ՍԻԼՎԻ
Դեռ ամէն առտու արեւու շողերն
Ինծի կը տանին մեր արծուաբոյն բարձունքները Կասիոսի,
Ուր պահուեր են անցեալս անհոգ, խաղերս համեստ ու սէրս բարի:
Դեռ ամէն առտու սա թաղարին ափ մը հողը
ինծի կը տանի մեր անդաստանը պապենական,
Ուր առուակին ձայնն է ականջիս, ու մեծ հօրս զրոյցը` հողին ու ծառին:
Դեռ ամէն առտու սա փողոցին մերկ ծառերը
Ինծի կը տանին մեր զմրուխտէ անտառները մայրիի,
Ուր բնութեան խաղաղ երգն է միայն ու կարկաչը ջուրերուն…
Նոյն կարօտն է, որ ամէն առտու
Ինծի կը տանի դէպի տունս հայրենի,
Ուր մանկութեան մեր բակի ընկուզենին է մինակ
Ու ձորերուն գեղածիծաղ կանչը տունդարձի …