Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոհմիկ Օր Եւ Մայիսեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Յունիս 9, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-27-15_khanamirian27 մայիս 2015-ին Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի աշակերտութիւնը իր օրը սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, երբ տարազաւոր սկաուտներ «Ով հայ արի» քայլերգի երգեցողութեամբ բարձրացուցին դրօշակները Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 97-րդ տարեդարձին առիթով: Տօնական մթնոլորտ կը տիրէր վարժարանին մէջ, որովհետեւ տարբեր առիթներ նշելու պատրաստութիւն կը տեսնուէր: Աշակերտներէն ոմանք կը կահաւորէին դպրոցին սրահը, իսկ ոմանք կը լարէին կրպակները` բակին մէջ:

Կէսօրուան ժամը 12:00-ին աշակերտութիւնը համախմբուեցաւ սրահ, ուր տեղի պիտի ունենար աշակերտական ձեռնարկ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սեւան Կարապետեան: Ան յայտնեց, թէ գեղարուեստական յայտագիրով պիտի նշուին երկու թեմաներ. Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 97-րդ տարեդարձը, եւ ապա տոհմիկ օրուան նիւթ` Քեսապը, որպէս արեւմտահայ գիւղի վերջին մնացորդացը: Սեւան Կարապետեան կարեւոր նկատեց աւանդութիւն դարձած տոհմիկ օրուան կազմակերպումը դպրոցին մէջ, որովհետեւ, ըսաւ ան, անիկա առիթ է ծանօթանալու հայ ժողովուրդի տոհմիկ կեանքին, կենցաղին, ազգային արժէքներուն, ժառանգութեան ու մշակոյթին:

Ապա Սիլվի Աբէլեան աշակերտութեան ներկայացուց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը` քարտէսներու ու նկարներու ցուցադրութեամբ: Ան ըսաւ, որ 1918-ին ժողովրդական պատերազմ մղուեցաւ թուրքին դէմ, որուն մասնակցեցաւ ամբողջ հայ ժողովուրդը: Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մէջ յաղթեց ազգային միասնութեան գաղափարը: Ան աւարտեց խօսքը` ըսելով, որ Հայաստանի անկախութեան հռչակմամբ հայ ժողովուրդը թեւակոխեց իր պատմութեան նորագոյն շրջանը` ցոյց տալով աշխարհին, թէ ինք եւս կրնայ ապահովել իր հայրենիքի անկախութիւնը, ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը:

Ելոյթ ունեցան Ը. կարգի աշակերտներ եւ համառօտ ակնարկով մը տեղեկութիւններ տուին Քեսապի պատմութենէն եւ ապա ցուցադրուեցաւ երկու տեսերիզ, որոնք կը խօսէին Քեսապի պատմաշխարհագրական տուեալներուն, բարքերուն եւ սովորութիւններուն, կրթական ու մշակութային կեանքին մասին:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ դպրոցին շրջափակին մէջ, ուր աշակերտները հիւրասիրուեցան Քեսապի աւանդական ճաշերով ու խմորեղէնով, որմէ ետք տեղի ունեցած խաղերը, երգն ու պարը մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը:

Յայտագիրի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ ԼԵՎԱՄ-ի խաղերուն մասնակցած ու շահած աշակերտներու մետալներու բաշխումը` մասնակցութեամբ տնօրէնուհի Նելլի Վէքիլեանին:

Իսկ ուրբաթ, 29 մայիս 2015-ին մայիսեան յաղթանակի տօնակատարութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասան հայրենի սիրուած երգիչ, ազատամարտիկ Մկրտիչ Մկրտիչեանի այցելութեամբ ու երգահանդէսով: Բոլոր աշակերտները համախմբուեցան դպրոցի շրջափակին մէջ ու բուռն ծափահարութիւններով դիմաւորեցին երգիչը:

Մակիչ ողջունեց աշակերտները, քաջալերեց զանոնք ու յորդորեց լաւ աշխատելու, ազգը սիրելու ու պահելու ազգային բոլոր արժէքները: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ըլլան հաւատաւոր ու արժանի զաւակներ հայ ազգին, շարունակեն հայրենիքին ծառայել ու անմնացորդ նուիրուիլ ազգին ու հայրենիքին:

Շուրջ մէկ ժամ Մակիչ աշակերտներուն եւ բոլոր ներկաներուն հրամցուց հայրենասիրական ու ազգային երգերու ճոխ հաւաքածոյ մը, մինչ աշակերտները յոտնկայս ծափերով մասնակցեցան երգերուն:

Ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտը վերջ գտաւ, երբ Մակիչ հրաժեշտ տուաւ աշակերտութեան` կրկին հանդիպելու ցանկութեամբ:

 

Նախորդը

«Թռչնոց Բոյն»-ի Տիկնանց Յանձնախումբին Մայրերու Օրուան Հաւաքոյթը` Նահատակ Մայրերու Յիշատակին

Յաջորդը

Թուրքիայում Քրտական Հարցը Անցումային Արդարադատութեան Տեսանկիւնից

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?