ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ մէջ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն այլ փոքրամասնութեանց անդամներու կողքին երեք հայեր` Կարօ Փայլան (Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւն), Սելինա Տողան (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն) եւ Մարգար Եսայեան (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն) ընտրուեցան Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ: Մօտ օրէն տեղի ունենալիք երեսփոխաններու երդման արարողութենէն ետք, անոնք պաշտօնապէս պիտի ստանձնեն իրենց աթոռներն ու պարտականութիւնները եւ իրենք զիրենք պիտի գտնեն ազգայնականներու եւ ազգայնամոլներու կողմէ յարատեւ հաւատաքննութեան կացութեան մէջ:
Անոնցմէ երկուքը` Կարօ Փայլանն ու Սելինա Տողանը տարբեր աստիճանի ծանր ու դժուար պարտականութիւն մը ստանձնած են: Այս երկուքէն Փայլան աւելի բախտաւորն ու համեմատաբար աւելի ապահովն է, որովհետեւ իր թիկունքին ունի Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրները, 5,8 միլիոն քուէարկողները, իր կուսակիցներն ու երեսփոխանական պլոքի 79 անդամները: Իր թեկնածութիւնը առաջադրած կուսակցութեան անդամ չեղող Տողան աւելի խոցելի է, որովհետեւ նոյնիսկ այդ կուսակցութեան անդամներուն եւ երեսփոխաններուն կողմէ կրնայ հալածուիլ:
Նշեալ երկու նորընտիր երեսփոխանները պէտք չէ առանձին ձգել, այլապէս պիտի վերածուին դիւրին թիրախներու եւ, ֆիզիքական կամ քաղաքական գետնի վրայ, ենթարկուին մեկուսացուած Հրանդ Տինքին ճակատագիրին:
Այդ պարտականութիւնը կարելի չէ վստահիլ պոլսահայութեան, որ տինքեան քննութեան մէջ, ըլլայ այդ անոր կենդանութեան, թէ մահէն ետք, ձախողեցաւ եւ հարիւրամեայ հալածանքներու եւ ճնշումներու իբրեւ հետեւանք ստեղծուած բարոյահոգեբանական պատճառներով ընդհանրապէս ունի կրաւորական կեցուածք: Այս առումով մեծ յոյս կարելի չէ կապել համայնքի մը, որմէ միայն փոքրամասնութիւն մը մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն, իսկ բացակայութիւն արձանագրածներէն ոմանք սարսափահար, մինչեւ իսկ երկու օր իրենք զիրենք բանտարկեցին իրենց տան մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Մարգար Եսայեանի` անոր պարագան այլ է: Հայազգի յօդուածագիրը Էրտողանի թունդ ջատագով ու պաշտպան մըն է` Մահճուբեանի մէկ «կատարելագործուած» տարբերակը: Անոնք երկուքն ալ կ՛աշխատակցէին կիւլենամէտ «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին եւ Կիւլեն-Էրտողան ապահարզանէն ետք, նշեալ օրաթերթէն հեռանալով միացան էրտողանամէտ «Սապահ» օրաթերթին: Եսայեան այժմ կանգնած է քննութեան մը առջեւ, որուն հիմամբ պիտի վճռուի այն հարցը, թէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մօտ հայութեան ներկայացուցի՞չն է, թէ հայութեան մօտ Արդարութիւն եւ բարգաւաճումի ներկայացուցիչը: Այս վերջին հաւանական ընտրանքը որդեգրելու պարագային, անոր գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկը պիտի ըլլայ Տողանին ու Փայլանին հակաճառելը:
Երեք երեսփոխաններ, երեք տարբեր պարագաներ, որոնք վստահաբար պիտի արժանանան բոլորիս ուշադրութեան: