Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ, Հայկական Լոպին Եւ Թուրքիոյ Մասնատումը

Յունիս 6, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11011576_10205676555885620_2614547530962760455_n

Թուրքիոյ նախագահին խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրեակին կատարած յայտարարութիւններուն ցեղապաշտական բնութագրում կը տրուի, եթէ իր կողմէ մատնացոյց եղող Թուրքիոյ թշնամիներուն հետեւեալ դասակարգումը նկատի ունենաք` «հայերը, սեռային փոքրամասնութիւնները եւ լրագրողները»:

Էրտողանի կատարած յայտարարութեան բառացի թարգմանութիւնը սակայն, հետեւեալ անուանակարգը կ՛արձանագրէ Թուրքիոյ խռովութիւններուն պատճառ հանդիսացած խմբաւորումներուն` «հայկական լոպին, միասեռականներն ու լրագրողները»:

Յայտարարութիւնները ունին անշուշտ իրենց հետեւողականութիւնը: Ընտրարշաւին առիթով Թուրքիան տկարացնելու եւ մասնատելու ամբաստանութեամբ նոյն էրտողանը բացարձակ պատասխանատու նկատած էր արեւմտեան համաշխարհային լրատուամիջոցները: Հիմա արդէն աւելի ընտրական ազդեցիկութեան վրայ է կեդրոնացումը եւ յատկապէս նշուած գործօնները կ՛աղերսուին այս ձեւով ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան, որուն հովանաւորները կը նկատուին Թուրքիոյ խռովութեան պատճառ հանդիսացող երեք դասակարգումները:

Այստեղ երանգներ կան անշուշտ: Հայկական լոպին տարբեր հասկացողութիւն է, քան ընդհանրապէս հայերը: Հայկական լոպին Թուրքիայէն դուրս ապրող հայկական սփիւռքի քաղաքական բաժանմունքն է, որ հիմնականին մէջ ցեղասպանութեան ճանաչման համար եւ Թուրքիոյ ժխտողականութեան դէմ աշխատանք ծաւալած է: Հասցէագրումը ցեղային բնոյթէ աւելի քաղաքական հատուածի կը վերաբերի. այսուհանդերձ միտումը կը թուի որ ոչ թէ ցեղապաշտականութենէ խուսափումն է եւ հասցէի սահմանափակումը, այլ ընտրական հաշուարկը: Ի վերջոյ ազգութեամբ հայ Թուրքիոյ քաղաքացիները իրենց չափին մէջ ընտրարշաւային թիրախ են եւ առանց տարանջատումի ամբողջական լուացքը օգտակար չի կրնար դառնալ այս պահուն: Էրտողանի գլխաւորած կուսակցութեան ընտրացանկին մէջ ներառուած է նաեւ այդ տեսակէն, այդ ցեղէն թեկնածու մը, որ ամենայն հաւանականութեամբ ինք եւս չի բաժներ հայկական լոպիին տարած աշխատանքները:

Երկրորդ դասակարգումը ուղղակի կը վերաբերի քաղաքացիական այն շարժումին, որ հետզհետէ հակաիշխանական համարձակ քայլեր կ՛առնէ: Հետեւողական տրամաբանութիւնը պահելու համար յետահայեաց մօտեցումը կը յիշեցնէ Թուրքիոյ տկարացման եւ մասնատման պատասխանատուները ճշդող յայտարարութիւնը: Արեւմտեան լրատուամիջոցները կը բարձրացնեն Կեզիի շարժման բողոքները: Ուրեմն երկրորդ դասակարգումը կը վերաբերի ուղղակի Կեզիի շարժման կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն, որոնք ի շարս այլ պահանջներու բարձրացուցած էին նաեւ սեռային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները:

Արեւմտեան լրատուամիջոցներու փաթեթին մէջ ներառուած է նաեւ «Տոշան մետիա» խումբը, որուն մաս կը կազմեն «Սի. Էն. Էն. թիւրք»-ը, «Ռատիքալ»-ն ու «Հիւրրիյէթ»-ը:

Այս յայտարարութիւնը մտահոգած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որուն մամլոյ քարտուղարի պաշտօնակատար Մերի Հարֆ ըսած է. «Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին ազատ արտայայտուելու իրաւունքի պահպանման, եւ մենք մտահոգուած ենք Թուրքիոյ մէջ ազատ արտայայտուելու իրաւունքին իշխանութիւններու միջամտութեան դէպքերով»:

Դիւանագէտը ընդգծեց, որ իրենք միանշանակ կը քննադատեն Էրտողանի կողմէ հայերու, լրագրողներու եւ սեռային փոքրամասնութիւններուն հասցէին հնչեցուած մեղադրանքները:

«Անկախ լրատուամիջոցները որեւէ ժողովրդավարական հասարակութեան պարտադիր մասն են, եւ իբրեւ Թուրքիոյ դաշնակից` մենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք երաշխաւորելու ժողովրդավարական չափանիշներու կիրարկումը», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի պաշտօնակատարը:

Յայտարարութենէն այնպէս կը հասկցուի, որ Միացեալ Նահանգներու համար հիմնական մտահոգութիւնը կը վերաբերի արեւմտեան լրատուամիջոցներուն` «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին, «Սի. Էն. Էն.»- ին եւ «Պի. Պի. Սի.»-ին:

Վերադառնանք Էրտողանի յայտարարութիւններու համեմատականութեան: Էրտողան այսպիսով կ՛ընդունի, որ Թուրքիան տկարացնելու եւ մասնատելու վտանգին մէջ հայկական լոպին ազդեցիկ դեր ունի:

«Ա.»

Նախորդը

Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Յաջորդը

Սպանական Ֆութպոլ. Էլչէ Փոխադրուեցաւ Ա. Դասակարգ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?