Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Երեւանէն բերած էի «Հայաստանի քրտական ազգային խորհրդի պաշտօնաթերթ» «Զագրոս»-ը: ապրիլ 2015, թիւ 4, զոր կը բաժնէին Ծիծեռնակաբերդ:
Թերթին մէջ կը կարդանք, որ` «Հայաստանի ազգային փոքրամասնութիւնները յարգանքի տուրք են մատուցել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին»: Հայաստան փոքր երկիր է, բայց հոն ալ կան փոքրամասնութիւններ: Կ’անդրադառնար Հռոմի քահանայապետի ապրիլեան «յատուկ պատարագ»-ին, Ապտիւլլա Օճալանի տարեդարձին եւ անոր արտայայտութիւններուն` հայոց, եզիտիներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւններու մասին, գրուած էր, որ իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանին առաջարկ ներկայացուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին եւ այլն: Նշուած է նաեւ, որ Թուրքիոյ քրտական ժողովրդական քոնկրեսը «կոչ է արել ընդունել Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցել (ընդգծ. Յ. Պ.), արձագանգներ` հայանպաստ արտայայտութիւններու եւ այլն: 12 էջ լրատուութիւն:
Յիշուած եւ այլ դրական խօսքերուն մէջ տեղ մը կ’ակնարկուէր լերան մը մասին, զոր կոչած էին «Աղրի»: Գիտցողներ կան, չգիտցողներ ալ կան, որ այդ անուան ետին կայ աստուածաշնչական լեռը, դարերու խորքէն եկած եւ համայն աշխարհի կողմէ ընդունուած ԱՐԱՐԱՏ-ը: Այդքա՜ն բարի տրամադրութիւններով խմբագրուած թերթը ինչո՞ւ կ’ուզէ ընդհանրացնել այդ սրբազան լերան թրքացուած անունը, այդ ալ` Հայաստանի մէջ եւ հայատառ հայերէնով հրատարակուած իր էջերուն մէջ: Չգտնուեցա՞ւ բարի կամեցողութիւն ունեցող հասարակաց բարեկամ մը` յիշեցնելու համար, որ այդ լեռը «Աղրի» կոչել փոխան Արարատի` էջերուն մէջ խօսուած ճանաչման եւ «փոխհատուցելի»-ին տրամագծօրէն հակառակն է: Արդեօ՞ք պէտք է հասկնալ, որ բռնագրաւուած հայոց սրբազան լեռն ալ փոխհատուցելի է: Պահ մը կանգ պէտք է առնել եւ հարցնել. «Ինչպէ՞ս, ինչո՞վ փոխհատուցել»®
Այս փոխհատուցելը կարծէք մտած է հայկական հարցով հեռուէն մօտէն առնչուողներու բառապաշարին մէջ` փոխարինելով արդարութեան տարազ մը, որ պէտք էր ըլլար, ըլլայ, հայոց իրաւունքի վերականգնումը: Իրաւունքի վերականգնման տարազը կ’անհանգստացնէ, ճիշդ է, քանի որ ուժի վրայ հիմնուած եւ շահախնդրութիւններով օրինականացուած անարդարաութիւններու վերատեսութեան հարց կը դրուի այդ պարագային, ինչ որ հիմնովին տարբեր է բարոյական-մխիթարական նշանակութիւն ունեցող ճանաչումներէ եւ ազգային հարց մը նպաստներով փակելու ճապկումներէ: Թէ Հայաստանի քրտական թերթն ալ կը կրկնէ մեր կողմէ իսկ գրուող եւ կրկնուող «փոխհատուցում»-ը, չի զարմացներ:
Հայոց ազգային հարցի հետապնդման համար «եզրաբանական» ճշդումներու համար բանիմացներու հանդիպում մը ինչո՞ւ չկայացնել, որպէսզի օր մը յանկարծ մենք չթակարդուինք մեր իսկ որդեգրած տարազներով, երբ օր մը կարելի ըլլայ նստիլ բանակցութեան սեղանին շուրջ, որպէսզի չըսուի, թէ ի՛նչ կ’ըսէիք առաջ եւ ի՞նչ կ’ըսէք հիմա: Եթէ «Արարատ»-ը ուզեն փոխհատուցել վեց «Պոյինկ» եւ վեց «Էրպիւս» օդանաւերով, որպէսզի, ունենալով մեր առեւտրական օդանաւային տորմիղը, կարենանք յառաջդիմել տնտեսապէս` զարգացնելով մեր պետութեան հաղորդակցութիւնները. ի՞նչ պէտք է պատասխանել: Փոխհատուցում պահանջողին նման առաջարկ ներկայացնել անբնական չէ, նպարավաճառի (պախալ) հոգեբանութեամբ քաղաքագէտներ կրնան գտնուիլ, ներսը եւ դուրսը, ընդունելու համար նման առաջարկ (եթէ չամչնան):
Բառերը մտածում կը թելադրեն եւ քաղաքականութեան պարագային յանձնառու կը դարձնեն ազգը եւ գալիք սերունդները:
Ցեղասպանութիւնը եւ հայաշխարհի բռնագրաւումը ինքնաշարժի արկած (աւտովթար) չեն, որպէսզի կարելի ըլլայ սխալը եւ վնասը դարմանել հատուցումով, դատարանով կամ համաձայնութեամբ: Այս տարրական ճշդումը պէտք է որ մտնէ ազգի մեծերու եւ նուազ մեծերու բառապաշարին մէջ, երբ հաղորդակցական միջոցները կը խճողենք եւ բարձրախօսները կ’անհանգստացնենք:
Այս փոխհատուցումն ալ իր տեղը գրաւած է թութակաբար կրկնուող ծագումով հայ եզրի շարքին, մեր բարեկամներու բերնին եւ անոնց առջեւ մեր «սալամալեք»-ներու շատախօսական ճապկումներուն մէջ:
Ո՛չ փոխհատուցման:
Այլ` այո՛ հայոց իրաւունքներու վերականգնումին:
Այս պէտք է ըլլայ հայոց քաղաքականութեան (ըսենք` ռազմավարութիւն կամ մարտավարութիւն) առաջնորդող գիծը:
Այս եզրերը ճշգրտութեամբ հարկ է սահմանել այն բոլոր լեզուներով, որոնցմով կ’արտայայտուինք մեր իրաւունքը վերականգնելու համար: Անհնար չէ այսքան համադրական ճիգ ընել:
30 մայիս 2015, Քուինզ, Նիւ Եորք