նոր տեսակներ, ուր կարելի է օգտագործել ե՛ւ ճարտարապետութիւնը, ե՛ւ քանդակը, ե՛ւ գեղանկարչութիւնը, ե՛ւ արուեստի միւս բոլոր տեսակները:

Installation, Happenings եւ Performance բառերը արուեստաբանութեան մէջ քաղաքացիութիւն ստացան անցնող դարու կէսերուն, սակայն անոնց արմատները շատ աւելի հին են: Իրարու հետ առնչուող յիշեալ արուեստի տեսակները կ՛իրագործուին որոշ առիթներով եւ կամ կը զետեղուին որոշ վայրեր: Այսօր ժամանակակից կարգ մը թանգարաններու մէջ եւս երբեմն յատուկ սենեակներ յատկացուցած են (եւ կամ` կառուցուած) մնայուն ինսթալէյշըններու համար:

Ինսթալէյշընի մեծագոյն վարպետներէն մէկը կը համարուի ծագումով պուլկարացի քանդակագործ Քրիսթօ, որ մեծ հռչակի տիրացաւ, երբ սկսաւ շէնքեր եւ տարբեր տեսակի կառոյցներ (նոյնիսկ բերդեր) ամբողջութեամբ փաթաթել ու կապել: Միջազգային հռչակի տիրացած այլ արուեստագէտներէն մէկը` Արման, շատ տպաւորիչ զետեղում մը իրագործած է Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութեան մուտքին (Եարզէ), ուր հսկայ կիսաքանդ շէնքի մը մէջ «բանտարկած» է թնդանօթներ, հրասայլեր եւ այլ պատերազմական առարկաներ:

Պատահարն ու ներկայացումը աւելի շարժում եւ ժամանակի սահմանափակում կ՛ենթադրեն: Ճարտարապետական եւ կամ քանդակային բնոյթին զուգահեռ, անոնց մէջ կ՛օգտագործուին խօսքը, երաժշտութիւնը, շարժումը, լոյսը եւ այլ միջոցներ, որոնք աւելի կենսունակ եւ իմաստալից կը դարձնեն արուեստի գործը: Այս տեսակ մտայղացքային (conceptual) արուեստի տեսակները յանկարծ եւ պատահմամբ չբուսան, այլ ունէին իրենց նախադրեալները: Տատայիստներու հիմնադիրներէն Մարսել Տիւշան անցնող դարասկիզբէն երբ հեծանիւի մը առաջամասը գլխիվայր շրջեց եւ անիւը դարձուց, արդէն իսկ շարժումը կը սկսէր քանդակագործութեան մէջ: Իսկ նոր տատայիստներէն Իվ Քլայն 1950-ական թուականներուն գետինը փռեց հսկայ պաստառ մը, անոր վրայ թափեց կապոյտ ներկ, եւ ապա երկու մերկուհիներ իր հնարած միալար երաժշտութեան տակ տասը վայրկեան տապլտկեցան ներկին մէջ ու զիրար քաշքշեցին: Այս տեսակի արարողութենէն ծնած պաստառը համարուեցաւ նոր ստեղծագործութիւն մը, իսկ ներկայացումը, որ նկարահանուած էր, նոր տեսակի արուեստ, որ աւելի թատերական բնոյթ ունէր, քան` կերպարուեստի: Նմանօրինակ փըրֆորմընսներու արմատները կարելի է իջեցնել մինչեւ նախնադար եւ ուսումնասիրել հոգեւոր ծէսերն ու արարողութիւնները:

***

Գործակցութեամբ «Նոազ Արք»-ի եւ կազմակերպութեամբ  Սոլիտէրի եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի, մայիս ամսուան ընթացքին. Պէյրութ էքզիպիշըն սենթըր-ի մէջ կայացած ցուցահանդէսին իրագործուած էին երեք յատկանշական զետեղումներ:

Շարպել Աունի ստեղծագործութիւնը
Շարպել Աունի ստեղծագործութիւնը

ա.- Առաջինը դրուած էր սրահի մուտքին եւ կը բաղկանար երկու աշտարակներէ եւ զանոնք միացնող կամուրջէ մը: «Կեանքի քայլարշաւ» խորագրուած այս զետեղումին հեղինակը` Շարպել Աուն, լիբանանցի յայտնի երիտասարդ արուեստագէտներէն է: Զետեղման երկայնքը 13 մեթր է, երկրորդ աշտարակին բարձրութիւնը շուրջ վեց մեթր, իսկ առաջինը` անոր կէսը: Երբ «անցորդը» կը մտնէ առաջին աշտարակին մէջ, որ իրագործուած է կիսահատուած ու անհաւասար ճիւղերէ, առաջին հերթին կը լսէ ցեղասպանական դրուագներ, տարբեր ձայներէ, որոնց կ՛ընկերանայ խանձուած ճիւղերու հոտը, որ ճնշող մթնոլորտ մը կը ստեղծէ: Ապա, երբ կամուրջին տակէն անցնելով` կը հասնի երկրորդ` Վերածնունդի աշտարակը, այս անգամ կը լսէ մանկական օրօրոցային երգեր, որոնք տխուր եւ ժողովրդական շեշտ մը ունին: Այս աշտարակը կառուցուած է թաղարներու մէջ աճած հարիւր ողջ ձիթենիներով, որոնք կ՛ոռոգուին արհեստականօրէն, վեց յարկի վրայ շարուած են ու կը բարձրանան, դէպի վեր: Այս ձիթենիները, որոնք խաղաղութեան նշան են, որքան բարձրանան, այնքան աւելի կը կտրուին հողէն: Ճիշդ սփիւռքահայու ճակատագրին պէս: Ի մեծ ուրախութիւն հեղինակին զարմանալիօրէն բնութիւնն ալ սկսած է մասնակցիլ  զետեղման այս գործընթացին, որովհետեւ բազմաթիւ տարբեր տեսակի թռչուններ կ՛այցելեն Վերածնունդի աշտարակը, եւ անոնցմէ ոմանք ալ, չես գիտեր ինչո՛ւ, կը մտնեն պատկերասրահ:

Անիթա Թութիկեանի ստեղծագործութիւնը
Անիթա Թութիկեանի ստեղծագործութիւնը

բ.- Անիթա Թութիկեան: «Զինուորական մայր եւ զինուորական նորածին» խորագրեալ այս զետեղումը կը բաղկանայ երեք մասերէ: Գետինը, աւազին վրայ փռուած է զինուորական հագուստներու նման ներկուած, սակայն մերկ մայր մը, որ կը ծննդաբերէ նորածին մը. նոյն գոյներով կողքին այլ երեխայ մը լքուած է` մահացած. դարձեալ` զինուորական գոյներով ներկուած: Դիմացի պատին ամրացուած հօր եւ մօր դիմանկարներն ու ձախին կախուած Արարատի, Նոյեան տապանի եւ Նոյ Նահապետի դիմանկարը, բոլորն ալ զինուորական հագուստի գոյներով են: Պատգամը յստակ է: Նոյ Նահապետէն մինչեւ Տէր Զօր, մինչեւ մեր օրերը մարդկային կեանքը վտանգուած է ու մարդկութիւնը պէտք ունի պաշտպանութեան:

Գօգօ Կարապետի ստեղծագործութիւնը
Գօգօ Կարապետի ստեղծագործութիւնը

գ.- Գօգօ Կարապետ իր զետեղումը խորագրած է «Հինգերորդ թագաւորութիւն», պատէն կախուած  Եղեռնն ու հայոց պատմութիւնը խորհրդանշող գեղանկարին դիմաց դրուած են հինգ պատուանդաններ, որոնք կապուած են պաստառին յատուկ  պարաններով: Առաջին չորս պատուանդանները կը խորհրդանշեն չորս թագաւորութիւնները` Արտաշիսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Լուսինեանները: Այս վերջինէն ետք սեւ պարան մը կտրուած ու լքուած է գետնին, սակայն հինգերորդը հայելի մըն է, ուր մենք զմեզ կը տեսնենք: Մենք ենք «Հինգերորդ թագաւորութիւն»-ը, ուր հարկաւոր է պատասխանատուութիւն ստանձնել ու շարունակել ազգային-պետական կեանքը:

Այս երեք զետեղումներէն իւրաքանչիւրը ունի իր պատգամը` հիմնուած մարդկային եւ ազգային արժէքներու վրայ:

 

 

Նախորդը

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Զոհուած Ազգային Հերոս Թաթուլ Կրպէեանի Ծննդեան 50-Ամեակին Եւ Արցախի Ազատամարտիկներին

Յաջորդը

Մայիսեան Փառատօն Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.