Հայութիւնը Քեսապի Վերադարձով` Ազգովին Յաղթական
ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ «Պարէ՛, Սասո՛ւն, թող աշխարհն իմանայ, որ պար չէ սա, այլ մի ողջ ժողովուրդի յաղթանակ ...»: Հայոց նորագոյն պատմութեան ոսկեայ էջերուն մէջ արձանագրուեցան ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ մասնաւորապէս Կիլիկիոյ վերջին պատառիկին` Քեսապին ու քեսապցիներու սքանչելագործ տոկունութեան եւ ապագայատեսիլ յուսալքութեան ազդամիջոցը 15 յունիս 2014-ի Քեսապի տարածքային վերադարձովը, ողջ հայութեան, հայոց ցեղասպանութենէն թէկուզ հարիւր տարի ետք, բռնագրաւուած հողերու եւ բռնաբարուած իրաւունքներու...


















