Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայութիւնը Քեսապի Վերադարձով` Ազգովին Յաղթական

June 15, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ     

IMG-1617694b667b453f1c765ad7dbdc306f-V«Պարէ՛, Սասո՛ւն, թող աշխարհն իմանայ, որ պար չէ սա, այլ մի ողջ ժողովուրդի յաղթանակ …»:

Հայոց նորագոյն պատմութեան ոսկեայ էջերուն մէջ արձանագրուեցան ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ մասնաւորապէս Կիլիկիոյ վերջին պատառիկին` Քեսապին ու քեսապցիներու սքանչելագործ տոկունութեան եւ ապագայատեսիլ յուսալքութեան ազդամիջոցը 15 յունիս 2014-ի Քեսապի տարածքային վերադարձովը, ողջ հայութեան, հայոց ցեղասպանութենէն թէկուզ հարիւր տարի ետք, բռնագրաւուած հողերու եւ բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման:

Քեսապը աստուածատուր ժառանգ ու կտակ է, իսկ քեսապցին` անոր պաշտպան ժառանգորդը, որ պողպատեայ կամքով դարերու արհաւիրքներուն տոկացած, հերոսական ներկայութեամբ Կասիոսի լանջերուն զայն իր բնատուր գեղեցկութեամբը պահպանած եւ ներկայի պատշաճութեամբ Սուրիոյ զբօսաշրջային այժմէականացած ու գեղեցկագոյն վայրերէն մէկուն վերածած է:

Քեսապցին ազգային վեհագոյն արժէքներով թրծուած ընտիր օրինակ մըն է, որ իր իւրայատկութիւններով ու ազգանուէր զաւակներով կերտած է պանծալի անցեալ` երբեմն ոսկեայ եւ երբեմն ալ կարմիր գիրերով, ինչպէս վերջին` երրորդ տեղահանութեան ընթացքին շատեր կենդանի զոհողութիւններ մատուցեցին, իսկ շատեր ալ նահատակուեցան ու վէրքեր կրեցին, որպէսզի իրենց հայրենակիցներն ու զաւակները ապրին իրենց պապենական օճախէն ներս:

Անցնող պատերազմական տարիներու ընթացքին Սուրիոյ իշխանութեան եւ բանակի ուժական ու դրական ներկայութիւնը, կատարած զոհողութիւններն ու տուած նահատակները ապահովագրեցին քեսապցիներուն ներկայութիւնը Քեսապէն ներս, ըստ կարելւոյն` պաշտպանեցին տեղահանութեան օրերուն 21-22 մարտ 2014-ին, եւ ոչինչ խնայեցին վերադարձնելու զայն իր իրաւատէրերուն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Բերիոյ հայոց թեմի, առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին ու Ազգային իշխանութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան նիւթաբարոյական աջակցութիւնը վայելեց ու կը շարունակէ վայելել քեսապցին:

Համահայկական ու բռունցքային հայավայել պոռթկումը ի դէմս աշխարհի անարդար լռութեան, սաստեց օրինազանցութիւն մը, պաշտպանեց մարդկային իրաւունք մը եւ բացայայտեց Թուրքիոյ օսմանամիտ ներկայ իշխանութիւններուն ցեղասպան նախահայրերուն լիիրաւ ժառանգորդ ըլլալու հանգամանքը, դատապարտելով նոյն թշնամիին ուղղակի միջամտութիւնը` ե՛ւ ռազմականօրէն, եւ դատարկելով հայաւան Քեսապը:

Քեսապցին ազգային մեր իտէալներուն եւ երազներուն մատչելի տեսիլքն է ու ներշնչարանը` մեր տեսիլքներուն: Անոր գոյատեւումով կը շարունակուի ամբողջ հայութեան գոյապայքարը Կասիոսէն մինչեւ սրբազան լեռ` Արարատ:

Արդ, ապրէ՛ անսասան` ամրագրուած հաւատքով, «փոքր ածու»-ի նուիրական ու ստեղծագործ ոգիով, յարատեւէ՛ վերականգնումի կամքով, յառաջդիմէ՛ մշակութային ու գոյապայքարի լուսաճեմ ճանապարհի վրայ, թէկուզ` համահայկական հսկայ բերդին մէկ փոքր աղիւսը ըլլալու:

Քեսապի նախկին Հոգեւոր Հովիւ`
ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ     

 

Նախորդը

Թերթատելով Հայաստան Լոյս Տեսնող Քրտական «Զագրոս» Թերթը

Յաջորդը

Ռեքսը

RelatedPosts

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը
Անդրադարձ

Անհնար Է Առանց Յուզուելու Նայել Այս Երեխաների Ապրումներին, Յոյզերին Եւ Թաց Աչքերին, Երբ Հպարտութեամբ Հնչեցնում Են Արցախի Օրհներգը

September 17, 2026
Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան`  Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի  Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար
Անդրադարձ

Լիբանանահայ Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան` Հայաստանի Պետական Սենեկային Նուագախումբի Չինաստանի Եւ Հնդկաստանի Ելոյթներու Մենակատար

September 17, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Վերամուտ

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.