Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտեան Հայաստանի Հայերը Եւ Բնիկ Ամերիկացիները

Յունիս 8, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

6-09-15_indianՎերջերս դասախօսութեան մը ընթացքին թուրք պատմաբան եւ ընկերաբան, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ յիշեց, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը միջոցառումներու ձեռնարկած է հայերը գոհացնելու եւ քաղաքակիրթ աշխարհին ցոյց տալու համար, թէ ինք հաշտուած է իր անցեալին հետ եւ ներկայիս մարդասիրական կեցուածք ունի հայերուն հանդէպ, եւ այդպիսով` վերջնականապէս փակելու Ցեղասպանութեան ծրարը: Թուրքիոյ պետութեան ծրագիրին գլխաւոր մասն է իր երկրին քաղաքացի հայերուն հետ վարուիլ մեղմ կերպով, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ կը վարուին բնիկ ամերիկացիներուն հետ, որոշ հարցերու առնչութեամբ. այսինքն, հայերու պարագային, աւելի ազատութիւն տալ կրօնի եւ մշակոյթի վերաբերող գործունէութեանց, նաեւ հայերու ազգային կալուածներէն մաս մը` փլատակ եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ այլն վերադարձնել հայերուն, հայկական անուններով վերակոչել քանի մը տեղեր, եւ նման այլ միջոցառումներ:

Պարզ է վերոյիշեալէն, որ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու կորուստը եւ բռնագրաւուած հայկական հողերու հարցը դուրս կը մնան թուրքերու ծրագիրներէն: Ինչ կը վերաբերի հայ անհատներու կալուածներուն եւ գոյքերուն, թուրքերը լաւատեղեակ են, որ անոնց տէրերը արդէն կը հանգչին ի Տէր, իսկ ժառանգորդներն ալ փաստաթուղթեր չունին, բացի քանի մը անհատներէ, եւ այդ փաստաթուղթերուն օրինակները անհետացած են Թուրքիոյ պետութեան արխիւներէն: Թուրք պատմաբան Ումիտ Քիւրտ, որ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Այնթապէն տեղահանուած հայերու կալուածներուն մասին, փաստած է, որ Թուրքիոյ պետութիւնը անհետացուցած է այդ կալուածներուն վերաբերող փաստաթուղթերը իր պետական արխիւներէն: Իսկ թուրք գիտնական Սայիտ Չեթինօղլու ուսումնասիրութեան մը մէջ յիշած է, որ 1915-ի Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերու պատկանող անշարժ գոյքերը, որոնք վստահուած են հարեւաններուն, թալանուած կամ վաճառուած են անոնց կողմէ: Թուրք պատմաբաններ Ուղուր Ունկիւր եւ Մեհմետ Փոլաթել գիրք մը հրատարակած են` «Երիտթուրքերու հայկական կալուածներու բռնագրաւումը» խորագիրով, նոյն այդ նպատակին համար: Ուրեմն, Թուրքիոյ պետութիւնը կ՛ակնկալէ, որ հայերը միլիոններ ծախսեն, խոնարհած եկեղեցիները ու քանդուած դպրոցները վերականգնեն եւ մաս մը պատմական կարեւոր վայրեր վերաշինեն, վստահ ըլլալով, որ այդ եկեղեցիներուն մէջ աղօթողներ պիտի չըլլան, ո՛չ ալ վարժարանները յաճախողներ պիտի ըլլան: Հայերու ծախսերով նորութիւններ պիտի աւելնան, միաժամանակ թուրքերը այդ բոլորէն պիտի օգտուին Ցեղասպանութեան ճանաչման հակառակ իրենց տարած քարոզչութեան ծիրէն ներս:

1830-ին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը արտօնած է «Հնդիկներու հեռացման օրէնքը» (Indian Removal Act)` լիազօրելով պետութիւնը տեղափոխելու բնիկ ամերիկացիները իրենց պապենական հողերէն դէպի Միսիսիփի գետի արեւմտեան կողմը, նոր տարածքներ ապահովելու եկուոր եւրոպացիներուն համար, որուն հետեւանքը եղաւ զանգուածային մահ: Նոյնը եղաւ հայերուն պարագան 1915-ին, երբ անոնք տեղահանուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն` օսմանեան պետութեան որոշումով, Պալքաններէն փախուստ տուող թուրքերուն ապաստան ապահովելու համար. անոր հետեւանքը եղաւ 1.5 միլիոն հայերու ոչնչացումը եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, հայ ազգի ցեղասպանութիւնը: Սակայն առաջին վերապրողները Ամերիկա հաստատուեցան, թէեւ տարբեր նահանգներու մէջ տեղաւորուեցան, եւ իրենց վերաբերող պետական շարք մը օրէնքներէ օգտուելով` գոհացան ու ընդունեցին իրենց իրական կարգավիճակը (de facto status): Իսկ վերապրող հայերը աշխարհացրիւ ըլլալով` նոր գաղութներ, նոր սփիւռք կազմեցին, եկեղեցիներ, դպրոցներ, ազգային կառոյցներ հիմնեցին, քաղաքական կեանքը վերահաստատեցին, հաւաքուեցան իրենց կղերական եւ ազգային առաջնորդներուն շուրջ, Արեւելեան Հայաստանի մէջ հայկական պետութիւն հաստատեցին ու Ցեղասպանութենէն 50 տարի ետք միաձայն աղաղակ բարձրացուցին եւ ազգին կորուստը յիշեցնելով ողջ աշխարհին` հայոց արդար Դատը պարզեցին եւ ազգի իրաւունքները պահանջեցին:

Ներկայիս, բնիկ ամերիկացիները փոքրամասնութիւն են իրենց հայրենիքին մէջ, թիւով 5 միլիոնէն քիչ մը աւելի` 320 միլիոն հաշուող բնակչութեան մէջ: Հայերու պարագան առաւել վատ է. միայն 40-60 հազար հայ կայ 80 միլիոն հաշուող թուրքերու եւ քիւրտերու շարքին: Թուրք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Այշա Կունասուի կարծիքով, եթէ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը տեղի չունենար, ապա ներկայիս հայ բնակչութեան թիւը Թուրքիոյ մէջ 17 միլիոնի պիտի հասնէր, իսկ ուրիշներ 20 միլիոնի շուրջ կը կարծեն: Բնիկ ամերիկացիները ձեռք ձգեցին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն 1924-ին, իսկ վերապրող հայերու սերունդները Արեւմտեան Հայաստանի (ներկայ Թուրքիոյ) քաղաքացիները չեն:

Մեր մշակութային կորուստը անսահման է. երեւակայեցէ՛ք ինչպիսի՛ ստեղծագործութիւններ պիտի կատարէր նահատակ սերունդը, եթէ Ցեղասպանութիւնը տեղի չունենար: Քանի՜ քանի՛ Կոմիտասներու, Վարուժաններու, Զօհրապներու, Սիամանթոներու, Զարիֆեաններու եւ նմաններու ծնունդ պիտի տար 1.5 միլիոն նահատակուած սերունդը: Հայ ազգը իր զարգացած գունահատիկներէն (chromosomes) զգալի մաս մը կորսնցուց, եւ այդ երբե՛ք կարելի չէ փոխարինել որեւէ միջոցով: Հայերը ներկայիս 8-10 միլիոն համրուող սփիւռք ունին, հողէն դուրս եւ հայրենիքէն հեռու: Հայը պահանջատէր է. անկարելի է, որ ան մոռնայ իր իրաւունքները, իր խլուած եւ յափշտակուած հողերը, արմատախիլ եղած ազգի կորուստը, իր 1.5 միլիոն նահատակներուն թափուած արիւնը եւ բռնագրաւուած հայրենիքը: Հայը իր ժառանգին տէրն է իր մշակոյթին տէրն է եւ ամենակարեւորը, իր հայրենիքին տէրն է:

Մենք եւ ամբողջ մարդկութիւնը այս տարի նշեցինք Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ այդ առիթին նուիրուած պատարագի իր քարոզին մէջ Հռոմի Ֆրանչեսկոս պապը արտասանեց «ցեղասպանութիւն» բառը` հայոց Մեծ Եղեռնը համարելով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Եւրոխորհրդարանը ապրիլ 15-ին միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը, ուր նշուած է` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին կոչ կ՛ուղղենք Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն` ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը». անիկա կը խրախուսէ Եւրոմիութեան կառոյցները` նպաստելու գործընթացին ու կոչ կ՛ուղղէ նաեւ Թուրքիոյ` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մենք յոյս ունինք, որ դեռ շատ աւելին տեղի պիտի ունենայ:

Եթէ ներկայ Թուրքիոյ պետութիւնը համաշխարհային ճնշումին ենթարկուելով` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով պիտի փորձէ քանի մը հայանպաստ միջոցառումներու ձեռնարկել, ապա թող չկարծէ, թէ այդպիսով լուծուած պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան հարցը, որովհետեւ ստեղծուելիք իրական կարգավիճակը (de facto status) ընդունելի պիտի չըլլայ ոեւէ հայու համար, եւ այնքան ատեն որ պահանջատէր մարդիկ կան, ազգի իրաւունքները երբեք չեն կորսուիր: Մենք (ղայիմ) անխախտ ու կանգուն պիտի մնանք, ինչպէս ըսած է մեր անմահ Խ. Աբովեանը:

Յիշենք, որ մեր Դատը 100-ամեայ պատմութիւն ունի, ուրիշներ 2000 տարի պայքար մղեցին եւ չդադրեցան, մինչեւ որ իրենց պատմական հայրենիքին տիրացան:

Մեր ճամբան դեռ շատ երկար է, շատ աշխատանք կայ տանելու, բայց վաղ թէ ուշ մեր իրաւունքները ձեռք ձգելու ենք:

* Փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամ.- Թուրք պատմաբան եւ ընկերաբան, Միացեալ Նահանգներու Clark University-ի (Massachusetts) Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու բաժինի պատասխանատու. կանուխէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան ու փաստած անոր տեղի ունենալը, եւ շարք մը գիրքեր հրատարակած է այդ առնչութեամբ. մօտէն կը հետեւի Թուրքիոյ պետութեան խորամանկ ու մութ ծրագիրներուն, որոնք կը ձգտին լուծում եւ ելք գտնել` Թուրքիոյ խրթին կացութենէն դուրս գալու նպատակով:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Մշակոյթի Նախարարին Հետ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In